Որոնել

«Յիսուս աղօթքի վարդապետ» 4 նոյեմբերի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւն։

Աղօթքը նոյնպէս ունկնդրութիւն եւ հանդիպում է Աստուծոյ հետ որ կը հրաւիրէ մեր կարգին ունկնդրել ու հանդիպիլ մեր մերձաւորին, որովհետեւ աղօթքը կարողութիւնը ունի բանալու հոգին եւ լայնեցնելու սրտերը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երբ իրիկուն եղաւ, արեւը մարը մտնելու ատեն, անոր բերին բոլոր հիւանդներն ու դիւահարները,… Շատ մը հիւանդներ բժշկեց զանազան հիւանդութիւններէ ու դեւեր հանեց, եւ թոյլ չէր տար որ դեւերը խօսէին, որովհետեւ կը ճանչնային զինքը թէ Քրիստոսն է։ Առաւօտ կանուխ ելլելով` ամայի տեղ մը գնաց եւ հոն կþաղօթէր։ Սիմոն եւ հետը եղողները անոր ետեւէն գացին։ Երբ զայն գտան` ըսին անոր. «Ամէնքը քե՛զ կը փնտռեն»։  Յիսուս պատասխանեց. «Եկէ՛ք երթանք միւս մօտաւոր գիւղաքաղաքներն ալ, որպէսզի հոն ալ քարոզեմ, որովհետեւ անոր համա՛ր եկած եմ» (Մարկոս 1,32.34-38)։

Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած սոյն հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին 4 նոյեմբերի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, զոր Նորին Սրբութիւնը այսօրուընէ սկսեալ դարձեալ կը գլխաւորէ Առաքելական Պալատի Մատենադարանէն՝ առցանց՝ ուղիղ եթերի միջոցաւ, դռնփակ՝ առանց հաւատացեալներու մասնակցութեան, հակազդելու համար Քովիտ-19 ժահրի տարածումը եւ մասնակիցները վտանգի չենթարկելու նպատակով։

Նշենք թէ այս տարուայ  26 փետրուարին Սրբազան Պապը յարմարելով  հակահամաճարակային առողջապահական միջոցառումներուն, որոշած էր չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնները կատարել առցանց առաքելական պալատի մատենադարանէն եւ 189 օրեր փակումէ ետք, 2 սեպտեմբերին, վերսկսած էր հրապարակային ունկնդրութիւնները կատարել հաւատացեալներու մասնակցութեամբ, նախ Սան Տամազօ գաւիթի տարածքին, ապա Պօղոս Զ դահլիճէն ներս,  սակայն առողջական կացութեան վատթարացումը զինք ստիպեց դարձեալ դիմել առցանց ձեւին։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս  ըսաւ Սրբազան Պապը,

դժբախտաբար ստիպուած եղանք վերադառնալ Մատենադարանի այս ունկնդրութիւններուն, որպէսզի մենք մեզ պաշտպանենք քովիտ-19 վարակումէն։  Այս մէկը մեզի կը սորվեցնէ թէ պէտք է մեծ ուշադրութիւն յատկացնել իշխանութիւններու որդեգրած միջոցառումներուն, ըլլան անոնք քաղաքական կամ  առողջապահական իշխանութիւններ,  որպէսզի պաշտպանուինք  այս համաճարակէն։ Տիրոջ ներկայացնենք մեր միջեւ այս հեռաւորութիւնը բոլորի բարիքին համար, եւ մտաբերենք հիւանդները, բժիշկները, հիւանդապահները, կամաւորներն ու բազմաթիւ այն անձերը, որոնք այս պահուն կ՛աշխատին հիւանդներուն հետ, վտանգելով իրենց կեանքը, ու այդ մէկը կը կատարեն սիրով, որ իրենց կոչումն է, սէր մերձաւորին։ Աղօթենք անոնք համար։ 

Յիսուս իր հրապարակային կեանքի ընթացքին յաճախակի դիմեց աղօթքի զօրութեան։ Աւետարանները զայն մեզի ցոյց կու տան երբ կը քաշուի ամայի տեղեր աղօթելու համար։ Այս մէկը կը բացայայտէ թէ Յիսուս երբեք չէր անտեսեր Հօր հետ իր մտերիմ երկխօսութիւնը։  Որքանով ան մխրճուած էր մարդոց կարիքներու մէջ այնքանով աւելի կը զգար Երրորդութեան հաղորդութեան մէջ հանգստանալու անհրաժեշտութիւնը

Յիսուսին աղօթքը խորհրդաւոր իրողութիւն է, որ մեզի թոյլ կու տայ ճիշտ տեսանկիւնէն կարդալ անոր ամբողջ առաքելութիւնը։

Այդ առանձնութեան  ժամերուն ՝-  լուսաբացէն  առաջ կամ գիշերը - Յիսուս կը մխրճուի Հօր հետ  մտերմութեան մէջ , այսինքն ՝ այն Սիրոյ մէջ, որուն ծարաւը ունի իւրաքանչիւր հոգի: Եւ այս մէկը ի յայտ կու գայ իր առաքելութեան  առաջին օրերէն:

