Կուատալուփի Տիրամայրը Կուատալուփի Տիրամայրը 

Քահանայապետը Կուատալուփի Տիրամօր տօնին օրը «Լիակատար Ներում»ի կարելիութիւնը կը շնորհէ հաւատացեալներուն։

12 դեկտեմբերին կը յիշատակուի Կուատալուփի Տիրամօր թագադրութեան 125-րդ ամեակը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ներքին Ատեանի առաքելական Սուրբ Ժողովը Ֆրանչիսկոս Պապի հրահանգով, յառաջիկայ 12 դեկտեմբերին, Կուատալուփի Տիրամօր Թագադրութեան 125րդ ամեակին առթիւ նախատեսուած «լիակատար ներումը» ընդլայնեց աշխարհի բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք կը մասնակցին այդ տօնախմբութեան։

Առաքելական Ատեանը մինչեւ 12 հոկտեմբեր 2021-ին երկարաձգած էր Կուատալուփի Տիրամօր նուիրուած Յոբելենական տարին, որ սկիզբ առած էր 2019-ի 8 դեկտեմբերին եւ, որ պիտի աւարտէր այս տարուայ հոկտեմբերին, սակայն համաճարակի բերումով այս մէկը յետաձգուեցաւ մէկ տարիով։

12 դեկտեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագ նուիրուած Կուատալուփի Տիրամօր։ Մինչ Կուատալուփի Տիրամօր Մարեմեան սրբավայրը փակ պիտի մնայ Քովիտ19 համաճարակի կանխարգիլման համար որդեգրուած սահմանափակումներու պատճառաւ։

Հաւատացեալները կարող են լիակատար ներումը ընդունիլ մնալով իրենց տուներուն մէջ, եւ այդ օր մեծարելով Կուատալուփի Տիրամօր սրբապատկերը, ու նաեւ հետեւելով Մեքսիքայի սրբավայրէն ուղիղ եթերով սփռուած պատարագներուն, աղօթելով նաեւ Քահանայապետի դիտաւորութեան, ու դիմելով խոստովանանքի խորհուրդին եւ ընդունելով Սուրբ Հաղորդութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2020, 11:29