«Աղօթենք պնդումով, հետեւողականութեամբ եւ խոնարհութեամբ». Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Աւետարանական ուսուցումը յստակ է, պէտք է միշտ աղօթել, նոյնիսկ եթէ ապարդիւն թուի այդ մէկը, երբ Աստուած թուի խուլ եւ համր ու կը կարծենք թէ ժամանակի կորուստ ըլլայ այդ մէկը։ Նոյնիսկ եթէ երկինքը մթագնի, Քրիստոնեան չի դադրիր աղօթելէ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 11 Նոյեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Պալատի Մատենադարանէն գլխաւորեց Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, զոր սփռուեցաւ ուղիղ եթերով։

Շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնները Նորին Սրբութիւնը ի մէջ այլոց ըսաւ.

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս. Կը շարունակենք աղօթքի մասին խորհրդածութիւնները։ Մէկ մը ինծի ըսաւ թէ ես շատ կը խօսիմ աղօթքի մասին. Անհրաժեշտ չէ։ Այո անհրաժեշտ է։ Որովհետեւ եթէ մենք չ՛աղօթենք, ուժ պիտի չունենանք յառաջ ընթանալու կեանքին մէջ։ Աղօթքը մեր կեանքին համար նման է թթուածինին։ Աղօթքը մեր վրայ կը հրաւիրէ Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը ու մեզ յառաջ կը մղէ։ Ասոր համար է, որ ես շատ կը խօսիմ աղօթքի մասին» յարեց Սրբազան Պապը ու շարունակեց. «Յիսուս տիպար հանդիսացաւ շարունակական աղօթքի մը, որ գործադրուեցաւ հետեւողականութեամբ։ Հօր հետ մշտական երկխօսութիւնը, լռութեան եւ ամփոփումի մէջ, հիմքն է  անոր ամբողջ առաքելութեան։ Աւետարանները մեզի կը յայտնեն անոր յորդորները՝ ուղղուած աշակերտներուն, որպէսզի պնդումով աղօթեն առանց յոգնութեան եւ Քրիստոնէականը մեզի կը յիշեցնէ Ղուկաս Աւետարանի մէջ պարունակուած երեք առակներ., որոնք կ՛ընդգծեն աղօթքի այս յատկութիւնը։

Աղօթքը նախ եւ առաջ ըլլալու է կամապաշտ՝ նման այն առակի  անձնաւորութեան որ ստիպուելով իր մօտ հիւրընկալել անակնկալ կերպով ժամանած հիւր մը, ուշ գիշերին կ՛երթայ եւ բարեկամի տան դուռը կը թակէ, անորմէ հաց ուզելով։ Երբ բարեկամը կը պատասխանէ թէ չի կրնար հացը տալ, որովհետեւ արդեն անկողինի մէջ է։ Ան կը պնդէ ու կը պնդէ մինչեւ որ ան ստիպուած կ՛ելլէ եւ անոր կու տայ իր խնդրածը (Ղուկաս 11, 5-8).

«Աստուած մեզմէ շատ աւելի համբերատար է եւ ան՝ որ հաւատքով կը բախէ անոր սրտին դուռը յուսախաբ չի մնար. Մեր հայրը քաջատեղեակ է թէ ինչի կարիքը ունինք, ու պնդումը չի ծառայեր զինք համոզելու այլ կը ծառայէ մեր մէջ սնուցելու իղձը եւ սպասումը» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Երկրորդ օրինակը «Անիրաւ դատաւորը եւ այրիին» առակն է։

«Քաղաքի մը մէջ դատաւոր մը կար, որ Աստուծմէ չէր վախնար եւ մարդոցմէ չէր ամչնար։  Նոյն քաղաքին մէջ այրի մըն ալ կար, որ անոր մօտ կ՛երթար ու կ՛ըսէր. Դա՛տս տես հակառակորդիս դէմ։  Դատաւորը  երկար ատեն չուզեց. բայց յետոյ ինքնիրեն ըսաւ. թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար եւ մարդոցմէ չեմ ամչնար,  բայց գոնէ այրիին պատճառած յոգնութեան համար` տեսնեմ սա դատը, որպէսզի շարունակ չգայ ու զիս չձանձրացնէ» (Ղուկաս 18, 1 – 8)։ Այ առակը մեզի կը սորվեցնէ թէ հաւատքը ակնթարթի մը սլացքը չէ այլ բարի տրամադրութիւն՝ պաղատելու Աստուծոյ, ու նաեւ Անոր հետ վիճաբանելու, առանց յուսալքուելու չարին եւ անարդարութեան դիմաց։

