Նորանշանակ Կարդինալներու հետ Սուրբ Պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ։

Եկուր Տէր Յիսուս, մենք պէտք ունինք քեզի։ Եկուր մեր մօտ։ Դուն Լոյս ես. Մեզ արթնցուր միջակութեան քունէն, փառատէ անտարբերութեան խաւարները. Եկ Տէր Յիսուս, արթուն դարձուր մեր ցնորած սրտերը. Մեզի զգալ տուր աղօթելու իղձը եւ սիրելու կարիքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 29 Նոյեմբեր 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ նորանշանակ կարդինալներուն հետ միասին մատոյց գոհաբանական սուրբ պատարագ, որուն առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ ակնարկելով օրուան ծիսակատարութեան որ կը նշէ Լատինաց մօտ «գալստեան» ժամանակը, Յիսնակացը, նշեց թէ այսօրուան սուրբ գրային ընթերցումները կ՛առաջարկեն երկու բանալի բառեր՝ մօտիկութիւն եւ հսկում։

Խօսելով մօտիկութիւն բառի մասին Քահանայապետը ընդգծեց թէ գալստեան ժամանակը ժամանակ է՝ որուն ընթացքին պէտք է յիշատակել Աստուծոյ մօտիկութիւնը, ան որ իջաւ մեր մէջ։

ՄՕՏԻԿՈԻԹԻՒՆ

Գալստեան ու ծիսական տարւոյն սկիզբի պատգամը այն է ճանչնալ Աստուծոյ մօտիկութիւնը ու անոր ըսել «աւելիով մօտեցիր» մեզի։  Ան արդարեւ կ՛ուզէ մեր մօտը գալ, բայց մեզի կ՛իյնայ անոր ըսել «Եկուր Տէր Յիսուս», ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով որ Յիսուս եկաւ մեր մէջ ու պիտի գայ նաեւ ժամանակներու աւարտին ու հրաւիրեց ամէն օր կրկնել կոչը. «Եկ Տէր Յիսուս»։

Յիսուսին մօտիկութիւնը հայցելով պիտի մարզենք նաեւ մեր հսկողութիւնը, յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով օրուան աւետարանական հատուածին մէջ (Մարկոս, 13, 33-35.37) Յիսուսին հրաւէրին «հսկեցէք»։  Յիսուս այդ բառը կը կրկնէ չորս  անգամ։ Անհրաժեշտ է արդարեւ արթուն մնալ ու հսկել։ Սուրբ Օգոստինոսը կ՛ըսէր.  «ես վախ ունիմ որ Յիսուսը անցնի ու ես չի նշմարեմ զինք»։

Մենք ալ հրապուրուած տարբեր շահերով ու մոլորուած տարբեր ունայնութիւններով, կ՛ապրինք էականը կորսնցնելու վտանգը ։ Ասոր համար Տէրը այսօր մեզի կը կրկնէ «Հսկեցէք»

ՀՍԿՈԻՄ

Իսկ եթէ պէտք է հսկել այս կը նշանակէ թէ կը գտնուինք խաւարին մէջ, որովհետեւ մենք կ՛ապրինք նոր օրուան սպասումով, եւ արեւածագը պիտի ժամանէ երբ մենք ըլլանք Տիրոջ հետ։ Գիշերը պիտի անցնի եւ պիտի ծագի Տէրը ու Ինք՝ որ մեռաւ մեզի համար մեզ պիտի առաջնորդէ։

Հսկել կը նշանակէ այս մէկը սպասել, կը նշանակէ թոյլ չի տալ որ յուսալքումը մեր վրայ տիրէ, կը նշանակէ ապրիլ Յոյսի մէջ։

Դժուար է սակայն արթուն մնալ եւ գիշերը քունի մէջ մտնելը բնական է։ Յիսուսին աշակերտները եւս չի կարողացան դիմանալ երբ ան անոնց յորդորած էր հսկել։ Անոնք եւս զինք դաւաճանեցին վերջին ընթրիքի պահուն, աքաղաղի աղաղակի ժամանակ զինք ուրացան ու առաւօտեան թոյլ տուին որ ան դատապարտուէր մահուան։

