Ֆրանչիսկոս Պապը անկար աղջնակի մը հետ (2018) Ֆրանչիսկոս Պապը անկար աղջնակի մը հետ (2018) 

Հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց միջազգային օրուան առթիւ Քահանայապետին պատգամը։

Թող որ «աւելի լաւ վերակառուցելու» ընդհանուր կամքը միասնական գործ առաջացնէ ինչպէս քաղաքացիական, այնպէս ալ եկեղեցական կազմակերպութիւններուն միջև, ստեղծելու համար կայուն «տուն» մը բոլոր եղանակային պայմաններու դէմ, որ կարող ըլլայ ընդունելու նոյնիսկ հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց, որովհետեւ կառուցուած է ներառման եւ գործունեայ մասնակցութեան ժայռի վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

3 դեկտեմբերին կը նշուի հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու միջազգային օրը, որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրապարակեց պատգամ մը նշելով թէ այս տարի Օրը առիթ է իր մօտիկութիւնը արտայայտելու բոլոր անոնց, որոնք կ՛ապրին յատուկ դժուար իրավիճակ մը ի տես համաճարակի տագնապին։

«Ամէնքս կը գտնուինք միեւնոյն նաւուն վրայ ալեկոծ մէկ ծովու մէջ, որ մեզ վախի կը մատնէ, այդ նաւուն մէջ կան սակայն անձինք որոնք աւելի դժուարաւ կը պայքարին ու անոնց մէջ են ծանր հաշմանդամութիւն ունեցող անձերը» կը գրէ Սրբազան Պապը ակնարկելով այս տարուայ օրուան նիւթին «Վերակառուցել աւելի լաւ. դէպի հաշմանդամութիւնը ընդգրկող յետ Քովիտ19-ի աշխարհ մը, մատչելի և կայուն» ու դիտել տալով թէ իրեն յատուկ կերպով կը դպչի «վերակառուցել աւելի լաւ» նախադասութիւնը, որ մտածել կու տայ աւետարանական առակին, որ կը խօսի ժայռի կամ աւազի վրայ կառուցուած տունի մասին (Մատթ. 7, 24-27- Ղուկաս 6, 47-49)։

Առակին վրայ հիմնուելով  Սրբազան Պապը կը ներկայացնէ մի քանի կէտերով մտորումներ։

Մնացորդացի մշակոյթի սպառնալիք:

Առաջին հերթին, «անձրեւները», «գետերը» եւ «քամիները», որոնք կը սպառնան տունին կարող են նոյնանալ մնացորդացի մշակոյթին հետ, որ տարածուած է ներկայ մեր  ժամանակներուն։  Այդ մշակոյթին հիման վրայ «կարելի է մարդկութեան որոշ մասերը զոհել ի շահ ընտրեալ մէկ հատուածի…ու մարդիկը չեն նկատուիր որպէս առաջնային արժէք, զոր պէտք է յարգել եւ պաշտպանել, յատկապէս եթէ աղքատ  ու հաշմանդամ են (Fratelli tutti, 18).

«Վերջին յիսուն տարիներուն կարեւոր քայլեր կատարուեցան ըլլայ քաղաքացիական իշխանութիւններուն կողմէ ըլլայ եկեղեցական իրականութիւններուն կողմէ եւ աճեցաւ գիտակցութիւնը՝ իւրաքանչիւր անհատի արժանապատուութեան ու այս մէկը յառաջացուց ներառումի արի ընտրանքներ» կը գրէ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ դիտել տալով՝ թէ հակառակ ասոր տակաւին գոյութիւն ունին «հակասական արտայայտութիւններ», «մերժումի մտայնութիւն», որ նկատի չ՛առներ՝ թէ «դիւրաբեկութիւնը կը պատկանի բոլորին»։

Ասոր համար կարեւոր է որ այս Օրուան առթիւ խթանուի կեանքի մշակոյթը, որ  կը վերահաստատէ իւրաքանչիւր անձի արժանապատուութիւնը, մասնաւորապէս ի պաշտպանութիւն հաշմանդամութեամբ մարդոց եւ կիներուն։

