«Նորածին Եկեղեցւոյ աղօթքը» 25 նոյեմբերի հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Եկեղեցական կեանքին չորս հիմնական յատկութիւններն են, առաքեալներու ուսուցումին ունկնդրութիւնը, փոխադարձ հաղորդութեան պահպանումը, հացի բեկանումը եւ աղօթքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 25 նոյեմբեր 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Պալատի մատենադարանէն գլխաւորեց ուղիղ եթերով սփռուած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը եւ շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւններու շարքը անդրադարձաւ նորածին եկեղեցւոյ աղօթքին մեկնաբանելով Գործք Առաքելոց գիրքէն Առաքեալներու աղօթքին նուիրուած հետեւեալ հատուածը.

«Անոնք, երբ ազատ արձակուեցան, եկան իրենց մարդոց մօտ եւ պատմեցին անոնց ինչ որ քահանայապետները եւ երէցները ըսած էին անոնց։ Երբ իմացան անոնք, իրենց ձայնը բարձրացուցին առ Աստուած եւ ըսին. «Դո՛ւն, Տէր Աստուած, որ ստեղծեցիր երկինքը եւ երկիրը, ծովը եւ ինչ որ կայ անոնց մէջ, …., Տէր, տե՛ս անոնց սպառնալիքները եւ ըրէ որ քու ծառաներդ, ամենայն համարձակութեամբ հռչակեն քու Խօսքդ….։ Մինչ անոնք կ՛աղօթէին, դղրդեցաւ վայրը ուր հաւաքուած էին, եւ ամէնքը լեցուեցան Սուրբ Հոգիով, եւ սկսան համարձակութեամբ աւետել Աստուծոյ Խօսքը։ (Գործք առաքելոց 4,23-24.29.31)։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Սրբազան Պապը, Եկեղեցւոյ աշխարհին մէջ առաջին քայլերը նշանագրուած են աղօթքով։ Առաքեալներուն գրութիւնները եւ Առաքեալներու գործեր գիրքը մեզի կը պարգեւեն ճանապարհորդութեան մէջ եկեղեցւոյ մը համապատկերը, գործունեայ եկեղեցի մը, որ աղօթքի հաւաքներուն մէջ կը գտնէ իր հիմքը եւ առաքելական գործունէութեան սլացքը։

Ղուկաս առաքեալ Գործ Առաքելոց գիրքին մէջ կը գրէ (2,42) Անոնք ամէն օր յարատեւօրէն կը հետեւէին առաքեալներուն ուսուցումին, հաղորդութեան, հացի բեկանումին եւ աղօթքներուն։

Այնտեղ կը գտնենք եկեղեցական կեանքին չորս հիմնական յատկութիւնները, առաքեալներու ուսուցումին ունկնդրութիւնը, փոխադարձ հաղորդութեան պահպանումը, հացի բեկանումը եւ աղօթքը։ Ասոնք մեզի կը յիշեցնեն, որ Եկեղեցւոյ գոյութիւնը իմաստ ունի եթէ ան ամուր կերպով միացած մնայ Քրիստոսին։

Աղօթքը Սուրբ Հոգիի մէջ  Հօր Աստուծոյ հետ երկխօսութեան տարածքն է Քրիստոսի միջնորդութեամբ։

Ամէն ինչ որ Եկեղեցւոյ մէջ կ՛աճի այս «չափանիշերէն» դուրս զուրկ է արմատներէ։  Զատորոշելու համար իրավիճակ մը պէտք է դիմենք այդ չորս «չափանիշերուն», քարոզչութիւնը, եղբայրական հաղորդութեան յարատեւ որոնումը, սէրը, հացին բեկանումը, այսինքն Սուրբ Հաղորդութիւնը եւ աղօթքը։ Այն բաները որ այս չափանիշերուն չեն համապատասխաներ զուրկ են եկեղեցականութիւնէն։

