Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք 

«Երթանք էականին՝ Յիսուսին մէջ յայտնուած Աստուծոյ սիրոյն». Ֆրանչիսկոս Պապ։

»Չկայ համաճարակ, չկայ տագնապ որ կարող է մարել այդ լոյսը։ Թոյլ տանք որ ան մտնէ մեր սրտերուն մէջ, ձեռք երկարենք անոր որ կարիքի մէջ է, այդպէսով Աստուած դարձեալ կը ծնի մեր մէջ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 6 դեկտեմբեր 2020ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը, սովորութեան համաձայն, ողջոյնի խօսք ուղղելով Սուրբ Պետրոսի  հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն գնահատեց անոնց քաջութիւնը, անձրեւին հանդերձ այնտեղ համախմբուած ըլլալուն համար ապա մատնանշեց հրապարակի վրայ արդէն բարձրացած Ծննդեան տօնական ծառին ու ծառին մօտ շինութեան մէջ Սուրբ Մսուրին, որոնք, ըսաւ Ան, այս օրերուն կը պատրաստուին նաեւ բազմաթիւ տուներուն մէջ։

«Երկու խորհրդանիշեր, որոնք յոյսի խորհրդանիշ են, յատկապէս այս դժուար ժամանակներուն մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով հաւատացեալները «նշաններէն անդին երթալ, այսինքն անոնց իմաստին՝ Յիսուսին, Անոր մեզի յայտնած Աստուծոյ սիրոյն, անհուն բարութեան, որ ցոլացուց աշխարհի վրայ»։

«Չկայ համաճարակ, չկայ տագնապ որ կարող է մարել այդ լոյսը։ Թոյլ տանք որ ան մտնէ մեր սրտերուն մէջ, ձեռք երկարենք անոր որ կարիքի մէջ է, այդպէսով Աստուած դարձեալ կը ծնի մեր մէջ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաժեշտ առաւ ներկաներէն անոնց մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնրդելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2020, 12:40