Լիբանանի Նաւահանգիստը Լիբանանի Նաւահանգիստը 

Ֆրանչիսկոս Պապին Ծննդեան տօնին առթիւ Լիբանանցիներուն ուղղած նամակը։

Սիրեցեալ որդիներ եւ դուստրեր, գիշերուայ մթութեան մէջ բարձրացուցէք ձեր հայեացքը, թող Բեթղեհէմի աստղը ըլլայ ուղեցոյց ու քաջալերանք, մտնելու համար Աստուծոյ տրամաբանութեան մէջ, որպէսզի չի կորսնցնէք ուղին եւ չի կորսնցնէք յոյսը ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

24 դեկտեմբեր 2020-ին՝ Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրեակին  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Լիբանանի Կաթողիկէ Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու Ժողովի նախագահ՝ Մարոնիներու Պատրիարք Կարդինալ Պշարա Պութրոս Ռայիին ուղղած նամակով  ուզեց՝ «մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, Խաղաղութեան Իշխանի, Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, համայն Լիբանանցի ժողովուրդին, անկախ անոնց կրօնական կամ համայնքային պատկանելիութիւնէն, փոխանցել քաջալերանքի եւ մխիթարական խօսքեր։

Մասնակից Լիբանանցիներու վիշտերուն։

«Լիբանանի սիրելի որդիներ ու դուստրեր, մեծ է իմ ցաւս `տեսնելով տառապանքներն ու անձկութիւնները, որոնք կը խեղդեն մայրիներու երկրի բնածին հնարամտութիւնն ու աշխուժութիւնը: Աւելին, ցաւալի է տեսնել,խաղաղութեամբ ապրելու յոյսերու առեւանգումը ու շարունակել պատմութեան եւ աշխարհին համար մնալ ազատութեան պատգամ եւ բարի համակեցութեան վկայութիւն» գրեց Սրբազան Պապը նամակին մէջ վստահեցնելով իր  մասնակցութիւնը լիբանանցիներու ուրախութիւններուն ու նաեւ վիշտերուն, յատկապէս անդրադառնալով «երիտասարդներուն, որոնցմէ կը խլուի լաւ ապագայի ամէն տեսակ յոյս»։

Մէջբերելով հուսկ Եսայի մարգարէին խօսքերը «ժողովուրդը կը  քալէր խաւարին մէջ տեսաւ հսկայ լոյս մը» (Եսայի 9,1), Քահանայապետը հաստատեց՝ թէ «լոյսը կը փառատէ վախերը եւ իւրաքանչիւրի մէջ կը սերմանէ յոյսը, այն վստահութեամբ թէ Նախախնամութիւնը երբեք պիտի չի լքէ Լիբանանը որ գիտէ դիմել բարիին նաեւ այս սուգի մէջ»։

Մայրիի վեհութիւնը խորհրդանիշ կայունութեան

«Լիբանանը շատ անգամ յիշուած է Սուրբ Գիրքին մէջ ու Մայրիի վեհութիւնը խորհրդանիշ է կայունութեան, վճռակամութեան եւ պաշտպանութեան» կը նշէ Սրբազան Պապը նամակին մէջ ապա ակնարկելով Ծննդեան տօնին կը հաստատէ թէ «Այս օրերուն Էմմանուէլը, Աստուած մեզի հետը, մեզի մօտիկ կը դառնայ, կը քալէ մեր կողքին»։

Գործել Եկրին բարիքին համար

«Վստահութիւն ունեցէք Անոր ներկայութեան վրայ, Անոր հաւատարմութեան վրայ։ Մայրիի նման ձեր միասին ապրելու արմատներուն խորքէն սնունդ արէք, որպէսզի դարձեալ դառնաք զօրակից ժողովուրդ մը.  Մայրիի պէս դիմացկուն ամէն տեսակ փոթորիկի, կարող ըլլաք ընկալել ներկայ պահի անկանխատեսելի դէպքերը ՝ վերագտնելու համար ձեր ինքնութիւնը ` այն է համայն աշխարհ տարածել յարգանքի, համակեցութեան և բազմակարծութեան բոյրը, ժողովուրդի մը, որ իր սեփական տուներն ու ժառանգութիւնը չի լքեր։ ժողովրդի մը  ինքնութիւնը, որ թոյլ չի տար որ փլուզուի երազանքն անոնց՝ որոնք հաւատացին գեղեցիկ և բարեկեցիկ երկրի ապագային» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը նամակին մէջ եւ այս հեռանկարով կոչ կ՛ուղղէ՝ քաղաքական գործիչներուն եւ կրօնական առաջնորդներուն, փոխ առնելով Էլիաս Հոյեք Պատրիարքի մէկ խօսքը «Դուք Երկրին Պետերը, դուք երկրին դատաւորները, դուք մարդոց պատգամաւորները, որ կ՛ապրիք ժողովուրդի հաշիւով (…) դուք պարտական էք, ձեր պաշտօնական կարողութիւններու  ու ձեր պատասխանատուութեան համաձայն, փնտռելու հանրային շահը։ Ձեր ժամանակը չէ տրամադրուած ձեր լաւագոյն շահերուն համար, ու ձեր աշխատանքը ձեզի համար չէ այլ, Պետութեան ու ազգին զոր դուք կը ներկայացնէք»։

Կոչ միջազգային հասարակութեան։ 

Նամակի վերջին մասին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը վերահաստատէ Իր անձնական սէրը ու սէրը նաեւ իր նախորդներուն եւ Սուրբ Աթոռին հոգատարութիւնը Լիբանանի սիրելի ժողովուրդին նկատմամբ, յոյս յայտնելով որ կարողանայ նաեւ այցելել զանոնք, եւ ասկէ մեկնելով կոչ կ՛ուղղէ Միջազգային հասարակութեան, որպէսզի օգնէ Լէբանանին դուրս գալու տարածաշրջանի հակամարտութիւններէն եւ լարուածութիւններէն։ Դուրս գալու ճգնաժամէն ու վերագտնելու ինքզինք»։

Բեթղեհէմի աստղը ուղեցոյց 

Սիրեցեալ որդիներ եւ դուստրեր, գիշերուայ մթութեան մէջ բարձրացուցէք ձեր հայեացքը, թող Բեթղեհէմի աստղը ըլլայ ուղեցոյց  ու քաջալերանք, մտնելու համար Աստուծոյ տրամաբանութեան մէջ, որպէսզի չի կորսնցնէք ուղին եւ չի կորսնցնէք յոյսը ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2020, 12:00