Աղքատներու Համաշխարհային չորրորդ Օրուան նուիրուած Սուրբ պատարագ. «Ձեռքդ երկարէ կարիքաւորին»։

Մեզի համար սեղանաւորները աղքատներն են որոնց յաւիտենական շահ կ՛երաշխաւորեն եւ այժմէն իսկ մեզի թոյլ կու տան հարստանալ սիրով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Քանքարներու առակը» առանցքը կազմեց Աղքատներու Համաշխարհային Օրուան առթիւ կիրակի 15 նոյեմբերին Սուրբ Պետրոսի մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին։

Արդարեւ այսօր կը յիշատակուի Աղքատներու Համաշխարհային չորրորդ օրը,  որուն այս տարուայ բնաբանն է «ձեռքդ երկարէ աղքարին».

Համաճարակի բերումով որդեգրուած սահմանափակումներու պատճառաւ Սրբազան արարութեան իրենց մասնակցութիւնը բրին միային 100 անձեր, որպէս աշխարհի աղքատներու ներկայացուցիչներ։

Մեկնաբանելով Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումը Սրբազան Պապը հաստատեց թէ այսօրուան աւետարանական հատուածը ունի սկիզբ, կեդրոն ու աւարտ, որոնք կը լուսաւորեն մեր կեանքին սկիզբը, կեդրոնն ու վերջը։

«Տէրը իրեն համար չի պահեր հարստութիւնները զանոնք կը բաժնէ ծառաներուն, իւրաքանչիւրին իր կարողութեան համաձայն։ Եւ այս մէկը սկիզբն է» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով՝ թէ «Մեր կեանքը եւս ունի նման սկիզբ, Աստուծոյ շնորհքը, Հայրը՝ որ մեզի նուիրեց բազմաթիւ բարիքներ, իւրաքանչիւրին յանձնելով զանազան քանքարներ։ Մենք ստեղծուած ենք Աստուծոյ համապատկերին համաձայն եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը թանկագին է անոր աչքերուն, իւրաքանչիւրը եզակի եւ անփոխարինելի է պատմութեան մէջ»։

«Շատ կարեւոր է յիշել այս մէկը, որովհետեւ յաճախ մենք կը մտահոգուինք այն բաներով, որոնք մեզի կը պակսին եւ կ՛իյնանք «երանիի» փորձութեան մէջ։ «Երանի այս մէկը ունենայի երանի այդ մէկը ունենայի…Երանիի պատրանքը մեզի արգելք կը հանդիսանայ տեսնելու բարիքը ու մեզի մոռցնել կու տայ մեր ունեցած քանքարները։ Աստուած զանոնք մեզի յանձնեց, որովհետեւ մեր վրայ վստահութիւն ունի, հակառակ մեր դիւրաբեկութիւններուն։ Ան կը վստահի նաեւ այն ծառային, որ քանքարը կը պահէ, այն յոյսով որ ան յաղթահարէ իր վախերը եւ օգտագործէ ստացած բարիքները։

Առակին կեդրոնական կէտը ապա ծառաներուն գործունէութիւնն է՝ այսինքն ծառայութիւնը։  Ծառայութիւնը նաեւ մեր գործն է, ան որ մեզի թոյլ կու տայ պտղաբեր դարձնել քանքարները ու իմաստ կու տայ մեր կեանքին։

Աւետարանին մէջ բարի ծառաները անոնք են՝ որոնք արկածախնդիր են։ Անոնք չեն պահեր ստացուածը,  այլ զայն կ՛օգտագործեն։  Որովհետեւ եթէ բարիքով ներդրում չի կատարուի կը կորսուի, որովհետեւ մեր կեանքի մեծութիւնը կախեալ չէ մէկդի դրած իրերէն այլ մեր արտադրած պտուղներէն։