Երրորդ օրինակը Փարիսեցիի ու մաքսաւորի առակն է, որոնք տաճար կ՛երթան աղօթելու։ Առաջինը Աստուծոյ  կը դիմէ հպարտանալով իր արժանիքներով, միւսը ինքզինք կը համարէ անարժան նոյնիսկ Աստուծոյ այդ սրբավայրին մէջ մտնելու։ Աստուած սակայն չի ունկնդրեր սնապարծներու աղօթքը մինչ կը պատասխանէ խոնարհներու աղերսանքին (Ղուկ 18, 9-14). Չկայ իսկական աղօթք առանց հեզութեան ոգիին։ 

Աւետարանական ուսուցումը յստակ է, պէտք է միշտ աղօթել, նոյնիսկ եթէ ապարդիւն թուի այդ մէկը, երբ Աստուած թուի խուլ եւ համր ու կը կարծենք թէ ժամանակի կորուստ ըլլայ այդ մէկը։ Նոյնիսկ եթէ երկինքը մթագնի, Քրիստոնեան չի դադրիր աղօթելէ։ Անոր աղօթքը կը զուգորդի անոր հաւատքին հետ։ Հաւատքը շատ անգամ կարող է թուալ պատրանք կամ անպտուղ ջանք։ Բայց աղօթելը կը նշանակէ նաեւ ընդունիլ այս յոգնութիւնը։ Շատ մը սուրբեր փորձարկեցին հաւատքին խաւարը եւ Աստուծոյ լռութիւնը ու մնացին հետեւողական։

Անոնք որոնք այդ հաւատքի խաւարին մէջ կ՛աղօթեն միայնակ չեն։ Յիսուս արդարեւ ոչ միայն աղօթքի վարդապետ ու վկան է ։ Ան մեզ կ՛ընկալէ իր աղօթքին մէջ, որպէսզի մենք կարողանանք աղօթել իր հետ եւ իր միջոցաւ։ Եւ այս մէկը կը պատահի Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ։ Ասոր համար է, որ Աւետարանը մեզ կը հրաւիրէ աղօթելու Հօր, Յիսուսին անունով։ Յիսուսին աղօթքը արդարեւ կը պարգեւէ թեւեր, զոր մարդուն աղօթքը միշտ ուզած է ունենալ։

Քրիստոսի մէջ է որ մեր աղօթքը կը գտնէ իր լիակատար ճշմարտութիւնը։ Առանց Յիսուսին մեր աղօթքները կարող են վերածուիլ լոկ մարդկային ջանքերու, որոնք յաճախ վիճակուած են ձախողութեան։  Բայց ան իր վրայ առաւ ամէն մէկ աղաղակ, ամէն հառաչանք, ամէն ուրախութիւն ամէն աղաչանք…. մարդկային իւրաքանչիւր աղօթք:

«Եւ չի մոռնանք Սուրբ Հոգին։ Ան կ՛աղօթէ մեզի համար։ Ան է որ մեզ աղօթքի կը մղէ, մեզ կը տանի Յիսուսին։ Ան Պարգեւն է զոր Հայրն ու Որդին մեզի պարգեւեցին, որպէսզի յառաջ ընթանանք դէպի Աստուծոյ հետ հանդիպումը։ Սուրբ Հոգին է որ կ՛աղօթէ մեր սրտերուն մէջ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հաստատելով՝ թէ «Քրիստոս ամէն ինչ է մեզի համար, նաեւ մեր աղօթքի կեանքին մէջ։ Այս մէկը կը հաստատէր Սուրբ  Օգոստինոսը լուսաւոր մէկ արտայայտութեամբ, զոր կը գտնենք նաեւ քրիստոնէականին մէջ. Յիսուս՝ կ՛աղօթէ մեզի համար, որպէս մեր վարդապետը, կ՛աղօթէ մեր մէջ որպէս, մեր պետը. Մենք կ՛աղօթենք իրեն՝ որպէս եր Աստուածը։ Ճանչնանք ուրեմն Անոր մէջ մեր ձայնը ու մեր մէջ Անոր ձայնը։ Եւ ասոր համար է, որ Քրիստոնեան, որ կ՛աղօթէ ոչ մէկ բանէ կը վախնայ։  Ան կը վստահի Սուրբ Հոգիին, որ կ՛աղօթէ մեր մէջ ու մեզ կը մղէ աղօթքին։ Թող նոյնինքն Սուրբ Հոգին, որ աղօթքի Վարդապետ է մեզի սորվեցնէ աղօթքի ուղեւորութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2020, 09:31