«Համաճարակի տառապանքներուն մէջ եւս Յիսուս «Նշանն» է, որ Աստուած կը պարգեւէ աշխարհին». Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ Սուրբ Պետրոսի տօնածառին ու մսուրին այս տարուայ նուիրատուներու պատուիրակութեան հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 11 դեկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախ մասնակցեցաւ Յիսնակացի առթիւ ուրբաթ օրուայ խորհրդածութեան նիստին զոր ներկայացուց Քահանայապետական Տան Քարոզիչը Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսան, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ի ներկայութեան Վատիկանի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն։

Սրբազան Պապը հուսկ առաքելական պալատի Քլեմենթինա դահլիճին  մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ զետեղուած տօնածառի ու մսուրի նուիրատուներուն։

Յայտնենք թէ այս տարուայ Ս. Ծննդեան  աւանդական տօնածառը նուէրն է Սլովենիայի մինչ Մսուրը՝ Իտալիոյ Թերամօ նահանգի Քասթելլի քաղաքին։

Եղեւնիի տօնածառը ունի 28 մեթր բարձրութիւն եւ 70 սմ լայնքով ու ժամանած է  Սլովենիայի «Kočevje» քաղաքէն։

Տօնածառի եւ Սուրբ Մսուրի բացման արարողութիւնը  նախատեսուած է  այսօր 11 դեկտեմբերի յետմիջօրէի 17-ին՝ Վատիկանի կառավարութեան նախագահ  Կարդինալ Ճուզեփփէ Պերթելլոյի ու կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Ֆերնանտօ Վերկէս Ալզակայի նախագահութեամբ, ու տօնածառի եւ մսուրի նուիրատուներու մասնակցութեամբ։

Սրբազան Քահանայապետը Սլովենիայէն եւ Ապրուցցօ Մարզէն ժամանած պատուիրակութիւններուն հետ հանդիպումի ընթացքին ողջունելով ներկաները վերյիշեց թէ այսօր յետմիջօրէին բացումը կը կատարուի Սուրբ Ծննդեան այս երկու «սրբանշաններուն», հաստատելով թէ այս տարի անոնք աւելիով յոյսի նշան են, ըլլայ Հռովմէացիներուն, ըլլայ ուխտաւորներուն համար, որոնք առիթը պիտի ունենան այցելելու Սուրբ Պետրոսը։

«Տօնածառն ու մսուրը կը սատարեն ստեղծելու ծննդեան պատեհ մթնոլորտ հաւատքով ապրելու համար Փրկչին Ծննդեան խորհուրդը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ մսուրին մէջ ամէն ինչ կը խօսի աղքատութեան մասին, աւետարանական աղքատութիւնը,  որ մեզ Երանելի կը դարձնէ։ Խոկալով Սուրբ Ընտանիքի ու այնտեղ զետեղուած տարբեր անձնաւորութիւններու մասին մենք ներքաշուած ենք անոնց զինաթափող խոնարհութեամբ։ Սուրբ Յովսէփն ու Տիրամայրը Նազարէթէն եկան մինչեւ Բեթղեհէմ. Անոնց համար տեղ չկար, ոչ իսկ փոքրիկ սենեակ մը։ Եւ Սուրբ Յովսէփը կը ջանայ վայր մը յարմարացնել Տիրամօր ու Մանուկին ամար։   Հովիւները մսուրին դերակատարներն են, Աւետարանի նման անոնք կ՛ապրին բացօթեայ։ Հրեշտակներուն աւետիսը անոնց համար է եւ անոնք կը փութան փնտռելու Փրկիչը որ ծնաւ։

Սուրբ Ծնունդի տօնը մեզի կը յիշեցնէ որ Յիսուս մեր Խաղաղութիւնն է, մեր ուրախութիւնն է, մեր զօրութիւնն ու մեր սփոփանքն է։ Սակայն ընկալելու համար այս շնորհքի պարգեւները պէտք է մենք մեզ փոքրիկ զգանք, աղքատ եւ հեզ, մսուրի անձնաւորութիւններու նման։

«Այս Ծնունդին եւս, համաճարակի տառապանքներուն մէջ, Յիսուս, փոքր եւ անպաշտպան, «Նշանն» է, որ Աստուած կը պարգեւէ աշխարհին» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ակնարկով նաեւ անցեալ տարի հրապարակած մսուրի մասին իր «Հիանալի նշան» նամակին ու հրաւիրելով զայն կարդալ այս օրերուն։

Սրբազան Պապը խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին, ներկայ թէ բացակայ, որոնք իրականացուցին մսուրի եւ տօնածառի աշխատանքը։

«Աստուած ձեզ վարձատրէ ձեր տրամադրութեան ու վեհանձնութեան համար» ըսաւ Քահանայապետը ու բոլորին մաղթեց Սուրբ Ծննդեան տօն մը՝ լի յոյսով, անոնց վստահեցնելով իր աղօթքները ու խնդրելով, որ իրենք եւս աղօթեն իրեն համար։ Շնորհաւոր Սուրբ  Ծնունդ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2020, 10:30