Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Փասիոնիսթ» միաբանութեան հիմնադրութեան երրորդ դարադարձին առիթով։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց որոնելու նոր ապրելակերպեր ու ոճեր աւետելու համար Խաչեալին Սէրը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Փասիոնիսթներու միաբանութեան հիմնադրութեան յոբելենական երրորդ դարադարձին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ շնորհաւորական պատգամ մը յղեց միաբանութեան ընդահանուր մեծաւոր Հայր Joachim REGO-ին։

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհաւորական պատգամին Սրբազան Հայրը նշեց, թէ միաբանութեան հիմնադրութեան երրորդ ամեակը իրեն համար առիթ է հոգեպէս մասնակցելու միաբանութեան կոչումի պարգեւին ուրախութեան, ստացուած Քրիստոսի չարչարանքի յիշատակը աւետելու համար, Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը նկատելով կեանքի կեդրոնը, որ շնորհապարգեւ մըն է։

Կեդրոնանալով ապա շնորհապարգեւին վրայ Սրբազան Հայրը նշեց, որ շնորհապարգեւ  ինչպէս կրօնական կեանքի ամէն շնորհապարգեւ ճառագայթումն է փրկարար սիրոյ, որ կը բխի Երրորդութեան խորհուրդէն եւ կը յայտնուի Խաչեալին սիրոյ մէջ ու կը հոսի անձի մը վրայ՝ ընտրուած նախախնամութեան կողմէ  եւ  կը տարածուի տուեալ հասարակութեան մը մէջ,  որպէսզի տեղադրուի եկեղեցւոյ մէջ, ի պատասխան պատմութեան յատուկ կարիքներուն։

Ֆրանչիսկոկս Պապ, Փասիոնիսթ միաբանութեան հիմնադրութեան դարադարձը նախախնամական առիթ նկատեց  ընթանալու դէպի նոր առաքելական նպատակներ, առանց իյնալու այն փորձութեան մէջ, որ է ձգել ամէն ինչ՝ այնպէս ինչպէս որ են։ Ան Յորդորեց որոնել նոր ապրելակերպեր ու ոճեր՝ աւետելու համար խաչեալին սէրը, ապա ընդգծեց երեք կէտեր. երախտագիտութիւն, մարգարէութիւն, յոյս։  

Երախտագիտութիւն. անցեալը ապրելու փորձառութիւն մըն է՝ Մեծացուցանէի հոգիով ու կ՝ընթանայ դէպի ապագայ՝ Սուրբ Հաղորդութեան կեցուածքով։

Մարգարէութիւն. մտածել ու խօսիլ է Սուրբ Հոգիին ներքոյ եւ այս կարելի է այն անձին համար, որ աղօթքը կ՝ապրի իբրեւ հոգիի շունչ եւ գիտէ ընկալել Սուրբ Հոգիին շարժումները՝ սիրտի  եւ համայն արարչագործութեան մէջ։

Յոյս. տեսնել է սերմը, որ կը մեռնի ու կը բազմապատկուի։ Յոյսը ուրախանալ է ունեցած բաներու համար եւ ոչ թէ գանգատիլ է չ՝ունեցած բաներուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով Փասիոնիսթներու միաբանութեան հիմնադիր, Խաչի Սուրբ Պօղոսին, նշեց թէ ան  Յիսուսի չարչարանքը նկարագրած է, որպէս Աստուծոյ ամենէն մեծ եւ հրաշալի գործը։ Յորդորեց շարունակել աշխատիլ մարդկութեան կարիքներուն համար, յատուկէն մեր ժամանակուան խաչեալներուն՝ աղքատներուն, դիւրաբեկներուն, ընկճուածներուն համար եւ ասիկա կատարելու համար անհրաժեշտ է ներքին անկեղծ վերանորոգումի, որ կը յառաջանայ, Խաչեալ Յարուցեալին հետ անձնական յարաբերութենէն։ Նշեց Սրբազան Հայրը։

Ան պատգամը աւարտեց յանձնելով միաբանութեան անդամները, Խաչեալ-Յարուցեալ Մօր հովանիին եւ հայցելով միաբանութեան հիմնադիր, Խաչի Սուրբ Պօղոսի բարեխօսութիւնը, ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը միաբանութեան եւ բոլոր անոնց վրայ, որոնք կը մասնակցին միաբանութեան հիմնադրութեան յոբելենական հանդիսութիւններուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2020, 11:24