Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի գմբեթը Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի գմբեթը 

«Փնտռել Ծննդեան լոյսը որ կարող է փառատել ցաւի եւ խաւարի մթութիւնը» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Ծննդեան համերգի արուեստագէտներուն ըսաւ «Այս համաճարակին յառաջացուցած մոլորումին մէջ ձեր ստեղծագործութիւնը կարող է լոյս ստեղծել»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ՝ 12 դեկտեմբեր 2020ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Ծննդեան առթիւ կազմակերպուած համերգին մասնակցող արուեստագէտներուն ու այս առթիւ անոնց ուղղած իր բարի գալուստի խօսքը սկսաւ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ներկայութեան համար։

«Այս տարուայ Ծննդեան «զսպուած» լոյսերը  առիթ են աղօթքի եւ յիշատակելու բազմաթիւ այն անձերը, որոնք տառապեցան ու կը տառապին համաճարակի պատճառաւ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով, թէ ինչպէս այդ իրավիճակին մէջ «բոլորս աւելի զօրեղ  զգացինք մեզ իրար կապող «փոխկախուածութիւնը» եւ ասկէ մեկնելով մտորումներ ներկայացուց «արուեստի ու անոր դերակատարութեան մասին։

Արուեստական ստեղծագործութեան մէջ կարող ենք գտնել երեք շարժումներ «առաջինը զգացումներու» շարժումն է որ արտաքին է եւ իր կարգին կը յառաջացնէ աւելի խոր շարժումներ։ Երկրորդը որ կը դպչի մարդուն ներաշխարհին այդ գոյներու, խօսքերու եւ  հնչիւններու բաղադրութիւնն է,  որ ուժն ունի դպչելու մարդու հոգիին ու կը յառաջացնէ յիշատակներ, պատկերներ, զգացումներ։ Մինչ երրորդ շարժումը գեղեցկութեան ընկալումն է, որ  յոյսի զգացողութիւն կը յառաջացնէ եւ որ կը ճառագայթէ  շրջապատող աշխարհի վրայ։ Այդ պահուն արտաքին ու ներքին աշխարհի շարժումները կը միաձուլուին ու իրենց կարգին կը յառաջացնեն կարեկցանք, որ կարող է միւսը հասկնալ։

«Այս երրեակ սքանչելի շարժումը, կը ստեղծէ խաղաղութեան զգացում մը, որ, ինչպէս զայն կը վկայէ Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսը, մեզ կ՛ազատէ ուրիշի վրայ գերակշռելու զգացումէն ու մեզի կը հասկցնէ թէ վերջիններուն դժուարութիւնները մեզ կը մղեն ներդաշնակութեամբ ապրելու ուրիշներուն հետ», յարեց Սրբազան Պապը մէջբերելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին խօսքերը, «արուեստագէտները պէտք չէ իրենց  «քանքարները» վատնեն այլ զանոնք զարգացնեն ու դնեն համայն մարդկութեան ի սպաս»։

«Այս համաճարակին յառաջացուցած մոլորումին մէջ ձեր ստեղծագործութիւնը կարող է լոյս ստեղծել», ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով զանոնք փնտռել Ծննդեան լոյսը, որ կարող է փառատել ցաւի եւ խաւարի մթութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն  յայտնելով ներկաներուն իրենց ցուցաբերած  զօրակցութեան համար։

«Ձերը վեհանձն ու յանձնառու կոչում մըն է փոխանցելու համար ճշմարտութիւն եւ գեղեցկութիւն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  որ ապա շնորհակալական խօսք արտայայտելով  նաեւ «Տոն Պոսքոյի Առաքելութիւններու» եւ «Սքոլաս Օքուրենթէս» հաստատութիւններուն, որոնք կազմակերպած են համերգը եւ, որոնք «յանձնառու են պատասխանելու կրթական ու առողջապահական ճգնաժամին իրենց  «Կրթութեան համընդհանուր պայմանագիր»ին ներշնչուած ծրագիրներով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2020, 10:22