Արդարեւ հաւատարիմ կոչուած ծառաները անոնք են՝ որոնք ներդրում կը կատարեն։ Աւետարանի համար չկայ հաւատարմութիւն առանց վտանգի, առանց արկածախնդրութեան ։ Հաւատարիմ ըլլալ Աստուծոյ կը նշանակէ կեանքը զոհել, թոյլ տալ ներգրաւուիլ ծառայութեան ծրագիրներուն մէջ։ Բաւարար չէ՝ որ քրիստոնեան պահէ միայն պատուիրանները, Յիսուսին հաւատարիմ ըլլալը միայն սխալ չի գործելը չէ, ինչպէս մտածեց ծոյլ ծառան, որ քանքարը պահեց հողին տակ ու տիրոջ կողմէ «չար» որակուեցաւ, թէեւ ան սխալ բան չի գործեց բայց  բարի գործ ալ չի կատարեց։ Ան հաւատարիմ չեղաւ Աստուծոյ ու զԱյն անարգեց անոր  վերադարձնելով այն ինչ՝ որ անորմէ ստացած էր։ Մինչ Տէրը մեզմէ կը խնդրէ վեհանձնօրէն վտանգել մեր կեանքը ու վախը յաղթել սիրոյ քաջութեամբ։

Այս անորոշութեան եւ դիւրաբեկութեան ժամանակներուն, մեր կեանքը չի վատնենք մտածելով միայն մենք մեզի, թոյլ չտանք վարակուիլ անտարբերութենէն, ըսաւ Սրբազան Պապը մէջբերելով Տիրոջ ծառային ուղղած խօսքերը.  «պէտք էր դրամս սեղանաւորներուն տայիր, եւ ես կու գայի տոկոսով կը պահանջէի իմս»։

Մեզի համար սեղանաւորները աղքատներն են, որոնք յաւիտենական շահ կ՛երաշխաւորեն եւ այժմէն իսկ մեզի թոյլ կու տան հարստանալ սիրով։Աղքատները Աւետարանին կորիզն են։ Կարելի չէ Աւետարանը հասկնալ առանց աղքատներուն։ Աղքատները նոյնինքն Յիսուսի անձն են, Ինք որ ինքզինք նուսատացուց, աղքատ դարձաւ։ Եւ Ամենամեծ աղքատութիւնը որուն դէմ պէտք է պայքարիլ մեր սիրոյ աղքատութիւնն է, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ յանձնարարեց որ Սուրբ Ծնունդի տօներու ընթացքին հարց տանք թէ ի՞նչ կարող ենք նուիրել ուրիշնեերուն, որպէսզի նմանինք Յիսուսին։ 

«Ձեռքդ երակէ կարիքաւորին փոխանակ պահանջելու այն ինչ՝ որ քեզի կը պակսի այսպէսով է, որ կարելի  է կրկնապատկել քանքարները զոր ստացանք» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանելով առակին վերջին մասը ուր «ունեցողին պիտի տրուի եւ այդ` աւելիով. իսկ չունեցողէն` ունեցածն ալ պիտի առնուի»։

Կեանքի աւարտին իրականութիւնը ի յայտ պիտի գայ, աշխարհի յերիւրանքը՝ որուն համաձայն  ուժն ու դրամը իմաստ կու տան գոյութեան մար պիտի մտնէ, մինչ սէրը, այն սէրը որ մենք նուիրեցինք պիտի բացայայտուի, որպէս իսկական հարստութիւն։

Քահանայապետը քարոզը եզրափակեց ակնարկելով Աստուծոյ Ծառայ Հայր Ռոպերթօ Մալճեզինիի օրինակին որ Յիսուսը կը տեսնէր աղքատին մէջ ու կեանքի իմաստը ծառայելուն մէջ։

Աղօթքը անոր օրուան սկիզբն էր, ընկալելու համար Աստուծոյ շնորհքը, օրուան կեդրոնը բարեսիրութիւնը՝ պտղաբեր դարձնելու համար ընկալուած սէրը, ապա աւարտը՝ Աւետարանի յստակ վկայութիւնը։ Ան հասկցած էր թէ պէտք էր ձեռք երկարել բազմաթիւ աղքատներուն որոնց կը հանդիպէր ամէն օր, որովհետեւ անոնց մէջ կը տեսնէր Յիսուսը։

Հայցենք շնորհքը չ՛ըլլալու միայն խօսքով քրիստոնեաներ այլեւ գործով՝ որպէսզի պտուղներ տանք, այնպէս ինչպէս Յիսուս կը փափաքի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2020, 10:32