Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ դեսպաններուն.«Աշխատիլ աւելի արդար եւ եղբայրական աշխարհի համար»։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց իրենց հաւատարմագիրները ներկայացնելու առիթով Սուրբ Աթոռի մօտ կարգ մը երկիրներուն դեսպանները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 4 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց իրենց հաւատարմագիրները ներկայացնելու առիթով Սուրբ Աթոռի մօտ Յորդանանի, Քազաղստանի, Իւզպէքիստանի, Մատակասքարի, Էսթոնիայի , Ռուանտայի, Տանիմարքի եւ Հնդկաստանի դեսպանները։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան հայրը խնդրեց դեսպաններէն, որ իր յարգալից ողջոյնները փոխանցեն իրենց երկիներու կառավարիչներուն վստահեցնեցնելով իր աղօթքը  իւրաքանչիւր դեսպանի ներկայացուցած բնակչութեան ու կառավարիչներուն համար ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ նկատել տուաւ, որ դեսպանները իրենց առաքելութիւնը կը սկսին, ամբողջ մարդկութեան համար մեծ մարտահրաւէրներու ժամանակամիջոցին։

Ան նշեց, որ նախքան Քովիտ 19 համաճարակը, 2020 տարին յատկանշուած էր մարդասիրական շտապ հարցերով,  աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ հակամարտութիւններու, բռնութիւններու ու ահաբեկչական արարքներուն պատճառով։

Նորին Սրութիւնը ապա անդրադարձաւ տնտեսական տագնապին, որ պատճառ դարձաւ զանգուածային գաղթականութեան ու անօթութեան, մինչ անդին, կլիմայի փոփոխութիւնը պատճառ կը դառնայ բնական աղէտներուն աճին ու համաճարակը ՝ ընկերութեան մէջ անհաւասարութեան ստեղծման։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ աշխարհը կարիքը ունի երկխօսութեան, կարիքը ունի անկեղծ գործակցութեան, դիմագրաւելու համար երկրագունդի առջեւ ծանրացած սպառնալիքները, որոնք արգելք կը հանդիսանան մատաղ սերունդներու ապագայի գրաւման։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մէջբերեց Fratelli tutti շրջաբերականէն հատուած մը ուր կ՝ըսէ « ճանչնալով իւրաքանչիւր անձի արժանապատուութիւնը, կրնանք բոլորիս մէջ վերածնել եղբայրութեան համաշխարհային ձգտումը։»

Ան ըդնգծեց, թէ Սուրբ Աթոռի ներկայութիւնը միջազգային հասարակութեան մէջ  ծառայութիւն է համաշխարհային ընդհանուր բարիքի ի սպաս, ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով մարդաբանական, բարոյական եւ կրօնական երեւոյթներու վրայ՝ անձերու, ժողովուրդներու ինչպէս նաեւ համայն ազգերու կեանքի հայող կարգ հարցերու շրջագիծէն ներս։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց մաղթելով, որ դեսպանները որպէս իրենց ազգերու ներկայացուցիչներ՝ Սուրբ Աթոռի մօտ, իրենց դիւանագիտական գործունէութիւններու մէջ նպաստեն հանդիպումի մշակոյթին, որ անհրաժեշտ է յաղթահարելու տարբերութիւններն ու բաժանումները, որոնք ստէպ կը խոչընդոտեն բարձր գաղափարախօսութիւններու իրականացումը եւ միջազգային ընտանիքի կողմէ առաջարկուած նպատակները։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց դեսպաններու ու անոնց համագործակիցներուն ու հարազատներուն շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2020, 11:14