«Մեծ երազներու համար հարկաւոր են մեծ ընտրանքներ՝ մենք կը դառնանք այն ինչ, որ կ՛ընտրենք». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Եթէ ընտրենք Աստուած՝ ամէն օր աւելիով սիրուած կը դառնանք ու եթէ ընտրենք սիրել կը դառնանք երջանիկ։ Այո որովհետեւ ընտրանքներու գեղեցկութիւնը կախեալ է սէրէն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կեանքը ուժեղ ընտրանքներու ժամանակ է, վճռական երազներու, յաւիտենական երազներու։  Աննշան ընտրանքները կը մղեն աննշան կեանքի, մեծ ընտրութիւնները կեանքը մեծ կը դարձնեն։ Մենք արդարեւ կը դառնանք այն ինչ, որ կ՛ընտրենք, բարիի եւ չարի մէջ։  Եթէ ընտրենք գողնալ՝ գող կը դառնանք, եթէ ընտրենք մտածել միայն մեր մասին կը դառնանք եսասէր, եթէ ընտրենք ատել կը դառնանք զայրացած, եթէ ընտրենք ժամեր անցնել բջիջային հեռախօսի դիմաց կը դառնանք անորմէ կախուած։ Բայց եթէ ընտրենք Աստուած՝ ամէն օր աւելիով սիրուած կը դառնանք ու եթէ ընտրենք սիրել կը դառնանք երջանիկ։ Այո որովհետեւ ընտրանքներու գեղեցկութիւնը կախեալ է սէրէն»։ Խօսքերն են ասոնք զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Կիրակի 22 նոյեմբերին, Քրիստոս Տիեզերքի Թագաւոր տօնին օրը Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ։

Այս առթիւ կայացաւ նաեւ Երիտասարդներու  Համաշխարհային օրերուն խորհրդանիշերու յանձնումի արարողութիւնը, այսինքն ԵՀՕ խաչին եւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերին նմուշի յանձնումը այն երկրի երիտասարդներուն կողմէ, որոնք վերջին անգամ հիւրընկալեցին ԵՀՕ, այս պարագային Փանաման, դէպի այն երկրի երիտասարդները ուր տեղի պիտի ունենան յաջորդ ԵՀՕ, այս պարագային Փորթուկալը (2023)։

Սուրբ Զոհին ներկայ գտնուեցան, ի տես նաեւ համաճարակի կանխարգիլման ուղղութեամբ որդեգրուած միջոցառումներուն, երկու երկիրներէ երիտասարդներու փոքրաթիւ պատուիրակութիւն մը,

Յայտենք թէ ԵՀՕ խորհրդանիշերու յանձնման արարողութիւնը   ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ Ծաղկազարդի օրը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայացած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի աւարտին։ Աւանդութիւն մը՝ որ սկիզբ առած էր 1984 թուականին երբ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը երիտասարդներուն յանձնեց Յոբելենական տարւոյն խաչը, որ դարձաւ ԵՀՕ Խաչը։ Իսկ 2003 Թուականին երջանկայիշատակ Քահանայապետը Խաչին հետ միասին երիտասարդներուն նուիրեց Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Սրբապատկերին նմանօրինակը ու այդ օրէն այս երկու խորհրդանիշերը կը շրջին աշխարհի այն վայրերը ուր կը կազմակերպուին ԵՀՕ հաւաքները։

Սուրբ Զոհի ընթացքին ընթերցուած Աւետարանը քաղուած էր Մատթէոսի աւետարանէն, ուր Յիսուս իր աշակերտներուն կը յայտնէ իր վերջին կամքը՝  սիրոյ  համար  խաչին վրայ իր զոհաբերումէն առաջ։

Ան մեզի կ՛ըսէ թէ բարիքը զոր կ՛ընենք իր ամենափոքր եղբայրներէն մէկուն – անօթի, ծարաւ, օտարական, կարիքաւոր, հիւանդ, բանտարկեալ – իրեն ըրած կ՛ըլլանք (Մատթէոս 25, 37-40)։

«Տէրը մեզի կը յանձնէ նուէրներու ցանկ մը, զոր ինք կը փափաքի երկնքի մէջ մեր հետ յաւիտենական հարսանիքին  համար», ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով՝ որ այս նուէրները «ողորմութեան արարքներն են, որոնք յաւիտենական կը դարձնեն մեր կեանքը»։