Եկեղեցին շուկայ մը չէ։ Եկեղեցին ձեռնարկատէրու խումբ մը չէ՝ որ յառաջ կը տանին նոր ծրագիր մը։ Եկեղեցին Սուրբ Հոգիին գործն է որ Յիսուս ուղարկեց մեզ համախմբելու համար։ Եւ ամէն ինչ որ ասկէ դուրս կ՛աճի հիմք չունի ու կը նմանի աւազի վրայ կառուցուած տունի մը։

Եկեղեցին չի զարգանար մարդորսութեամբ այլ քաշողական ուժով ինչպէս կ՛ըսէր  Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը եւ եթէ Սուրբ Հոգին պակսի Եկեղեցին գոյութիւն չունի։ Բարի նպատակներով խումբ մը մարդիկ կարող են գոյութիւն ունենալ սակայն ոչ եկեղեցին։

Ամէն ինչ որ Եկեղեցւոյ մէջ կ՛աճի այս «չափանիշերէն» դուրս զուրկ է արմատներէ ու կը նմանի տունի մը կառուցուած աւազի վրայ։ Աստուած է որ կը կազմէ եկեղեցին։ Եւ ինչպէս կը կարդանք Առաքեալներու Գործերուն մէջ աղօթքի հաւաքները աւետարանութեան զօրեղ շարժիչ ուժն են, ուր բոլոր անոնք՝ որոնք կը մասնակցին այդ աղօթքին կը փորձարկեն Յիսուսին ներկայութիւնը։

Առաջին քրիստոնէական հասարակութեան անդամները, - բայց այս մէկը վաւեր է նաեւ մեր օրերուն մեզի համար եւս– կ՛ըմբռնեն թէ Յիսուսին հետ հանդիպումի պատմութիւնը  կանգ չ՛առաւ համբարձումին օրը, այլ կը շարունակուի համայն կեանքի ընթացքին, ու նաեւ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։

Աղօթքը լոյս եւ ջերմութիւն կը ցոլայ, Սուրբ Հոգւոյն պարգեւը ապա աղօթողներուն մէջ կը յարուցէ եռանդ։

Սուրբ Հոգին աղօթքի մէջ գտնուող եկեղեցւոյ կը յիշեցնէ Քրիստոսը, զայն կ՛առաջնորդէ իսկական Ճշմարտութեան ոչ որպէս պարզ յիշատակ այլ զայն դարձնելով ներկայ եւ գործունեայ։ Քրիստոնեաները քալելով առաքելութեան արահետներուն վրայ կը յիշեն Յիսուսը ու զայն ներկայ կը դարձնեն, Անորմէ եւ Անոր Հոգիէն ընկալելով «մղումը» երթալու, աւետելու եւ ծառայելու։

Աղօթքի միջոցաւ Քրիստոնեան կը մխրճուի Աստուծոյ խորհուրդին մէջ, որ կը սիրէ իւրաքանչիւր մարդ ու կը փափաքի որ Աւետարանը քարոզուի բոլորին։  Աստուած` Աստուած է բոլորին համար եւ Յիսուսին մէջ ամէն մէկ բաժանումի պատ վերջնականապէս կը փլուզուի։

Սուրբ Հոգիին կրակն է, որ ուժ կը պարգեւէ քարոզողներուն եւ առաքեալներուն։ Ան է, որ կեանք կու տայ ամէն ինչի։ Եւ ամէն մէկ քրիստոնեայ, որ վախ չունի ժամանակ յատկացնելու աղօթքին կարող է իրը դարձնել Պօղոս առաքեալին Խօսքերը. «Այս կեանքը, որ կ՛ապրիմ մարմնով, կ՛ապրիմ Աստուծոյ Որդոյն հաւատքով, որ սիրեց զիս եւ ինքզինք զոհեց ինծի համար»։

Միայն երկրպագութեան լռութեան մէջ է, որ կը փորձարկուի այս խօսքերուն ամբողջական ճշմարտութիւնը: Անիկա Սուրբ Հոգիին  կենդանի կրակն է, որ  ուժ կու տայ վկայութեան եւ առաքելութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2020, 09:35