Ֆրանչիսկոս Պապը փոխեց ԵՀՕ թեմական տօնախմբութեան օրը ու Ծաղկազարդի տօնի փոխարէն ընտրեց Քրիստոս Տիեզերքի Թագաւոր կիրակին։

Սիրելի երիտասարդներ, ձեր կեանքով բացագանչեցէք թէ Քրիստոս կ՛ապրի եւ կը թագաւորէ։ Եթէ դուք լռէք քարերը պիտի խօսին (Ղուկաս 19, 40)։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 22 նոյեմբեր 2020-ի առաւօտեան, Քրիստոս  Թագաւոր Տիեզերքի տօնին օրը Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախ քան այս առթիւ նախատեսուած ԵՀՕ խորհրդանիշերու յանձնման արարողութեան կայանումը խօսքը ուղղելով ներկաներուն ու եթերային կապերու միջոցաւ միացած հաւատացեալներուն նախ ուզեց յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղել բոլորին ու յատկապէս Փանամայի եւ Փորթուկալի երիտասարդները ներկայացնող պատուիրակութեան, որոնք, ըսաւ Ան, քիչ ետք պիտի կատարեն յատկանշական ժեստ մը՝ ԵՀՕ խորհրդանիշ Խաչը եւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Մարեմեան սրբապատկերի յանձնումի միջոցաւ, այս մէկը նկատելով կարեւոր հանգրուան այն ուխտագնացութեան, որ 2023 թուականին մեզ պիտի տանի Լիզպոն։

Մինչ կը պատրաստուինք ԵՀՕ միջազգային յաջորդ հաւաքին կ՛ուզեմ նաեւ վերակարեւորել անոր տօնախմբութիւնը տեղական եկեղեցիներուն մէջ։ ԵՀՕ հաստատումէն 35 տարիներ ետք եւ ունկնդրելէ ետք Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի ժողովի տարբեր կարծիքները որոշեցի յառաջիկայ տարուընէ սկսեալ ԵՀՕ թեմական տօնակատարութիւնը Ծաղկազարդի տօնէն փոխադրել Քրիստոս Թագաւոր կիրակիին։

Անոր կեդրոնը կը մնայ միշտ մարդու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին  խորհուրդը, այնպէս ինչպէս միշտ ընդգծած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը, ԵՀՕ սկզբնաւորողը ու պաշտպան սուրբը։

Սիրելի երիտասարդներ, ձեր կեանքով բացագանչեցէք թէ Քրիստոս կ՛ապրի եւ կը թագաւորէ։  Եթէ դուք լռէք քարերը պիտի խօսին (Ղուկաս 19, 40)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2020, 11:10