Ֆրանչիսկոս Պապը 84 տարեկան, աշխարհը սրտին մէջ։

Այս ժամերուն կը բազմապատկուին Ֆրանչիսկոս Պապին ուղղուած տարեդարձին առթիւ բարեմաղթութիւնները։ Սիրոյ խճանկար մը կը պարուրէ Քահանայապետը համաճարակի ողբերգական եւ «կասեցուցած» այս տարուայ մէջ։ Տեսահոլովակ մը կը ներկայացնէ լուսանկարներու հաւաքածոյ մը Քահանայապետութեան ամենագեղեցիկ եւ բուռն պահերուն, ժպիտներ, ողջագուրումներ, ու ժամանակի մօտիկութիւնը, որ այժմ հեռու կը թուի, այն պահէն երբ աշխարհը հնարաւորինս այնքան շուտ վերագտնէ զայն։

Վատիկան Նիուզ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդմամբ «Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը իր տարեդարձը կը տօնէ պարզութեամբ աղօթքով եւ գոհաբանութեամբ եւ Սանթա Մարթայի բնակիչներուն հետ բաժնեկցութեամբ»։

Աղքատներուն նուէրը

Աղքատները Քահանայապետի Ողորմաբաշխի միջոցաւ Նորին Սրբութեան նուիրեցին արեւածաղիկներ, որոնք այժմ կը զարդարեն Սանթա Մարթայի մատուրը յիշեցնելով հնարաւորութիւնը միշտ մեր կեանքի ուղղութիւնը սեւեռելու դէպի Տէրը, որ ներկայ է խոցելիներուն մէջ։

Թոքային շնչառութեան  գործիքներ  Վենեզուելլային

Սրբազան Պապը այս առթիւ  թոքային շնչառութեան 4 գործիքներ պիտի ուղարկէ Վենեզուելլային զանոնք յատկացնելով յատկապէս թոքային հիւանդութեամբ մանուկներուն։

Դեղորայք Իտալական քաղաքաներուն

Նշենք նաեւ թէ այլ մէկ Հաղորդագրութեամբ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց թէ Ողրամաբաշխութեան գրասենեակը որպէս Սրբազան Քահանայապետի մօտիկութիւնը եւ զօրակցութեան նշան անցեալ շաբաթ Նափոլի քաղաքին երէկ Պոլոնիա քաղաքին եւ այսօր Սիենա քաղաքին նուիրած է հարբուխի եւ պաղառութեան դէմ դեղորայք ինչպէս նաեւ դիմակներ եւ անձնական մաքրութեան  իրեղէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2020, 10:00