Ներառումի ժայռը։

Քահանայապետը կը նշէ ապա թէ համաճարակը աւելիով ի յայտ դրաւ մեր ժամանակները յատկանշող անհաւասարութիւնները ու այս մէկը ի վնաս աւելիով խոցելիներուն։ Ասոր համար, կը գրէ Սրբազան Պապը, «առաջին ժայռը որուն վրայ  կառուցել մեր տունը ներառումի ժայռն է», որուն համար բարի սամարացիի առակը կարելի է նկատել որպէս հիմնաքար։

«Ճանապարհի եզերքին տառապողներուն ներառումը կամ բացառումը կը սահմանէ տնտեսական, քաղաքական, ընկերային եւ կրօնական ծրագիրները եւ ամէն օր մենք կը գտնուինք կրկնակի ընտրութեան դիմաց. դառնալ բարի սամարացիներ  կամ անտարբեր անցորդներ (FT, 69)», կը գրէ հուսկ Սրբազան Պապը վերահաստատելով թէ ներառումը ըլլալու է ժայռը որուն վրայ կառուցել ծրագիրները, այնպէս ընելով որ ոչ մէկը մնայ բացառուած։ «Շղթայի ուժը կախուած է ամենաթույլ օղակներուն ցուցաբերուող խնամքէն» կը հաստատէ Նորին Սրբութիւնը այս ուղղութեամբ ընդգծելով հարկաւորութիւնը եկեղեցական կառոյցներուն դերակատարութեան ու կարիքաւորներուն ի նպաստ անոնց սահմանած հաւատքի փոխանցումին պատշաճ եւ հասանելի գործիքներուն, ինչպէս նաեւ քահանաներու, նորընծաներու, կրօնաւորներու կրօնուսոյցներու եւ ժողովրդապետութեան մէջ գործողներու յատուկ կազմաւորումը՝ փոխյարաբերութեան մէջ մտնելու հաշմանդամութեան հետ։

«Ժողովրդապետական հասարակութիւնները յանձնառու ըլլան հաւատացեալներու միջեւ աճեցնելու հաշմանդամութեամբ անձերու հիւրընկալութեան տիպարը, ոչ միայն  ճարտարապետական ​​արգելքներու վերացումով այլեւ զօրակցութեան եւ ծառայութեան վերաբերմունքով» կը նշէ Սրբազան Քահանայապետը։

Գործունեայ մասնակցութեան ժայռը։

«Աւելի լաւ կառուցելու համար մեր ընկերութիւնը պէտք է որ ներառումը ընդգրկէ նաեւ անոնց Գործունեայ մասնակցութեան խթանումը» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս  Պապը շեշտելով հաշմանդամութեամբ անձերու Խորհուրդները ընդունելու իրաւունքը, նման Եկեղեցւոյ բոլոր անդամներուն, ուստի ժողովրդապետութեան մէջ նախատեսուած բոլոր ծիսակատարութիւնները պէտք է ըլլան հասանելի բոլորին։  «Փաստօրէն, հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց գործունեայ  մասնակցութիւնը մեծ հարստութիւն է ամբողջ ծխական կեանքին համար» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խրախուսելով հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն եւս առիթ ընծայել, իրենց կարողութիւններուն համաձայն, յատուկ դերակատարութիւններ ստանձնելու եկեղեցական ու ժողովրդապետական կեանքէն ներս, սկսեալ կրօնուսուցումի պարտականութիւնէն, որպէսզի իրենց կարդին եւս կարողանան փոխանցել հաւատքը եւ իրենց վկայութիւնը։

«Այս ճգնաժամէն աւելի վատ, կայ միայն զայն վատնելու ողբերգութիւնը» («Պենտեկոստէի Ս. Պատարագ 31 մայիս, 2020 թ.), կը գրէ ապա Նորին Սրբութիւնը պատգամի աւարտին մաղթելով որ «աւելի լաւ վերակառուցելու» ընդհանուր կամքը միասնական գործ առաջացնէ ինչպէս քաղաքացիական, այնպէս ալ եկեղեցական կազմակերպութիւններուն միջև, ստեղծելու համար կայուն  «տուն» մը բոլոր եղանակային պայմաններու դէմ, որ կարող ըլլայ ընդունելու նոյնիսկ հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց, որովհետեւ կառուցուած է ներառման եւ գործունեայ մասնակցութեան ժայռի վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2020, 12:00