Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Քենիայի նախագահը։ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Քենիայի նախագահը։  

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Քենիայի նախագահը։

Նախագահը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, որուն կ՛ընկերանայ Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար՝ գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ այսօր՝ 6 Նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Քենիայի հանրապետութեան նախագահ Տիար Ուհուվու Մուիկայ Քենեաթթային, որ ապա հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար՝  գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Պետական Քարտուղարութեան մօտ կայացած հանդիպումի ընթացքին շեշտուեցան երկկողմանի բարի յարաբերութիւնները, որոնց ծիրէն ներս ընդգծուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կարեւոր նպաստը Քենիայի ընկերութեան, յատուկէն անդրադառնալով դաստիարական եւ առողջական մարզերուն։

Զրոյցները հանգեցան ապա Երկրին ներկայ իրավիճակին վրայ ու անոր բազմակողմնութեան ի նպաստ ներդրումի կարելիութեան վրայ, ըլլայ ցամաքային ըլլայ միջազգային տեսութեամբ։

Մատնանշուեցան նաեւ երկու կողմերը հետաքրքրող նիւթեր,  որոնց շարքին համաճարակի տագնապը, կլիմայական փոփոխութիւնները եւ գաղթականներու հարցը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2020, 13:13