«Սուրբ Յովսէփին» նուիրուած արտակարգ տարի. «Սուրբ Յովսէփին» նուիրուած արտակարգ տարի. 

Քահանայապետը « Patris corde» առաքելական նամակով հաստատեց «Սուրբ Յովսէփին» նուիրուած արտակարգ տարի.

Սուրբ Յովսէփին տիպարը անձնուիրումն է։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրեցեալ  հայր, հայր քնքշութեամբ, հնազանդութեամբ եւ հիւրընկալութեամբ, Հայր ստեղծագործական համարձակութեամբ, աշխատասէր, միշտ շուքի տակ»։ Այս բառերով որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը նկարագրէ Սուրբ Յովսէփը։ Այս կ՛ընէ «Patris corde – Հօր մը սրտով» առաքելական նամակին մէջ, որ լոյս տեսաւ այսօր՝ Պիոս Թ Քահանայապետի կողմէ 8 դեկտեմբեր 1870-ին Սուրբ Կոյս Մարիամի փեսան,  որպէս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբ հռչակումին 150րդ տարեդարձին օրը,  որուն առիթով Սրբազան Քահանայապետը 8 դեկտեմբեր 2021էն սկսեալ հաստատեց յատուկ «Տարի» նուիրուած Սուրբ Յովսէփին։

Առաքելական նամակի հիմքին մէջ կայ Covid-19 համաճարակը, որ, - կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը – մեզի ստիպեց հասկնալ հասարակ մարդոց կարեւորութիւնը, անոնք որոնք հեռու ենք ուշադրութեան կեդրոնէն, եւ ամէն օր համբերատար կերպով կը ներշնչեն յոյս սերմանելով պատասխանատու թիւն։ Այնպէս ինչպէս էր Սուրբ Յովսէփը որ աննկատ կերպով կ՛անցնի, առօրեայի ներկայութեան մարդը, զուսպ ու թաքնուած։

Բայց եւ այնպէս ան  «փրկութեան պատմութեան մէջ անօրինակ դերակատարութիւն ունի»: Սուրբ Յովսէփը իր հայրութիւնը յստակօրէն արտայայտեց «իր կեանքը դարձնելով ի սիրոյ զոհ դրուած Մեսիայի ծառայութեան տակ»: Եւ այս պատճառով է որ ան «միշտ շատ սիրուած է քրիստոնեայ ժողովրդի կողմէն» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ Սուրբ Յովսէփը հայր է նեաւ  Աստծոյ  հնազանդութեան մէջ. Իր «թող ըլլայ» խօսքով Ան կը փրկէ Մարիամը  եւ Յիսսուսը եւ իր զաւկին կը սորվեցնէ կատարել Աստուծոյ կամք։ 

Յովսէփ ապա հայր է «հիւրընկալութեան» մէջ որովհետեւ իր մօտ առաւ Մարիամը առանց նախապայմաններու։

Սուրբ Յովսէփը ունեցաւ նաեւ ստեղծագործական քաջութիւն, որ գիտէ հարցերը փոխակերպել հնարաւորութեան, միշտ յոյսը դնելով նախախնամութեան վրայ։  Ան քաջաբար կը դիմակայէ իր Ընտանիքին հարցերը այնպէս ինչպէս կ՛ընեն շատ մը ընտանիքներ, յատկապէս գաղթական ընտանիքներ։  Ան մեզի կը սորվեցնէ «ուրախութիւնը, արժէքն ու արժանապատուութիւնը հացը ուտելու իր ճակատի քրտինքով» կը գրէ ապա Սրբազան Պապը յատուկէն շեշտը դնելով աշխատանքի կարեւորութեան վրայ։ 

Հայրեր չենք ծնիր այլ կը դառնանք կը հաստատէ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով թէ այսօրուան ընկերութեան մէջ շատ մը զաւակներ նման են առանց հօր որբերու։ Մինչ Սուրբ Յովսէփին տիպարը անձնուիրումն է։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2020, 12:00