«Ձեռքդ երկարէ աղքատին» «Ձեռքդ երկարէ աղքատին»  

«Սէրը բաժնեկցութիւն է, նուիրում է, ծառայութիւն է». Ֆրանչիսկոս Պապին 17 նոյեմբերի թուիթը

«Երկարած ձեռքը կարող է միշտ հարստանալ ժպիտովն անոնց որոնք չեն կշռել տար իրենց ներկայութիւնը եւ նուիրած օգնութիւնը, այլ կ՛ուրախանան միայն ապրելով Քրիստոսի աշակերտի կեանքի ապրելակերպը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Նոյնիսկ ժպիտ մը աղքատին հետ բաժնեկցուած  աղբիւր է սիրոյ եւ ուրախութեան։ Երկարած ձեռքը կարող է միշտ հարստանալ ժպիտովն անոնց, որոնք  կշռել չեն տար իրենց ներկայութիւնը եւ նուիրած օգնութիւնը, այլ կ՛ուրախանան միայն ապրելով Քրիստոսի աշակերտի կեանքի ապրելակերպը»։  Խօսքեր են ասոնք քաղուած Ֆրանչիսկոս Պապին Աղքատներու Համաշխարհային չորրորդ օրուան նուիրուած պատգամէն, որուն այս տարուայ բնաբանն էր «Ձեռքդ երկարէ աղքատին» եւ որ յիշատակուեցաւ անցեալ կիրակի Նորին Սրբութեան Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագով եւ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ աղքատներու ի նպաստ ի գործ դրուած ձեռնարկներով։

Պատգամին մէջ ի մէջ այլոց Սրբազան Պապը գրած էր «մեր ամէն մէկ արարքի դիտաւորութիւնը  ուրիշ բան չէ եթէ ոչ սէրը։ Այս է նպատակը դէպի որուն կ’ընթանանք եւ ոչ մէկ բան մեզ անորմէ պէտք է շեղեցնէ։ Այս սէրը բաժնեկցութիւն է, նուիրում է, ծառայութիւն է, եւ կը սկսի այն բացայայտումէն՝ թէ մենք եղանք առաջինները՝ որ սիրուեցանք եւ զարթեցանք սիրոյ համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2020, 13:30