Վիեննայի մէջ ահաբեկչական յարձակում Վիեննայի մէջ ահաբեկչական յարձակում 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնները Վիեննայի մէջ ահաբեկչական յարձակումին ի լուր։

«Թող ընկերութեան մէջ խթանուի խաղաղ համակեցութիւնը» կը յանձնարարէ Քահանայապետը որ թուիթի մը միջոցաւ կը խրախուսէ «միասին կառուցել խաղաղութիւն եւ եղբայրութիւն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող մէկ հեռագիրի միջոցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր խոր մասնակցութիւնը արտայայտեց Վիեննայի ահաբեկչական յարձակումի զոհերու ընտանիքներու ցաւին ու Աւստրիոյ համայն ժողովուրդին։ Ան նաեւ իր մօտիկութիւնը արտայայտեց վիրաւորներուն անոնց ապահովեցնելով իր աղօթքները մինչ զոհերու հոգիները յանձնեց Աստուծոյ ողորմութեան։

Նորին Սրբութիւնը ապա Տիրոջ պաղատանք յայտնեց որ դադրին բռնութիւնն ու ատելութիւնը եւ ընկերութեան մէջ խթանուի խաղաղ համակեցութիւնը։

Ան ապա թուիթի մը միջոցաւ արտայայտեց իր խոր վիշտն ու ցաւը «Վիեննայի մէջ պատահած ահաբեկչական յարձակումին համար»։ «Բաւ է բռնութիւն։ Միասին կառուցենք խաղաղութիւն եւ եղբայրութիւն։ Միայն սէրը կարող է մարել ատելութիւնը» գրեց Սրբազան Պապը

Ահաբեկչական յարձակումը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան, որուն պատճառաւ զոհուած են  վեց անձեր, մինչ վիրաւորներու թիւը հասաւ 22, որոնցմէ վեցն ծանր իրավիճակի մէջ։

Աւստրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց 14 անձերու ժամանակաւոր ձերբակալումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2020, 15:30