Որոնել

Սուրբ Պետրոսի տաճարը Սուրբ Պետրոսի տաճարը 

Ֆրանչիսկոս Պապ վաւերացուց Վատիկանի ֆինանսական տեղեկատւութեան մարմնի նոր սահմանադրութիւնը։

Վատիկանի ֆինանսական տեղեկատւութեան մարմնի սահմանադրութեան բարեփոխումը տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին խնդրանքով, Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներու լոյսին ներքոյ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ վաւերացուց Վատիկանի Ֆինանսական տեղեկատւութեան մարմնի նոր սահմանադրութիւնի, որ այսուհետ պիտի կոչուի ֆինանսական տեղեկատւութեան վերահսկիչ մարմին. (ASIF)։

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի ֆինանսական  տեղեկատւութեան մարմնի սահմանադրութեան բարեփոխումը տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին խնդրանքով, Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներու լոյսին ներքոյ, յատուկէն տնտեսական եւ ֆինանսական որոլտէն ներս, թափանցիկութեան եւ վերահսկողութեան ուժեղացման նպատակով։

Ֆինանսական վերահսկողութեան մարմնի նոր սահմանադրութեան մէջ ամենէն կարեւոր փոփոխութիւնները կը վերաբերին մարմնի կառավարման և կազմակերպչական կառուցուածքին, մարմնի տիտղոսին վրայ աւելցնելով վերահսկիչ եզրը։ Սոյն փոփոխութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ մարմնի նոր տիտղոսը համապատասխանեցնել իրեն իսկապէս յանձնարարուած առաջադրանքներուն։

Ֆինանսական տեղեկատւութեան մարմնի, դրամի լուացման եւ ահաբեկչական գործողութիւններուն հակազդելու նախնական պաշտօնին վրայ աւելցուած է վերահսկողութեան պաշտօնը, այն հաստատութիւններուն վրայ որոնք ծառայութիւն կը մատուցանեն Վատիկանի դրամատան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2020, 14:00