Սուրբ Մարթին Սուրբ Մարթին 

Ֆրանչիսկոս Պապին 11 նոյեմբերի թուիթը։ Սուրբ Մարթինի տօնին առթիւ։

Թուրի Եպիսկոպոսը, եկեղեցւոյ մեծ հովիւը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 11ին, Սուրբ Մարթինի ծիսական տօնն է ։ Այս առթիւ քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ որուն մէջ քաջալերեց սորվելու Սուրբ Մարթինէն, հաւատքի  մէջ քաջ ըլլալու եւ եղբայրասիրութեան մէջ առատաձեռն։

Ունկնդրէ լուրը

«Այսօր Սուրբ Մարթինի ծիսական տօնն է։ Թուրի Եպիսկոպոսը, մեծ հովիւը եկեղեցւոյ որ բնորոշուած է աւետարանական եղբայրասիրութեամբ աղքատներուն եւ մեկուսացեալներուն նկատմամբ։ Անոր օրինակը թող մեզի դաս ըլլայ միշտ քաջ ըլլալու հաւատքին մէջ եւ առատաձերն եղբայրսիրութեան մէջ» գրեց ֆրանչիսկոս Պապ այսօրուան թուիթին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2020, 14:05