Յիսուս մեզի կ՛ըսէ. «ես քեզ կը սպասեմ այնտեղ ուր դուն չես ակնկալեր որ ըլլամ, այնտեղ ուր դուն չես ուզեր նայիլ, այնտեղ՝ աղքատներուն մէջ»։ Այնպէս ինչպէս ըրաւ դարեր առաջ երիտասարդ զինուորականի մը հետ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու պատմեց Սուրբ Մարթինոսի պատմութիւնը երբ ան 18 տարեկան երիտասարդ կը հանդիպի աղքատի մը, որ ողորմութիւն կ՛ուզէր մարդոցմէ սակայն ոչ մէկը անոր ուշադրութիւն կը դարձներ։

Այդ պահուն ան խղճալով աղքատին վրայ, թէեւ այլ բան չունէր տալիք, իր վերարկուէն կտոր մը կտրէ ու աղքատի ուսերուն վրայ կը դնէ։ Յաջորդ գիշերը ան երազին մէջ կը տեսնէ Յիսուսը, որ իր վրայ կը կրեր վերարկուն ու կ՛ըսէ «Մարթինոս դուն ինծի ծածկեցիր այս վերարկուով»։

«Մարթինոսը այդ երազը տեսաւ, որովհետեւ ապրեցաւ զայն» յարեց Քահանայապետը ապա խօսքը ուղղելով  երիտասարդներուն խրախուսեց չի հրաժարիլ մեծ երազանքներէն։ Տէրը չուզեր որ մեր հորիզոնները սահմանափակենք, ան մեզ կ՛ուզէ մղուած դէպի նոր բարձր նպատակներ։

«Մենք եղած ենք աշխարհի մէջ իրականացնելու համար Աստուծոյ երազները։ Ան մեզ կարող դարձուց երազանքի, որպէսզի կեանքի գեղեցկութիւնը ողջագուրենք։ Եւ ողորմութեան արարքները կեանքի ամենագեղեցիկ գործերն են»  նշեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով թէ այսօրուան աւետարանը մեզի կը խօսի նաեւ վերջին դատաստանի մասին, երբ Տէրը պիտի հիմնուի մեր ընտրանքներուն վրայ։ Ան պիտի բաժնէ չարերը բարիներէն ու այս մէկը կախեալ է մեզմէ։ Կեանքը արդարեւ ընտրանքներու ժամանակ է եւ Յիսուս որ կեանքի Տէրն է կ՛ուզէ, որ մենք եւս ըլլանք լի կեանքով ու մեզի կու տայ կեանքին գաղտնիքը. Զայն կ՛ընկալենք միայն զայն նուիրելով։

«Կան անշուշտ խոչընդոտներ։ Սէրը սակայն մեզմէ կը պահանջէ զանոնք գերազանցել ու կապուած չի մնալ կեանքի «ինչու»ներուն։ Աէրը կը մղէ անցնելու «ինչու» էն դէպի  «որու համար» հարցումին, որու համար կ՛ապրիմ, որուն ի նպաստ կը գործեմ» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով կեանքի զանազան խոչնդոտներուն, ինչպէս նաեւ սիրոյ այն մեծ պատրանքին, որ այսօր կը բացայայտուի «like» երով, մինչդեռ սէրը ամենէ առաջ նուիրում է, զոհաբերում է։

Ընտրանք կատարել այսօր,  կը նշանակէ թոյլ չի տալ  որ սպառման մեխանիզմները մեզ թմրեցնեն,  կը նշանակէ հրաժարիլ երեւոյթներէն ու երեւնալէն։ Կեանքը ընտրելը կը նշանակէ պայքարիլ «ամէն ինչ այժմ եւ շուով» ու «գործածել եւ թափել» մտայնութեան դէմ, որպէսզի մեր գոյութիւնը առաջնորդուի դէպի Երկնքի նպատակը, դէպի Աստծոյ երազանքները:

Քարոզի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը վերջին խրատ մը ուզեց տալ երիտասարդներուն, որպէսզի մարզուին լաւ ընտրանք կատարելու համար։

«Հարց չի տալ թէ ինչ կը փափաքիմ ընել այլ Սուրբ Հոգիէն թելադրուած ու սրտէն բխած հարցումին հետեւիլ, ոչ թէ ի՞նչ կը փափաքիմ այլ այն ինչ որ ինծի համար բարի է։ Ահա այս է առօրեայի ընտրանքը ու այս ներաշխարհի մէջ գտնուող որոնումէն է, որ կարող են ծագիլ կեանքի ընտրանքները։ Նայինք Յիսուսին, Անորմէ հայցենք քաջութիւնը ընտրելու այն ինչ որ ինծի բարիք կը բերէ, որպէսզի քալենքԱնոր ետեւէն սիրոյ  ճանապարհին վրայ ու գտնենք երջանկութիւնը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2020, 10:33