Կասեցնել կանանց դէմ բռնութիւնները Կասեցնել կանանց դէմ բռնութիւնները 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Կանանց նկատմամբ բռնութեան պատուհասը՝ սրբապղծութիւն է։

Այսօր՝նոյեմբեր 25-ին, կանանց նկատմամբ բռնութեան վերացման միջազգային օրն է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Այսօր՝ նոյեմբեր 25-ին, կանանց նկատմամբ բռնութեան վերացման միջազգային օրն է: Դա առիթ կ՝ընծայէ մտածելու պատուհասի մը մասին, ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերու միջոցաւ, պատուհաս մը որ համատարածուած է  ողջ աշխարհին մէջ, նամանաւանդ համաճարակի օրերուն, դառնալով աւելի մեծ ողբերգութիւն։

Ունկնդրէ լուրը

«Կնոջ մարմնին հետ վերաբերմունքէն կը հասկնանք մեր մարդկայնութեան մակարդակը»։ Կ՝ըսէ ֆրանչիսկոս Պապ։

«Մարդկանց, հասարակութեան կամ տղամարդու քաղաքակրթութեան աստիճանը հասկնալու համար բաւարար է նայիլ ճանապարհի եզրին՝ տան պատերու, շարժապատկերի կամ գովազդի պատկերներու առանցքէն։» Այս մասին ըսած է Սրբազան Հայրը անցեալ յունուար ամսոյն սկիզբը, Աստուածամօր տօնին առթիւ արտասանած  քարոզին մէջ։

«Կանայք կեանքին աղբիւրն են։ Կանայք անընդհատ բռնաբարուած, խոցուած են ու ենթարկուած պոռնիկութեան, մարմնավաճառութեան ու իրենց արգանդին մէջ կրած կեանքը  միշտ ճնշումի տակ է ։ Գրած է ֆրանչիսկոս Պապ թուիթըրեան կայքի վրայ, ուր աւելցուցած է , որ « կանանց նկատմամբ որեւէ բնռութեան պատուհաս սրբապղծութիւն է։ Կինը ինքնիր մէջ կը բովանդակէ կեանքի պահպանութիւնը, բոլորին հետ հաղորդակցութիւնը։

2016-ին կանանց դէմ բռնութեան վերացման միջազգային օրուան առիթով, ֆրանչիսկոս Պապ նշած է, որ կանանց դէմ բռնութիւնը, վէրք մըն  ողջ ընկերութեան։

2016ին, Սուրբ Կոյս Մարիամին վերափոխման տօնին առթիւ ֆրանչիսկոս Պապ  նկատել տուաւ որ Տիրամօր նուիրուած մեծացուսցէ շարականը մտածել կու տայ ցաւալի կացութիւններուն մասին, յատուկէն բռնութեան, ստրկութեան թիրախ կանանց մասին։ Աշխարհը առանց կանանց չկրնար գործել։Կանայք իսկական ուժ են ընտանեկան կեանքի համար։
Կինը անփոխարինելի ներդրում է հասարակութեան մէջ, մասնաւորապէս ուրիշին, տկարին եւ անպաշտպանի հանդէպ  իր զգայնութեամբ ու ներիմացումով։»Այս մասին ըսած է Սրբազան Հայրը,  25 յունուար 2014ին, Իտալական իգական կեդրոնի նախաձեռնութեամբ, ազգային համագումարի ընթացքին ։

Կնոջ հոգին իսկական ուժն  է ընտանիքի կեանքին համար, խաղաղ միջավայրի համար ու առանց անոր, մարդկային կոչումը չէ կարելի իրականացնել։

«Նրբութեան, իւրայատուկ զգայնութեան եւ քնքշութեան յատկութիւնները, որոնցմով  հարուստ է կանանց հոգին,   ոչ միայն իսկական ուժն է ընտանիքներու կեանքի համար, համերաշխ եւ խաղաղ միջավայրի համար, այլեւ, առանց այդ կանանց յատկութիւններուն, կարելի չէ  իրականացնել  մարդկային կոչումը։» 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2020, 10:40