Քորոնա Ժահր - աղքատութիւն Քորոնա Ժահր - աղքատութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը. «Լատին Ամերիկա. Եկեղեցի, Ֆրանչիսկոս Պապ եւ համաճարակի տեսարաններ» նիւթով առցանց գիտաժողովի մասնակիցներուն։

Համաճարակը մեզ կը յիշեցնէ, թէ մէկը միւսին խնամելու լաւագոյն ձեւը կը կայանայ մերձաւորին խնամք տանելու սորվելու մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 19 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ յղեց «Լատին Ամերիկա. Եկեղեցի, Ֆրանչիսկոս Պապ եւ համաճարակի տեսարաններ»նիւթով առցանց գումարուած գիտաժողովի մասնակիցներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը ողջունելով գիտաժողովի մասնակիցները անդրադարձաւ գիտաժողովի նպատակին, որ է մտածել եւ քննարկել Քովիտ 19 համաճարակի իրավիճակը Լատին Ամերիկիոյ մէջ ու անոր հետեւանքները դիմագրաւելու հնարաւորութիւնները։ Ան  ապա  շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն մաղթելով, որ սոյն ձեռնարկը խթան հանդիսանայ անհրաժեշտ ծրագիրներ ձեռք բերելու՝ երաշխաւորելու համար ժողովուրդներու արժանավայել կեանք մը, յատուկէն՝ բացառուածներուն, աղքատներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ նկատել տուաւ, որ Քովիտ 19 համաճարակը առ աւելով  ի յայտ դրաւ ընկերային տնտեսական հարցերը Լատին Ամերիկիոյ մէջ։ Ան նշեց, թէ շատեր հնարաւորութիւն չ՝ունին համաճարակի կանխարգիլման միջոցառումները գործադրելու, որովհետեւ անոնք զուրկ են բնակարանէ, աշխատանքէ,  ջուրէ հետեւաբար անկարող են յարգելու համաճարակի կանխարգիլման միջոցները։

Նորին Սրբութիւն յորդորեց գործնական քայլերու դիմել, մտահոգուելով այդ մարդոց խնդիրներով, որովհետեւ  համաճարակը առ աւելիով ի յայտ դրաւ բոլորիս խոցելիութիւնները։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ նաեւ Ամազոնեան տարածաշրջանի մէջ բռնկուած հրդեհներուն, որոնց պատճառաւ խաթարուած է բնապահպանութեան համակարգը։ 

«Պիտի շարունակենք ապրիլ համաճարակի տխուր հետեւանքները, յատուկէն տնտեսութեան մարզէն ներս։» ըսաւ Քահանայապետը յորդորելով ամէն ջանք թափել ու գործել պատասխանատուութեամբ, յստակութեամբ ու պարկեշտութեամբ։    

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց, թէ ժահրը մեզի կը յիշեցնէ, թէ մէկը միւսին խնամելու լաւագոյն ձեւը կը կայանայ մերձաւորին խնամք տանելու սորվելու մէջ գիտակցելով, որ համաճարակի զուգահեռ, գոյութիւն ունին ընկերային հիւանդութիւններ, աշխատանքի պակասը, տունի պակասը եւ հողի պակասը։

Ան հաստատեց, թէ աջակցութեան, լաւագոյն արտայայտութիւնն է սիրոյ եւ մօտիկութեան։Այս տագնապէն կրնանք աւելի լաւ դուր գալ, այնպէս ինչպէս կը վկայեն  մեր եղբայրներն ու քոյրերը, իրենց առօրեայ կեանքի մէջ։ ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ան ապա խօսքը ուղղելով քաղաքագէտներուն խնդրեց, որ վերականգնեն քաղաքականութեան իմաստը, որ բարձր կոչում է եւ լաւագոյն ձեւն է  թանկարժէք եղբայրսիրութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, որ ժամանակն է ընդհանուր բարիքը որոնելու եւ  ժողովուրդներու կողմէ ընտրուած կառավարիչները գործեն ընդհանուր բարիքին համար եւ ոչ թէ  ընհանուր բարիքը շահագործեն իրենց սեփական շահերուն համար։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց քաջալերելով, որ ամէնքս շարունակենք դուրս գալ բարի կամք ունեցող մարդոց հետ, որոնելով օգնութեան կարիք ունեցող մարդոց, նման բարի Սամարացիին, ողջագուրելով տկարները եւ կառուցելով նոր քաղաքակրթութիւն մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2020, 16:30