Ստեղծել երիտասարդ տնտեսագէտներու շարժում Ստեղծել երիտասարդ տնտեսագէտներու շարժում  

Տնտեսութիւնը Քահանայապետի տեսութեամբ՝ ապագան դիմագրաւող առաջարկը։

Ստեղծել երիտասարդ տնտեսագէտներու շարժում «Fratelli tutti» շրջաբերականը թարգմանելու առօրեայի ապրուստին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մի քանի օրէն՝ 19 նոյեմբերին պիտի մեկնարկէ «Economy of Francesco» Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ձեռնարկուած երրօրեայ առցանց հանդիպումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն երիտասարդ տնտեսագէտներ եւ ձեռնարկատէրեր, խթանելու համար համապարփակ փոփոխութիւններու գործընթացը։

Տնտեսութիւնը հասկանալու նոր ձեւ մը՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի հոգիի և «Laudato si» շրջաբերականի հիման վրայ։ Ստեղծել երիտասարդ տնտեսագէտներու շարժում «Fratelli tutti» շրջաբերականը թարգմանելու առօրեայի ապրուստին մէջ։  Ասոնք ենք ահա “Economy of Francesco”միջազգային  ձեռնարկին նպատակները որ տեղի պիտի ունենայ 19 - 21 նոյեմբերին առցանց, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին զանազան նիւթեր, ինչպէս աշխատանքը, կրթութիւնը, արհեստական բանականութիւնը, եւ այլ նիւթեր։ 

Հանդիպումին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Զրուցողներու շարքին են ապա ի մէջ այլոց 2006ի Նոպէլեան մրցանակի մրցանակակիր տնտեսագէտ Մուհամմէտ Եունէսը, համաշխարհայնացումի միջազգային Ֆորումի անդամ Վապտանա Շիվան եւ Ընկերային Գիտութիւններ Քահանայապետական Ակադեմիայի նախագահ Սթեֆանօ Ծամանյինի։

2021-ի աշնան նախատեսուած է ապա այլ հանդիպում, ներկայութեամբ, Ասսիզիի մէջ, ուր Սուրբ Ֆրանչիսկոսը մերկացաւ աշխարհի զգեստներէն ու իրերէն եւ ընտրեց Աստուած, որպէս իր գոյութեան նպատակն ու լոյսը։

Հաւաքին մասնակցողները կանչուած են խորհրդածելու եւ միասնաբար կնքելու միջսերնդային դաշինք մը, որուն նպատակը ըլլայ փոխել ներկայ տնտեսութեան համակարգը, անոր պարգեւելով հոգի մը ապագային համար, որպէսզի ան ըլլայ աւելի արդար, ներառող եւ կայուն։

Քահանայապետը արդարեւ յաճախ ընդգծած է, թէ ամէն ինչ իրարմէ կախուած է ու թէ «միջավայրի պահպանումը չի կրնար անջատուած ըլլալ աղքատներու նկատմամբ արդարութենէն, եւ համաշխարհային տնտեսութեան կառուցուածքային հարցերու լուծումներէն»։

Անհրաժեշտ է առ այդ սրբագրել աճի տիպարները, որոնք չեն յարգեր մարդը շրջապատը եւ մարդուն արժանապատուութիւնը։

Երիտասարդներու ուղղած իր հրաւէր նամակին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը  առաջարկած էր նոր տնտեսութեան համակարգի ճանապարհ մը, որ ըլլայ «պտուղը հաղորդութեան մշակոյթին, հիմնուած եղբայրութեան եւ հաւասարութեան վրայ»։ Ֆրանչիսկոս տնտեսութիւնը հիւսողները ըլլալու են արդարեւ երիտասարդները՝ որոնք արհեստաւորներ են ապագայի։

Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 120 երկիրներէ զանազան բնագաւառներու մաս կազմող աւելի քան 3000 երիտասարդ մասնագէտներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2020, 12:37