Շաբաթ օր մը ինչպէս կարդացուեցաւ աւետարանական հատուածին մէջ դարձաւ դաշտային հիւանդանոց, մայրամուտէն յետոյ Յիսուսին մօտ կը բերեն բոլոր հիւանդները եւ Ան կը բժշկէ զանոնք։ Սակայն արեւածագէն առաջ Յիսուս կ՛անհետանայ, ամայի տեղ կը քաշուի եւ կ՛աղօթէ։

Սիմոն եւ հետը եղողները անոր ետեւէն կ՛երթան։ Երբ զայն կը գտնեն անոր կ՛ըսեն. «Ամէնքը քե՛զ կը փնտռեն»։  Յիսուս կը պատասխանէ. «Եկէ՛ք երթանք միւս մօտաւոր գիւղաքաղաքներն ալ, որպէսզի հոն ալ քարոզեմ, որովհետեւ անոր համա՛ր եկած եմ» (Մարկոս 1, 35-38)։

Աղօթքն այն ղեկն է, որ կ՛առաջնորդէ Յիսուսին ընթացքը: Յաջողութիւնները չեն՝ որ կը յատկանշեն անոր առաքելութեան հանգրուանները,  Յիսուսի ուղիին հետագիծը պակաս յարմարաւէտ ճանապարհն է, որ, սակայն, կը հնազանդի Հօր ներշնչանքին, որ Յիսուսը կը լսէ եւ կ՛ընկալէ առանձնական աղօթքի մէջ։

Քրիստոնէականը կը հաստատէ թէ երբ Յիսուս կ՛աղօթէ արդեն մեզի աղօթել կը սորվեցնէ» Ասոր համար Յիսուսին օրինակէն մենք կարող ենք  քաղել քրիստոնէական աղօթքի որոշ առանձնայատկութիւնները։

Աղօթքը արդարեւ ամենէն առաջ օրուան առաջին ցանկութիւնն է, բան մը որ կը կատարուի արեւածագին, նախ քան աշխարհի զարթնումը։ Վտանգը կայ որ առանց աղօթքի օր մը դառնայ տհաճ մէկ փորձառութիւն եւ Յիսուս մեզ կը դաստիարակէ հնազանդութեան եւ ունկնդրութեան։ Աղօթքը նոյնպէս ունկնդրութիւն եւ հանդիպում է Աստուծոյ հետ, որ կը հրաւիրէ մեր կարգին ունկնդրել ու հանդիպիլ մեր մերձաւորին, որովհետեւ աղօթքը կարողութիւնը ունի բանալու հոգին եւ լայնեցնելու սրտերը։ Աղօթքով կեանքի դժուարութիւնները կը փոխակերպուին հնարաւորութիւններու աճելու համար աղօթքի եւ սիրոյ մէջ։

Աղօթքը ապա արուեստ է,  որ պէտք է ի գործ դնել յարատեւ պնդումով։ Ամէնքս կարող ենք աղօթել յուզմունքէ մղուած պահերու առթիւ, սակայն Յիսուս մեզ կը դաստիարակէ աղօթքի այլ մէկ ձեւի, ան որ կը ճանչնայ կարգապահութիւնը, վարժութիւն՝ որ կը դառնայ կեանքի կանոն։

Յիսուսի աղօթքի այլ յատկանիշներէն մին առանձնութիւնն է։ Այն որ կ՚աղօթէ չի փախչիր աշխարհէն այլ կը նախընտրէ ամայի վայրերը, որովհետեւ Աստուած կը խօսի լռութեան մէջ։ Եւ այդ լռութեան մէջ է որ կարող ենք յայտնաբերուիլ բազմաթիւ ձայներ, որոնք թաքուն կը պահենք մեր մէջ, ճշմարտութիւններ, որոնք մենք կը շարունակենք զսպել։

Առանց ներքին կեանքի՝ մենք կը դառնանք մակերեսային, , գրգռուած, անհանգստացած։ Կը փախչինք իրականութենէն ու նաև մենք մեզմէ։ Իւրաքանչիւր մարդ կարիքը ունի իրեն վերապահուած տարածքի, ուր կարող ըլլայ մշակել ներքին կեանքը։

Ի վերջոյ Յիսուսին աղօթքը վայրն է, ուր կը նկատենք թէ ամէն ինչ Աստուծմէ կու գայ եւ Անոր կը վերադառնայ։

Շատ անգամ մենք մարդ անհատներս կը կարծենք ըլլալ ամէն ինչի տէր տիրականը եւ կամ հակառակը կը կորսնցնենք մեր ինքնագնահատանքը։ Աղօթքը մեզ կ՛օգնէ վերագտնելու ուղիղ չափանիշը, մեր Հօր Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ, եւ համայն արարչութեան հետ։

«Յիսուսին Աղօթքը յանձնում է Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ։ «Հայր ոչ իմ կամքս այլ քու կամքդ թող ըլլայ»։ Գեղեցիկ է առ այդ, որ երբ մենք վրդովումի մէջ ըլլան ու մտահոգ ըլլանք, Սուրբ Հոգին մեզ կերպարանափոխէ ներքնապէս ու մեզ մղէ մենք մեզ յանձնելու Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ. Հայր թող քու կամքդ կատարուի» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու հրաւէր ուղղեց Աւետարանին մէջ վերագտնել Յիսուսը՝ որպէս աղօթքի վարդապետ ու աշակերտել անոր դպրոցին։

«Պիտի գտնենք երջանկութիւն ու խաղաղութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2020, 09:36