Ֆրանչիսկոս Պապ.«Քրիստոնեաներուս համար ապագան յոյս է»։ Ընկերային վարդապետութեան փառատօն։

Քրիստոնեաներու համար ապագան ունի անուն մը, որ է յոյսը։ Յոյսը առաքինութիւնն է սիրտի մը, որ չի փակուիր խաւարին մէջ եւ ոչ  ալ կը դադրի անցեալինմէջ, այլ կ՝ապրի ներկային մէջ ՝ սակայն գիտէ վաղուան նայիլ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

26էն-29 նոյեմբերին, տեղի կ՝ունենայ ընկերային վարդապետութեան Ժ փառատօնը,  ունենալով որպէս նիւթ «Ապագայի յիշողութիւն»։

Ունկնդրէ լուրը

Առցանց կայացած, փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերին գործակալներ, արհեստավարժներ, տնտեսական եւ մշակութային աշխարհէն ներկայացուցիչներ։

Փառատօնին աշխատանքներուն սկիզբը ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց փառատօնի մասնակիցները ապա իր սիրտի խօսքը փոխանցեց  յորդորելով ապրիլ ապագան ապրիլ եւ ունենալ հայեացք ու սիրտ սեւեռուած վախճանաբանութեան։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ .

Քրիստոնեաներուն համար ,ապագան ունին անուն մը, որ է յոյսը։ Յոյսը առաքինութիւնն է սիրտի մը, որ չի փակուիր խաւարին մէջ եւ ոչ  ալ կը դադրի անցեալին մէջ, այլ կ՝ապրի ներկային մէջ ՝սակայն գիտէ վաղուան նայիլ։ Վաղը քրիստոնեաներուն համար կը նշանակէ Փրկարար կեանք, որ է Սուրբ Երրորդութեան սիրոյ հետ հանդիպումի պարգեւի ուրախութիւնը։  ըսաւ Սրբազան հայրը նկատել տալով, որ այս իմաստով Եկեղեցի ըլլալ կը նշանակէ  ունենալ ստեղծագործ սիրտ ու հայեացք՝սեւեռուած վախճանաբանութեան, առանց իյնալու  կարօտի փորձութեան մէջ, որ է իսկական ու իւրայատուկ հոգեւորական ախտաբանութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամի մէջ նշեց ,թէ ապրիլ ապագային յիշողութիւնը  կը նշանակէ գործել  ու այնպէս մը ընել որպէսզի եկեղեցին՝ Աստուծոյ մեծ ժողովուրդը կարենայ երկրին վրայ կառուցել Աստուծոյ արքայութեան ծիլը։   Ապրիլ Ընկերութեան մէջ ,որպէս հաւատացեալներ, յայտնաբերելով Աստուծոյ կեանքը, զոր ստացանք ՝մկրտութեան պարգեւին մէջ, որպէսզի կարենանք այժմ՝ յիշողութիւն կատարենք այն ապագայ կեանքին,  ուր պիտի գտնուինք  Աստուծոյ, Որդիին եւ ՝Սուրբ Հոգիին դիմաց» ըսաւ ֆրանչիկոսկ Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2020, 10:30