ԱՓՍԱ ԱՓՍԱ 

Պետական քարտուղարութեան դրամագլուխներու և գոյքի կառավարումը փոխանցուեցաւ «APSA»- ին

Ինքնագիր նամակով մը Ֆրանչիսկոս Պապը ի զօրու կը դարձնէ Կարդինալ Փարոլինի ուղղած նամակով յայտարարուած Պետական Քարտուղարութեան տրամադրութեան տակ գտնուող դրամագլուխներու եւ գոյքերու կառավարման փոխանցումը

Վատիկան Նիուզ

Այսօր լոյս տեսած 26 Դեկտեմբեր թուակիր Ինքնագիր նամակով մը հայող Սուրբ Աթոռի «ֆինանսատնտեսական որոշ իրաւասութիւններուն», Ֆրանչիսկոս Պապը վաւերացուց յառաջիկայ մէկ Յունուար 2021-էն սկսեալ Պետական ​​քարտուղարության պատկանող ֆինանսական ներդրումներն ու անշարժ գոյքի կառավարումը, անոնց ծիրէն ներս նաեւ «Սուրբ Պետրոսի գանձանակը», փոխանցել Առաքելական Աթոռի Կառավարման վարչութեանը՝ «APSA»- ին։

Որոշում մը որ Քահանայապետը յայտարարած էր անցեալ օգոստոսին Կարդինալ Փարոլինի ուղղած իր մէկ նամակով եւ որ մշակուեցաւ նոյեմբերի սկիզբը կազմուած  յատուկ «անցման ու վերահսկողութեան յանձնախումբի մը» կողմէ։

Ինքնագիր նամակին սկիզբը Քահանայապետը կը գրէ որ «Սուրբ Աթոռի կառավարման, վերահսկողութեան և տնտեսական գործունէութեան ֆինանսական վերահսկողութեան աւելի լաւ կազմակերպման համար» Պետական ​​քարտուղարութեան համար նպատակայարմար չէ կատարել տնտեսական հարցերու ֆինանսական հաշուետուութեան գործառոյթները  որոնք իրաւասութեամբ արդեն վերագրուած  են այլ ստորաբաժանումներուն »:

Ասկէ մեկնելով ան որոշում կը կայացնէ որ մէկ Յունուար 2021-էն սկսեալ ու մինչեւ 4 փետրուար 2021 «Հիմնադրամներու և դրամատնային հաշիւներու,  անշարժ գոյքերու ներդրումներու, ինչպէս նեաւ` ընկերութիւններու և ներդրումային հիմնադրամներու մէջ բաժնետիրական ներդրումները, որոնք  մինչեւ օրս մատակարարուած էին Պետական Քարտուղարութեան կողմէ, կը փոխանցուին  «APSA- ին », որ կը հոգայ  անոնց  կառավարումն ու մատակարարումը։

2021էն սկսեալ Սուրբ Աթոռին ի նպաստ բոլոր նուիրատուութիւնը պէտք է ուղղուին «Սուրբ Աթոռի ընդհանուր պիւտճէ» անունով յատուկ հաշուի վրայ որ մատակարարուած APSA-ի կողմէ։ Այս գումարներու փոխանցումը պէտք է արտօնութիւնը ունենան Տնտեսութեան Քարտուղարութեան կառավարիչին։

Ինքնագիր նամակին երկրորդ յօդուածին մէջ Քահանայապետը կը խնդրէ աւելի թափանցիկ դարձնել հաշիւները  եւ նուիրատուութիւններու գումարներով իրականացուած ծրագիրներու հաշուետուութիւնը։ Մինչ երրորդ յօդուածը կը հայի վերահսկողութեան ու կ՛ամրապնդէ Տնտեսութեան քարտուղարութեան վերահսկողական դերը:

Չորրորդ յօդուածով Քահանայապետը կը  հրահանգէ որ  Պետական ​​քարտուղարութեան վարչական գրասենեակը պահպանէ «ներքին կառավարման հետ կապուած գործունութիւնները իրականացնելու անհրաժեշտ մարդուժը»: Իսկ Ներդրումներու և դրամագլուխի հայող  Գրասենեակի արխիւը պէտք է փոխանցուի APSA- ին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/12/2021, 13:32