«Ձրի առիք, ձրի տուէք (Մատթ. 10, 8)». «Ձրի առիք, ձրի տուէք (Մատթ. 10, 8)». 

«Ձրի առիք, ձրի տուէք (Մատթ. 10, 8)». Ֆրանչիսկոս Պապին 7 նոյեմբերի թուիթը։

«Միայն անվճար ընդունելութիւն ներառող ընկերային եւ քաղաքական մշակոյթ մը՝ կարող է ունենալ ապագայ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարփան - Վատիկան

«Բոլորս կարող ենք բան մը պարգեւել առանց այլ բան ընկալելու, բարիք կատարել առանց նոյնը պահանջելու անորմէ որուն օգնութեան կը հասնինք։ Յիսուս այս կ՛ըսէր իր աշակերտներուն «Ձրի առիք, ձրի տուէք (Մատթ. 10, 8) #FratelliTutti» այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, շաբաթ 7 նոյեմբերին հրապարակած թուիթը, որուն պարունակութիւնը քաղուած է դարձեալ Նորին Սրբութեան վերջերս հրապարակած «Fratelli tutti» շրջաբերականէն ուր Սրբազան Պապը կը հաստատէ նաեւ թէ «Աշխարհի զանազան երկիրներու իսկական որակը կը չափուի այն կարողութեան համաձայն՝ մտածելու ոչ միայն որպէս երկիր, այլ նաեւ որպէս մարդկային ընտանիք, եւ այս մէկը կը դրսեւորուի յատկապէս տագնապալից պահերուն….յաճախ գաղթականը նկատուած է, որպէս զաւթիչ, որ ոչ մէկ բան կ՛առաջարկէ։ Այդպէսով միամտօրէն կը մտածենք թէ աղքատները վտանգաւոր կամ անօգուտ են եւ թէ հզօրները առատաձեռն բարերարներ են։ «Միայն անվճար ընդունելութիւն ներառող ընկերային եւ քաղաքական մշակոյթ մը՝ կարող է ունենալ ապագայ», կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը շրջաբերականի 140րդ յօդուածին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2020, 13:30