Վատիկանեան Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի (1626) եւ Հռոմի Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայի (1854) նուիրումի տարեդարձը։

«Այս տօնախմբութիւնը, որ ի յայտ կը դնէ Եկեղեցւոյ իմաստը՝ որպէս սուրբ կառոյց ուր կը համախմբուին հաւատացեալները մեր մէջ հրահրէ գիտակցութիւնը թէ իւրաքանչիւրս կանչուած է դառնալու Աստուծոյ կենդանի տաճար»,
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր 18 նոյեմբերին կը յիշատակուի Վատիկանեան Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքյաի (1626) եւ Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայի (1854)  նուիրումի տարեդարձը։

Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին զոր Ֆրանչիսկոս պապը գլխաւորեց առցանց Առաքելական Պալատի մատենադարանէն, զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղելով ուղիղ եթերով ունկնդրութեան հետեւող հաւատացեալներուն, ակնարկեց Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս պազիլիքաներուն օծման տօնին։

«Այս տօնախմբութիւնը, որ ի յայտ կը դնէ Եկեղեցւոյ իմաստը՝ որպէս սուրբ կառոյց ուր կը համախմբուին հաւատացեալները մեր մէջ հրահրէ գիտակցութիւնը թէ իւրաքանչիւրս կանչուած է դառնալու Աստուծոյ կենդանի տաճար», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որ ապա ունկնդրութեան աւարտին յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց  տարեցներուն, երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն, խրախուսելով զանոնք սիրելու Տիրոջ Եկեղեցին եւ վեհանձնութեամբ ու խանդավառութեամբ  համագործակցելու անոր կերտումի աշխատանքին, եւ իրենց աղօթքի ու ցաւի նուիրումը ապրելու, որպէս թանկագին սատար՝ Տիրոջ տան կառուցումին, որ Ամենաբարձրեալին բնակարանն է մեր մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2020, 10:00