Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը. «Այսօր ալ Տէրը մեզի կը կրկնէ. Ես եմ Յարութիւնն ու կեանքը։»

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը վերջին տարուան ընթացքին վախճանած կարդինալներուն ու եպիսկոպոսներուն դիտաւորութեան մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 5 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ նախագահեց Սուրբ Պատարագին, մատուցուած վերջին տարուանընթացքին վախճանած կարդինալներու եւ եպիսկոպոսներուն դիտաւորութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը շեշտը դրաւ օրուան սուրբ Աւետարանէն քաղուած Յիսուսի խօսքին վրայ« ես եմ Յարութիւնը, ով որ ինծի  հաւատայ երբեք պիտի չմեռնի, նոյնիսկ եթէ մեռնի, յաւիտեան պիտի ապրի։ Ով որ ինծի կը հաւատայ ու իմ մէջս կապրի յաւիտեան պիտի ապրի։ (Յովհ 11, 17-27)։

Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ Յիսուսի Յայտնութիւնը բոլորիս հրաւէր է հաւատալու Յարութեան, ոչ իբրեւ տեսակ մը ցնորք հորիզոնի վրայ, այլ իբրեւ ներկայ իրադարձութիւն, որ մեզ արդեն հիմա՝ խորհրդաւոր կերպով կը ներգրաւէ ։» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ այդ ամբողջ հաւատքը Յարութեան հանդէպ, չ՝անտեսեր եւ ոչ իսկ կը քօղազերծէ մոլորուած վիճակը, որ կը փորձարկենք մահուան դիմաց։ Նոյնինքն Յիսուս տեսնելովՂազարոսի քոյրերուն ողբը, ոչ միայն ծածկեց իր յուզումը այլ ողբաց։ Յիսուս փորձարկեց նաեւ սուգի ողբերգութիւնը, արցունքի դառնութիւնը՝ հոսած սիրելի անձի մը կորուստին համար։ Բայց սա չի նուազեցներճշմարտութեան լոյսը, որ կը բխի Անոր յայտնութենէն, որուն հիանալի նշան է Ղազարոսի Յարութիւնը։ ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ան ապա նկատել տուաւ, որ այսօր ,մեզի ալ Տէրը կը կրկնէ  «Ես եմ Յարութիւնն ու կեանքը»։ Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ վերանորոգելու մեր հաւատքը,  այժմէն մտնելով Յարութեան լոյսին մէջ։ Եւ  երբ այս կը կատարենք, մեր մտածելակերպն ու իրողութիւններուն տեսակէտը կը փոխուին։ Հաւատքի աչքը՝ գերազանցելով տեսանելին, ձեւով մը անտեսանելին կը տեսնէ։ ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրեց, որ վերջին տարուան ընթացքին վախճանած կարդինալներուն նուիրուած մեր աղօթքներուն մէջ Յիսուսէն հայցենք, որ լուծարէ այդ բացասական տխրութիւնը, որ երբեմն մեր մէջ կը ներթափանցէ, կարծելով որ մահով ամէն ինչ վերջ կը գտնէ։ Զգացում մը- որ հեռու է հաւատքէն եւ կ՝աեւնայ մարդկութեան այն վախին վրայ, որ մահացու է։ Ասոր համար մահուան առեղծուածին դիմաց, նաեւ հաւատացեալը  անհրաժեշտ է որ դարձի գալ։ Ամէն օր կանչուած ենք դուրս գալու այն պատկերէն, որ մենք բնազդօրէն ունինք մահուան մասին, որ է մահը մարդու լիակատար ոչնչացումն է։

Ես եմ Յարութիւնն ու կեանքը։ Եթէ այս խօսքը հաւատքով ընկալենք  վախճանած եղբայրներու մեր աղօթքը իսկական քրիստոնէական աղօթքը կը դառնայ։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով, որ վախճանած Կարդինալները մեզի թոյլ կու տան աւելի լաւ հասկնալու անոնց կատարած բարիքիններուն արժէքն ու իմաստը, հասկնալու,  թէ ինչ կը նշանաէ ապրիլ ձգտելով երկնային հայրենիքի մը եւ ոչ թէ երկրաւոր։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը հրաւիրելով երախտագիտութեամբ յիշել վախճանեալ եպիսկոպոսներուն ու կարդինալներուն վկայութիւնը, որոնք ապրեցան,հաւատարիմ գտնուելով աստուածային արժէքներուն։  Հրաւիրեց հետեւելու անոնց օրինակին։

«Թող Սուրբ հոգին միշտ մեր վրայ զեղու իր իմաստութեան հոգին, յատուկէն այս դժուար օրերուն։ Թող Ան երբեք մեզ մինակ չթողու, եւ մեր հետ մնայ՝ հաւատարիմ իր խօսքին «ես ձեր բոլորին հետն եմ մինչեւ աշխարհի վախճանը։ Մատթ 28,20). Ըսաւ Սրբազան Հայրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2020, 11:09