Ընտանեկան սիրոյ վկայութիւնը։ Ընտանեկան սիրոյ վկայութիւնը։  

Յատուկ տարի վկայելու համար ընտանեկան սիրոյ ուրախութիւնը։

Հոգեւոր, հովուական եւ մշակութային ձեռնարկներ ընկերանալու համար ընտանիքներուն մեր այս ժամանակներու մարտահրաւէրներուն մէջ։ Այս մէկը կ՛առաջարկէ Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Ժողովը, որ կը միտի թիկունք կանգնիլ ժողովրդապետութիւններուն, Թեմերուն, համալսարաններուն եւ ընկերակցութիւններուն՝ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հռչակուած «Ընտանիքը սիրոյ ուրախութիւն» յատուկ տարուայ տօնախմբութեան ընթացքին, խորացնելու համար ընտանեկան սիրոյ նուիրուած «Ամորիս Լեթիցիա» յետ սիւնհոդոսական առաքելական յորդորագիրը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

19 մարտ 2021-ին՝ ընտանիքի սիրոյ ու գեղեցկութեան նուիրուած «Ամորիս Լեթիցիա – Սիրոյ Ուրախութիւն» առաքելական յորդորագիրի 5-րդ տարեդարձին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը բացումը պիտի կատարէ «Ընտանեկան սիրոյ ուրախութիւն» Տարուան, որ պիտի աւարտի 26 Յունիս 2022-ին Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ Հռոմի մէջ կայանալիք Ընտանիքներու համաշխարհային 10-րդ օրուան առթիւ։

Ընտանիքը տնային եկեղեցի։

«Համաճարակի փորձառութիւնը աւելիով լուսարձակի տակ դրաւ ընտանիքի կեդրոնական դերը, որպէս տնային եկեղեցի եւ բացայայտեց ընտանիքներու միջեւ կապերու կարեւորութիւնը» գրուած է այս առթիւ Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի ժողովի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ ուր ընդգծուած է թէ «Ընտանիքը սիրոյ ուրախութիւն» տարւոյն առթիւ հոգեւոր, հովուական եւ մշակութային ձեռնարկներու միջոցաւ Քահանայապետը կը փափաքի դիմել աշխարհի բոլոր եկեղեցական հասարակութիւններուն, խրախուսելով իւրաքանչիւր անհատ դառնալու ընտանեկան սիրոյ վկայ։

Կազմաւորումի գործիքներ հասարակութեան ծառայութեան ի սպաս։

Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի ժողովը ժողովրդապետութիւններու, թեմերու, համալսարաններու, եկեղեցական շարժումներու եւ ընտանեկան ընկերակցութիւններու տրամադրութեան տակ պիտի դնէ «ընտանեկան հոգեւորականութեան, ու կազմաւորումի գործիքներ ու այդ ուղղութեամբ պիտի կազմակերպուին ակադեմիական միջազգային գիտաժողովներ խորացնելու համար առաքելական յորդորագիրի պարունակութիւնը, առնչուած արդիական  խնդիրներու հետ, որոնք կը հետաքրքրեն աշխարհի համայն ընտանիքները։

Բազմաթիւ լեզուներով կայքէջ

Ի տես յառաջիկայ 19 Մարտի  նախատեսուած բացման արարողութեան Վատիկանեան վերոնշեալ Ժողովը պատրաստեց յատուկ մէկ ծանուցողական գրքոյկ մը, զոր կարելի է ձեռք բերել www.amorislaetitia.va կայքէն որ հրապարակուած է հինգ լեզուներով Անգլերէն, Ֆրանսերէն, Սպաներէն, Փորթուկալներէն եւ Իտալերէն։

«Ընտանիքը սիրոյ ուրախութիւն» Տարուայ նպատակները։

Վերոնշեալ տարուան նպատակները պարունակուած են նոյնինքն յորդորագիրին մէջ, որոնցմէ առաջինն  «փորձարկել տալն է ընտանիքի Աւետարանը, որ ուրախութիւն է, զոր կը լեցնէ սիրտը ու համայն կեանքը», որովհետեւ ընտանիք մը, որ կը փորձարկէ պարգեւ մը ունենալու ուրախութիւնը ապա նաեւ ըլլալու պարգեւ Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան համար, կրնայ դառնալ լոյս՝ աշխարհի մթութեան մէջ։  Երկրորդ նպատակը ամուսնութեան խորհուրդի թանկ արժէքը հռչակելն է, որ իր մէջ ունի ուժը փոխակերպելու մարդկային սէրը, ապա ընտանիքները դարձնել դերակատարներ ընտանիքի հովուական խնամատարութեան ծիրէն ներս ու երիտասարդները իրազեկ դարձնել Սիրոյ ճշմարտութեան եւ անձ նուիրումի ուղիով կազմաւորումի կարեւորութեան։

Բազմաթիւ են արդարեւ ձեռնարկները, որ կարելի է իրագործել Տարւոյն ընթացքին աւելիով ի յայտ դնելու համար Ընտանիքին կարեւորութիւնը, անոր կեդրոնական դերը եկեղեցւոյ ու ընկերութեան կեանքէն ներս, յատուկ ուշադրութիւն տրամադրելով ճգնաժամի մէջ ապրող զոյգերուն, ինչպէս նաեւ տարեցներուն, յաղթահարելու համար անտարբերութեան մշակոյթը։ Ապա երիտասարդներուն հետ միասին խորհրդածել ու դիմակայել կարեւոր նիւթեր ինչպէս ընտանիքը, ամուսնութիւնը, ողջախոհութիւնը, կեանքի նկատմամբ բացուածք, ընկերային ցանցերու գործածութիւնը, աղքատութիւնը եւ արարչութեան յարգանքը։ Այս բոլորը առանց մոռնալու նաեւ մանուկները։

Ընտանիքի եւ Եկեղեցւոյ միջեւ փոխադարձութիւն։

Յատուկ մէկ այլ երեւոյթ, որ ի յայտ կու գայ «Ընտանիքը սիրոյ ուրախութիւն» Տարւոյն ծիրէն ներս, կամքն է՝ ամուսնացեալ զոյգերը ներգրաւել եկեղեցական կառոյցներուն մէջ, կազմակերպելու համար Ընտանիքի հովուական խնամակալութիւնը, ու խորացնելու հովուական գործիչներուն կազմաւորումը։ Այս ուղղութեամբ հարկաւոր է ի գործ դնել Ընտանիքի եւ Եկեղեցւոյ միջեւ փոխադարձութիւնը յայտնաբերելու համար որ անոնք մէկը միւսին համար անփոխարինելի պարգեւ են։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/12/2021, 19:28