Մանուկ Յիսուս Մանուկ Յիսուս 

Համաճարակի պատճառաւ Ֆրանչիսկոս Պապը այս տարի մսուրին մէջ զետեղուելիք Յիսուսին արձանները օրհնեց ուղիղ եթերով։

«Մսուրին առջեւ աղօթելու ժամանակ թոյլ տանք որ ներքաշուինք Մանուկ Յիսուսի քնքշութենէն, Ան որ ծնաւ աղքատ եւ դիւրաբեկ մեր միջեւ որպէսզի մեզի պարգեւէ իր սէրը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով է որ աւանդութիւն դարձաւ Յիսնակաց շրջանի երրորդ  կիրակի օրուան  առթիւ բազմաթիւ հաւատացեալներ եւ յատկապէս մանուկներ՝ ժամանեն Սուրբ Պետրոսի հրապարակ, իրենց ձեռքը բռնած Յիսուս Մանուկի արձանիկներ, որոնք կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի աւարտին կ՛օրհնուին Քահանայապետի կողմէ, որպէսզի ապա զետեղուին տուներու, դպրոցներու եւ աշխտատեղիներու մսուրներուն մէջ։

Այս տարի սակայն համաճարակի պատճառաւ ստեղծուած արտակարգ իրավիճակի բերումով , կիրակի 13 դեկտեմբերին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ներկայ գտնուեցան շատ փոքր թիւով հաւատացեալներ, որոնց իր խօսքը ուղղելով Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ. «Կ՛ուզեմ յատուկէն ողջունել այդ փոքրիկ խումբը, որ այստեղ կը գտնուի, որպէս ներկայացուցիչ Հռոմի մանուկներուն Յիսուսին Արձանի օրհնութեան առիթով։ Այս տարի հազուաթիւ էք համաճարակի պատճառաւ, սակայն ես գիտեմ թէ շատ մը մանուկներ եւ պատանիներ համախմբուած են ժողովրդապետութիւններու եւ տուներու մէջ ու հաղորդակցութեան միջոցներու շնորհիւ կը հետեւին մեզի։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրին կ՛ուղղեմ իմ ողջոյնս եւ կ՛օրհնեմ մանուկ Յիսուսին արձանները, որոնք պիտի զետեղուին մսուրներուն մէջ, որպէս նշան յոյսի եւ ուրախութեան»։

Սրբազան Պապը հուսկ օրհնելէ ետք արձանները յորդորեց որ Մսուրին առջեւ աղօթելու ժամանակ թոյլ տանք որ ներքաշուինք Մանուկ Յիսուսի քնքշութենէն, Ան որ ծնաւ աղքատ եւ դիւրաբեկ մեր միջեւ որպէսզի մեզի պարգեւէ իր սէրը։

Սրբազան Պապը վերյիշելով Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութեան ընթացքին արտասանած բառերը խրախուսեց չի մոռնալ ուրախութիւնը։ Քրիստոնեան ուրախ է սրտով, նոյնիսկ դժուարութեան պահերուն, ուրախ է որովհետեւ Յիսուսին մօտ է։ Ան է որ մեզի կու տայ այս ուրախութիւնը։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  ու ինչպէս միշտ հնդրեց որ չի մոռնանք աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2020, 12:44