Քովիտ-19 վիրուսի հիւանդ մը Քովիտ-19 վիրուսի հիւանդ մը 

Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթեց համաճարակի պատճառաւ սուգի եւ դժուարութեան մէջ ապրող ընտանիքներուն համար։

Կը մտածեմ նաեւ բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն ու առողջապահական մարի բոլոր գործիչներուն, որոնք առաջնագիծի վրայ մեծ յանձնառումը՝ դիմակայելու համար վիրուսի տարածումը էական հետեւանքներ ունեցաւ ընտանեկան կեանքին վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 27 դեկտեմբերի կէսօրին առաքելական պալատի մատենադարանէն ուղիղ եթերի միջոցաւ արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով ընկերային հաղորդամիջոցներու շնորհիւ իրեն  հետեւող հաւատացեալներուն նշեց՝թէ  այդ պահուն իր մտածումը կ՛երթայ յատուկ կերպով այն ընտանիքներուն, որոնք այս ամիսներու ընթացքին կորսնցուցին հարազատ մը կամ դժուարութեան մատնուեցան համաճարակի հետեւանքներու պատճառաւ։

Կը մտածեմ նաեւ բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն ու առողջապահական մարզի բոլոր գործիչներուն,  որոնց առաջնագիծի վրայ մեծ յանձնառումը՝ դիմակայելու համար վիրուսի տարածումը էական  հետեւանքներ ունեցաւ ընտանեկան կեանքին վրայ։

«Այսօր մասնաւորապէս Տիրոջ կը յանձնեմ իւրաքանչիւր ընտանիք, յատկապէս անոնք որոնք ճնշուած են կեանքի դժուարութիւններէն ու անհասկացողութեան եւ բաժանումի վէրքերէն» ըսաւ  Նորին Սրբութիւնը, Բեթղեհէմի մէջ ծնած Տիրոջմէն հայցելով անդորրութիւն եւ ուժ քալելու միասին բարիի ուղիին վրայ։

Քահանայապետը ապա ակնարկեց կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան ընթացքին առաջարկած երեք բանալի բառերուն՝ «որոնք կ՛օգնեն պահպանելու ընտանիքի միութիւնը» ըսաւ Ան։  «Եթէ կը բարեհաճիս», յարգելու համար ուրիշները, «շնորհակալութիւն», ապա «ներողութիւն» երբ սխալ մը կը գործենք։ Եւ այս «ներողութիւն» բառը օգտագործել երբ վիճաբանութիւն կայ ու այդ ընել առաջ որ օրը վերջանայ, հաշտուիլ օրի աւարտէն առաջ», յորդորեց  Սրբազան Պապը ու բոլորին մաղթեց բարի կիրակի խնդրելով՝ որ չի մոռնան աղօթելու իրեն  համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/12/2021, 12:45