Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Հայր Մաքալլի Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Հայր Մաքալլի 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց վերջերս Մալիի մէջ ազատագրուած Հայր Փիերլուիճի Մաքալլին։ Արուարձաններու միսիոնարը։

Ֆրանչիսկոս Պապին հետ Հանդիպումէն ետք, «Վատիկան Նիւզ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին հայր Մաքալլին յայտնեց, թէ Նորի Սրբութեան հետ ողջագուրուելէ ետք իրեն համար չկայ բառ եթէ ոչ միայն շնորհակալութիւն բառը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 9 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հայր Փիերլուիճի Մաքալլին։
Հայր Մաքալլի կը պատկանի «Ափրիկեան միսիոնարներ» միաբանութեան։ Ան Նիճերիոյ մէջ կատարած առաքելութեան ժամանակ, արեւանգուցեաւ եւ երկու տարի բանտարկուած մնալէ ետք ազատագրուեցաւ անցեալ հոկտեմբեր 8ին։

Ֆրանչիսկոս Պապ միսիոնարներու համաշխարհային օրուան առթիւ, կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքէ ետք, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գտնուող հաւատացեալներէն խնդրեց, որ ծափահարեն Հայր Մաքալլիի ազատագրումի լուրին համար։

Ֆրանչիսկոս Պապին հետ Հանդիպումէն ետք, « Վատիկան Նիւզ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին հայր Մաքալլին յայտնեց, թէ Նորին Սրբութեան հետ ողջագուրելէ ետք իրեն համար չկայ բառ, եթէ ոչ միայն շնորհակալութիւն բառը։  

Հայր Մաքալլի, ֆրանչիսկոս Պապին տեղեկութիւններ տուած է Ափիրկէի մէջ իրեն վստահուած առաքելութեան մասին։ Արեւանգումէն ետք Մալիի քրիստոնեաները զուրկ են հոգեւոր առաջնորդէ։
 
«Շատ գեղեցիկ եւ յուզիչ հանդիպում էր։ Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքներու յանձնեցին Ափրիկէի առաքելութիւնը, յատուկէն այդեղուան հասարակութիւնները, որոնց այցելութեան կ՝երթայի  եւ որոնք երկու տարի ի վեր զուրկ են հոգեւոր հովիւէն։» ըսաւ Հայր Մալալլի «Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2020, 15:25