Միջակութեան քունը։

Մենք ալ կարող ենք քունի մէջ մտնել ու կայ վտանգաւոր մէկ քուն՝ միջակութեան քունը։ Ան կը հասնի երբ մենք մոռնանք մեր առաջին սէրը ու յառաջ կ՛ընթանանք ուշադրութիւն դարձնելով միայն հանգիստ կեանքին։ Առանց Աստուծոյ նկատմամբ սիրոյ տենչին, առանց Անոր նորութիւններու սպասումին մենք կը դառնանք միջակ, աշխարհիկ եւ գաղջ։ Այս մէկը կը խաթարէ հաւատքը, որովհետեւ հաւատքը հակառակ է միջակութեան։ Ան Աստուծոյ խանդավառ փափաք է, ան ապաշխարանքի շարունակական արիութիւն է, ան սիրելու քաջութիւն է։ Հաւատքը կրակը մարող ջուր չէ, ան այրող կրակ է, ան սիրոյ պատմութիւն է եւ ասոր համար Յիսուս կ՛ատէ միջակութիւնը։

Աղօթքը կը ձերբազատէ մջակութենէն

Միջակութեան քունէն կարելի է արթննալ աղօթքի մէջ հսկողութեան միջոցաւ։ Աղօթել կը նշանակէ մթութեան մէջ լոյս վարել։ Աղօթքը կը հեռացնէ միջակութենէն, ան հայեացքը կ՛ուղղէ դէպի վեր, ու կապի մէջ կը մտնէ Տիրոջ հետ։

Աղօթքը Աստուծոյ թոյլ կու տայ մեզի մօտիկ ըլլալ, ասոր համար կը ձերբազատէ մջակութենէն եւ յոյս կը պարգեւէ։ Աղօթքը կը թթուածնեցնէ կեանքը, այնպէս ինչպէս կարելի չէ ապրիլ առանց շունչի քրիստոնեաներուն համար ալ կարելի չէ ապրիլ առանց աղօթքի։

Ասոր համար մեծ կարիքը կայ որ քրիստոնեաները հսկեն անոնց համար, որոնք կը նիրհեն, կարիքը կայ բարեխօսներու, որոնք տիւ եւ գիշեր՝ աշխարհի լոյս  Յիսուսին առջեւ տանին պատմութեան խաւարները։

Անտարբերութեան քունը։

Կայ նաեւ այլ մէկ քուն՝ անտարբերութեան քունը։ Ան որ անտարբեր է չի զանազաներ գիշերը լոյսէն, ան չի հետաքրքրուիր անով որ իր մօտն է։ Մենք եւս երբ շրջագայինք միայն մեր անձին ու մեր կարիքներուն շուրջ անտարբեր ըլլալով ուրիշներու կարիքներուն խաւարը կ՛իջնէ մեր սրտին մէջ։ Եւ այսօր այս խաւարը կարծես իջած է շատերու վրայ, որոնք միայն իրենց իրաւունքը կը պահանջեն ու չեն հետաքրքրուիր ուրիշներով։

Սիրոյ հսկողութիւնը՝ Սէրը քրիստոնեային տրոփող սիրտ։

Այս քունէն արթննալու համար կարիքը կայ սիրոյ հսկողութեան։ Սէրը քրիստոնեային տրոփող սիրտն է։ Քրիստոնեան կարող չէ ապրիլ առանց սիրոյ։ Կեանքի աւարտին  ամէն ինչ պիտի անցնի ու պիտի մնայ միայն սէրը։ Եւ բարեսիրութեան գործերով է մենք կը մօտենանք Տիրոջ։ Յիսուսը կու գայ ու դէպի անոր հանդիպելու տանող ճանապարհը յատկանշուած է սիրող գործունէութիւններով։

Աղօթել եւ Սիրել՝ Եկ Տէր Յիսուս

Աղօթել եւ սիրել ահա այս է հսկումը։ Երբ Եկեղեցին երկրպագութիւն կատարէ Աստուծոյ ու ծառայէ մերձաւորին. Ան չ՛ապրիր խաւարին մէջ։ Նոյնիսկ երբ յոգնած եւ հիւծուած է, ան կը քալէ դէպի Տէրը։

Հայցենք զինք։ Եկուր Տէր Յիսուս, մենք պէտք ունինք քեզի։ Եկուր մեր մօտ։ Դուն Լոյս ես. Մեզ արթնցուր միջակութեան քունէն, փառատէ անտարբերութեան խաւարները. Եկ Տէր Յիսուս, արթուն դարձուր մեր ցնորած  սրտերը. Մեզի զգալ տուր աղօթելու իղձը եւ սիրելու կարիքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2020, 10:26