«Արհեստական բանականութիւն». Ֆրանչիսկոս Պապին նոյեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան պատգամը։

Աղօթենք որպէսզի Մարդամեքենաշինութեան եւ արհեստական բանականութիւն առաջընթացքը ըլլան միշտ ի ծառայութիւն մարդ անհատին…կարող ենք ըսել «ըլլան մարդկային»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Արհեստական բանականութիւնը մեր ապրած դարաշրջանի փոփոխութեան հիմքին մէջ է։

Մարդամեքենաշինութիւնը կարող է հնարաւոր դարձնել աւելի լաւ աշխարհ մը, եթէ ան միացած ըլլայ ընդհանուր բարիքին։

Որովհետեւ եթէ արուեստագիտութեան առաջընթացքը անհաւասարութիւնները աճեցնէ, այդ մէկը իսկական առաջընթացք չէ։

Ապագայի առաջընթացքը  պէտք է նպատակաուղղուած ըլլայ անհատի արժանապատուութեան եւ ստեղծագործութեան յարգանքին

Աղօթենք՝ որպէսզի Մարդամեքենաշինութեան եւ արհեստական բանականութեան առաջընթացքը ըլլան միշտ ի ծառայութիւն մարդ անհատին…կարող ենք ըսել «ըլլան մարդկային»։

Այս է Քահանայապետին նոյեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան նիւթը, զոր հրապարակուեցաւ հինգշաբթի 5 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամի մը միջոցաւ։

Նորին Սրբութիւնը շեշտը կը դնէ մարդ անհատի եւ արարչութեան յարգանքին վրայ ու կը խնդրէ նաեւ, որ ըլլայ մարդամեքենաշինութիւնը, ըլլայ արհեստական բանականութիւնը, ծառայեն այդ նպատակին։

Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել կու տայ թէ մարդկութիւնը  կ՛ապրի դարաշրջանային փոփոխութիւն մը, շնորհիւ արհեստական բանականութեան։ Բայց եւ այնպէս, դիտել կու տայ Սրբազան Հայրը, եթէ ան չի դրուի ի ծառայութիւն մարդուն եւ պատճառ դառնայ այլ անհաւասարութիւններու այլեւս չենք կրնար զայն նկատել իսկական առաջընթացք։  

Վերջին տուեալներու համաձայն համաշխարհային կազմակերպութիւններուն 37  առ հարիւրը դիմած է արհեստական բանականութեան, որ վերջին չորս տարիներու ընթացքին 270 առ հարիւր տոկոսով աճ արձանագրած է։

Սրբազան Պապը կը բացայայտէ՝ թէ այս առաջընթացքը կարող է աշխարհը աւելի լաւ դարձնել եթէ միացած ըլլայ հասարակաց բարիքին եւ այդ ուղղութեամբ յոյս կը յայտնէ, որ արհեստագիտական զարգացումը չ՛աճեցնէ ընկերութեան մէջ անհաւասարութիւնը։

Ան արդարեւ կարող է լուծել մարդկութեան հայող շատ մը հարցեր, նաեւ ընկերային, բժշկական ու բնապահպանական ոլորտէն ներս։

Հասարակաց բարիքին համար սոյն յառաջընթացքը օգտագործելու կարելիութիւնները իրապէս մեծ են եւ Քահանայապետի տեսերիզը, որ իրականացուած է Իտալական Էնել ընկերութեան եւ Իտալական Արհեստագիտութեան Ինստիտուտի համագործակցութեամբ ցոյց կու տայ այդ կարելիութիւններէն ոմանք.  

Նշենք թէ Քահանայապետի աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը ձեռնարկն է «Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանց» հաստատութեան, որուն միջազգային տնօրէնն է Յիսուսեան Հայր Ֆետերիք Ֆորնոսը, որ այս ամսուայ տեսերիզի մասին արտայայտուելով կ՛ընդգծէ Քահանայապետի խնդրանքին կարեւորութիւնը՝ այն է «աղօթել՝ որպէսզի յառաջընթացքը ըլլայ միշտ մարդկային»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2020, 17:00