Դուք համաճարակի աննշմար հերոսներն էք Դուք համաճարակի աննշմար հերոսներն էք 

Ֆրանչիսկոս Պապը բժիշկներուն և հիւանդապահներուն. «Դուք համաճարակի աննշմար հերոսներն էք»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին լսատեսողական պատգամը Արժանթինի բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Դուք այս համաճարակի աննշմար հերոսներ էք. Ձեզմէ քանիներ իրենց կեանքը տուին մօտիկ ըլլալու համար հիւանդներուն։ Շնորհակալութիւն ձեր մօտիկութեան։ Շնորհակալութիւն ձեր քնքշութեան։ Շնորհակալութիւն ձեր արհեստավարժ մօտեցումին, որով խնամք կը տանիք հիւանդներուն» այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Արժանթինի բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն ուղղած մէկ լսատեսողական պատգամի մը մէջ, որ հրատարակուեցաւ Արժանթինի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Առողջապահութեան Հովուական Խնամակալութեան յանձնախումբի կողմէ, 21 նոյեմբերին յիշատակուող «Հիւանդապահներու օրուան» ու յառաջիկայ 3 դեկտեմբերին նշուող «Բժիշկներու օրուան» առիթներով։

«Ես կ՛ուզեմ մօտիկ ըլլալ բոլոր բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն, յատկապէս այս պահուն երբ համաճարակը մեզ կը կոչէ ըլլալու մօտիկ՝ տառապող մարդոց եւ կիներուն» կը հաստատէ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ  բոլորին վստահեցնելով իր աղօթքները ու Տիրոջմէ խնդրելով որ օրհնէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը, անոնց ընտանիքները, ու առաջնորդէ զանոնք իրենց աշխատանքին մէջ ու իրենց դիմաց կայացած հարցերուն մէջ։

«Թող որ Տէրը ձեզի մօտիկ ըլլայ այնպէս ինչպէս դուք մօտիկ էք հիւանդներուն։ Եւ մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը պատգամին աւարտին։

Լսատեսողական պատգամի մէջ ներառուած էին նաեւ բազմաթիւ առողջապահական գործիչներու նկարները, որոնք իրենց նուիրական գործը կը կատարեն, ապա բացի քահանայապետի խօսքերէն այնտեղ ներառուած է նաեւ ընդհանրական երախտագիտական խօսք բոլոր բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն «որոնք ամէն օր նոր հնարաւորութիւն կը պարգեւեն մարդոց»։

«Շնորհակալութիւն կ՛ուզենք յայտնել ձեզի, որովհետեւ հոգ տարիք մեզի, հոգ տարիք մեր ընտանիքներուն ու մեր բարեկամներուն, հոգ տարիք մեր դիւրաբեկութեան եւ հոգ տարիք իւրաքանչիւր կեանքին։ Շնորհակալութիւն մեզի մօտիկ ըլլալու համար, մեր տառապանքին անսալու համար, ձեր անձուրաց ծառայութեան համար, ձեր ջանքերուն ու ձեր յոյսի մէջ թիկունքին։ Թող Աստուած օրհնէ եւ հոգ տանի մեր բոլոր բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն» ըսուած է լսատեսողական պատգամին մէջ որուն աւարտին կը ցուցադրուին  բժշկուած հիւանդներու ժպիտներն ու ուրախութեան հայեացքները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2020, 09:59