«Մեզի որդի մը տրուեցաւ» Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի պատարագի քարոզը։

Վասն զի մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ:Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Հայր, Խաղաղութեան Իշխան: (Եսայեայ 9:6)

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յաճախ կը կրկնենք թէ կեանքի ամենամեծ ուրախութիւնը մանուկի մը ծնունդն է։ Անիկա արտակարգ իրականութիւն է,  որ ամէն ինչ կը փոխէ, շարժումի մէջ կը դնէ անսպասելի կորով եւ կը յաղթահարել կու տայ յոգնութիւններ, դժուարութիւններ անգուն հսկումներ, որովհետեւ ան կը բերէ աննկարագրելի երջանկութիւն, որուն դիմաց ոչ մէկ բան ծանր կը թուի։ Այսպէս է նաեւ Ծնունդը. Յիսուսին ծնունդը նորութիւնն է,  որ ամէն տարի մեզի կարելիութիւն կու տայ վերածնելու ներքնապէս, Անոր մէջ գտնելու ուժը դիմագրաւելու համար ամէն տեսակ դժուարութիւն։ Որովհետեւ Անոր ծնունդը մեզի համար է, ինծի, քեզի, իւրաքանչիւրի համար»։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Քարոզի խօսքերն են ասոնք, զոր ան արտասանեց 24 դեկտեմբեր երեկոյեան Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարէն ուղիղ եթերի միջոցաւ սփռուած Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի պատարագի ընթացքին։

Քահանայապետը ակնարկեց ապա «Մանուկ մը ծնաւ մեզի համար, մեզի որդի մը տրուեցաւ». Եսայի մարգարէի խօսքին հաստատելով, որ «մեզի համար» կը նշանակէ թէ Աստուծոյ որդին, բնութեամբ օրհնուածը կու գայ իր շնորհքով մեզ դարձնելու օրհնուած զաւակներ։ Աստուած կու գայ աշխարհ, որպէսզի մեզ դարձնէ Աստուծոյ զաւակներ։ Ասիկա մեր անկործանելի յոյսին սիրտն է, մենք սիրուած զաւակներ ենք ու Աստուծոյ սէրը մեզի հանդէպ կախեալ չէ մեզմէ կամ մեր կարողութիւններէն, անիկա ձրի սէր է, զուտ շնորհք է ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Տէրը հակառակ մարդու ապերախտութեան, մեզ կը սիրէ ու կը սիրէ մինչեւ մահ։ Ան մեզ կը սիրէ մեզմէ աւելի ու գիտէ թէ մեզ փրկելու միակ կերպը մեզ սիրելն է։ Ան գիտէ, թէ մենք կարող ենք աւելի լաւ ըլլալ միայն ընկալելով իր սէրը, որ երբեք չի փոխուիր սակայն մեզ կը փոխակերպէ։ Յիսուսին սէրը կը փոխէ մեր կեանքը, կը բուժէ վէրքերը, կ՛ազատէ դժգոհութեան, զայրոյթի և բողոքներու արատաւոր շրջանակներէն:

«Մեզի որդի մը տրուեցաւ»։ Ան ծնաւ մսուրի մէջ, որպէսզի մեզի ցոյց տայ թէ մինչեւ որ աստիճան ան կը սիրէ մեր մարդկային վիճակը, իր շօշափելի սիրով դպչելով ամենայետին թշուառութեան։  Աստուծոյ որդին բացառուեցաւ մեզի ըսելու համար որ ամէն մէկ բացառուած Աստուծոյ զաւակ է։  Ան աշխարհ եկաւ տկար եւ դիւրաբեկ մանուկի նման, որպէսզի մենք քնքշութեամբ ընկալենք մեր դիւրաբերութիւնները։ Թոյլ տանք, որ անոր ողորմութիւնը փոխակերպէ մեր թշուառութիւնները։

Ահա թէ ինչ կը նշանակէ որդի մը ծնաւ մեզի համար։

Բեթղեհէմի մէջ, որ կը նշանակէ հացի տուն, Աստուած կը գտնուի մսուրի մէջ, մեզի յիշեցնելու, թէ մենք պէտք ունինք իրեն նման ուտելիք հացին։ Այդ մսուրը, որ աղքատ էր ամէն բաներէ սակայն հարուստ սիրով, մեզի կը սորվեցնէ թէ կեանքի սնունդը կը կայանայ այն բանի մէջ թոյլ տալ, որ Աստուած մեզ սիրէ ու մենք սիրեն ուրիշները։ Եւ Յիսուս մեզի կու տայ օրինակը, Ան Բանն Աստուծոյ, նորածին է չի խօսիր, սակայն իր կեանքը կը նուիրէ։ Մենք սակայն, որ շատախօս ենք, յաճախ կը մնան անգրագէտ բարութեան մէջ։

Մեզի որդի մը տրուեցաւ։ Փոքր մանուկ ունեցողները գիտեն, թէ որքան սիրոյ ու համբերութեան կարիքը կայ։ Պէտք է զայն սնուցել, խնամել, մաքրել, հոգ տանիլ անոր դիւրաբեկութեան եւ կարիքներուն, որոնք յաճախ ալ դժուար է հասկնալ։  Աստուած ծնաւ մանուկ, որպէսզի մեզ մղէ հոգ տանելու ուրիշներուն։ Անոր քնքուշ լացը մեզի հասկցնել կու տայ, թէ որքան անօգուտ են մեր քմահաճոյքները։ Անոր սէրը մեզի կը յիշեցնէ, թէ մեր տրամադրութեան տակ ժամանակը չի ծառայեր մենք մեր վրայ ողբալու համար այլ մխիթարելու եւ սրբելու տառապողի արցունքները։

Աստուած կու գայ մեր մէջ բնակելու, աղքատ ու կարիքաւոր, մեզի ըսելու համար թէ ծառայելով աղքատներուն մենք զինք սիրած կ՛ըլլանք։

Մեզի որդի մը տրուեցաւ։ Դուն ես Յիսուս, Որդին, որ զիս զաւակ կը դարձնէ։ Դուն զիս կը սիրես այնպէս ինչպէս որ եմ, ոչ որպէս երազ։ Քեզ ողջագուրելով, կ՛ողջագուրեմ իմ կեանքս։ Քեզ ընկալելով, որ Կեանքի հաց ես, ես ալ կ՛ուզեմ իմ կեանքս նուիրել։Դուն, որ զիս փրկեցիր սորվեցուր ինծի ծառայել։ Դուն, որ զիս մինակ չես թողուր, օգնէ ինծի, որ մխիթարեմ քու եղբայրներդ, որովհետեւ այս գիշեր անոնք բոլորն ալ իմ եղբայրներս են։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2020, 20:13