Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունած Ծննդեան բարեմաղթութիւններուն համար։

Սրբազան Պապը մաղթանք յայտնեց որ Ծննդեան մթնոլորտը մեր սրտերուն մէջ հրահրէ իղձը խոկալու նսուրին մէջ զետեղուած Մանուկ Յիսուսին, որպէսզի ապա անոր ծառայենք ու սիրենք մեր մօտ գտնուող անձերուն մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 26 դեկտեմբեր 2020-ի կէսօրին Սուրբ Ստեփանոս նախավկային տօնին առթիւ Առաքելական պալատէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը ողջոյնի խօսք ուղղեց ուղիղ եթերով իրեն հետեւով հաւատացեալներուն դիտել տալով, որ Մարեմեան աղօթքի առցանց այս ձեւը պարտաւոր է կանխելու համար մարդոց հրապարակ ժամանումը։ «Պէտք է համագործակցիլ Իշխանութեան կողմէ հրահանգուած դրոյթներուն հետ, որոնք մեզ կ՛օգնեն  խուսափելու այս համաճարակէն» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա մաղթանք յայտնեց որ Ծննդեան մթնոլորտը մեր սրտերուն մէջ հրահրէ իղձը խոկալու Մսուրին մէջ զետեղուած Մանուկ Յիսուսին, որպէսզի ապա անոր ծառայենք ու սիրենք մեր մօտ գտնուող անձերուն մէջ։

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց ապա թէ այս օրերուն՝ Հռոմէն ու աշխարհի այլ վայրերէն  ստացաւ բազմաթիւ բարեմաղթական պատգամներ, որոնց, ըսաւ Ան, կարելի չէ պատասխանել մի առ  մի, եւ «այժմ  կ՛օգտուիմ ու կ՛արտայայտեմ իմ երախտագիտութիւնս, յատկապէս աղօթքի պարգեւներուն համար, զոր դուք ուզեցիք ինծի նուիրել եւ որ ես յօժար կերպով կը փոխարինեմ»։

«Բարի Սուրբ Ստեփանոսի տօն ու բարեհաճեցէք շարունակել աղօթել ինծի համար» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/12/2020, 12:30