«Մահէն ետք յոյսը խարիսխ է, որ կեանքին իմաստ կը պարգեւէ». Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Աղօթենք Քորոնաժահրի զոհերուն համար. Անոնց՝ որոնք մահացան միայնակ, առանց իրենց սիրելիներու շոյանքին, ու բոլոր այն անձերուն, որոնք իրենց կեանքը պարգեւեցին հիւանդներու ծառայութեան մէջ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ուրախութեան և վատ պահերուն, փորձութիւններու ժամանակ, երբ նոյնիսկ մահը կը մօտենայ, «թող Յոբ նահապետի պէս կրկնենք. Ես գիտեմ, որ իմ Փրկիչը կենդանի է, և ես զայն պիտի տեսնեմ իմ աչքերովս»: Այս է քրիստոնէական յոյսը, պարգեւ մը՝ որ Տէրը կարող է մեզի շնորհել երբ զայն խնդրենք Անորմէ։  Այսօր  «կեանքէն հեռացած բազմաթիւ եղբայրներու ու քոյրերու մտածումով, մեզի համար լաւ է հայեացքը սեւեռել դէպի վեր՝ կրկնելով Յոբին խօսքերը»: Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 2 նոյեմբեր 2020-ի օր մեռելոցի առթիւ՝ Վատիկանի « teutonico di Santa Maria in Camposanto» Քահանայապետական վարժարանի մատրան մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին առանցքը, նախ քան Վատիկանի քարայրները այցելելը ուր աղօթեց ննջեցեալ Քահանայապետերու շիրիմներուն մօտ։

Քրիստոնէական յոյսը, ըսաւ ի մէջ այլոց Սրբազան Պապը, յոյս մըն է որ է պարգեւ։ Մենք չենք կարող զայն ունենալ, պէտք է որ խնդրենք զայն. «Տէր ինծի շնորհէ քու յոյսդ»։ Այս յոյսը յուսախափեցուցիչ չէ, ան մեզ կը ներգրաւէ ու իմաստ կը պարգեւէ մեր կեանքին։ Մենք անդենական աշխարհը չենք տեսներ սակայն յոյսը Աստուծոյ այն պարգեւն է որ մեզ կը ներքաշէ դէպի կեանքը՝ դէպի յաւիտենական ուրախութիւնը։ Յոյսը խարիսխ մըն է որուն պարանին կապուած ենք մենք։ Ես գիտեմ թէ Փրկիչս կենդանի է եւ պիտի տեսնեմ զինք։ «Այս կրկնելու ենք ուրախութեան եւ վատ պահերուն, մահուան պահուն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Նշենք թէ նոյն օրը հրապարակած թուիթին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրած էր աղօթել բոլոր ննջեցեալ հոգիներու փրկութեան համար, ու «յատկապէս» գրած էր ան «Քորոնաժահրի զոհերուն համար. Անոնց՝ որոնք մահացան միայնակ, առանց իրենց սիրելիներու շոյանքին, ու բոլոր այն անձերուն, որոնք իրենց կեանքը պարգեւեցին հիւանդներու ծառայութեան մէջ»

Պատարագէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը փոխադրուեցաւ  Վատիկանի « teutonico» գերեզմանատուն ուր ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ կատարելով նաեւ օրհնութեան կարգը հուսկ ուղղուեցաւ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի գետնադամբան ուր պահպանուած են  նախորդ քահանայապետերու աճիւնները այնտեղ եւս աղօթելով անոնց շիրիմներուն վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2020, 08:00