Գերապայծառ Թոմազի եւ Ֆրանչիսկոս Պապը Գերապայծառ Թոմազի եւ Ֆրանչիսկոս Պապը 

Գերապայծառ Թոմազի նշանակուեցաւ Մալթայի Ինքնիշխան Մարտական Ուխտի մօտ Քահանայապետի յատուկ պատուիրակ։

«Ան կը հանդիսանայ իմ բացառիկ խօսնակս ամէն այն հարցերուն համար որոնք կը հային Ուխտին եւ Սուրբ Աթոռին միջեւ յարաբերութիւնն» գրած է Ֆրանչիսկոս Պապը գերապայծառ Թոմազիի անուանումին նամակին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

80 ամեայ գերապայծառ Սիլվանօ Մարիա Թոմազի որ յառաջիկայ 28 նոյեմբերին պիտի ընդունի կարդինալական տիտղոսը եւ որ պաշտօնավարած է որպէս ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ ու վերջերս համագործակցած Մարդկային Համապարփակ զարգացումի Ժողովին հետ,  կիրակի նոյեմբերի մէկին Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ նշանակուեցաւ Մալթայի Ինքնիշխան Մարտական Ուխտի մօտ Քահանայապետի յատուկ պատուիրակ յաջորդելով Կարդինալ Անճելօ Պեչչուին, այս վերջինիս ներկայացուցած հրաժարականէն  ետք։

Անոր պաշտօնը պիտի ըլլայ Ուխտի սահմանադրութեան բարեփոխումներու գործին աջակցիլ համագործակցելով Ուխտի ժամանակաւոր տեղապահ՝ Եղբայր Ռայ Կոնսալօ Տօ Վալլէ Փէյքսոթօ Տէ Վիլաս Պոասին հետ, ապա Ուխտի Մեծ Վարդապետին  հետ, անոր ընտրութենէն ետք։

Ան ունի որոշումի բոլոր լիազօրութիւնները քննելու եւ լուծելու համար հարցերը ու «կը հանդիսանայ իմ բացառիկ խօսնակս ամէն այն հարցերուն համար, որոնք կը հային Ուխտին եւ Սուրբ Աթոռին միջեւ յարաբերութիւններուն», գրած է Ֆրանչիսկոս Պապը գերապայծառ Թոմազիի անուանումին նամակին մէջ, անորմէ խնդրելով որ բարեհաճի իր այս պաշտօնը կատարել այնքան ժամանակ, որ քահանայապետը յարմար կը նկատէ այդ մէկը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/11/2020, 08:32