«Ֆրանչիսկոսի տնտեսութիւնը» ձեռնարկ «Ֆրանչիսկոսի տնտեսութիւնը» ձեռնարկ 

«Economy of Francesco - Ֆրանչիսկոսի տնտեսութիւնը» ձեռնարկը կը կայանայ առցանց 19-21 նոյեմբերին։

«Ֆրանչիսկոսի տնտեսութիւնը» ձեռնարկին նպատակն է «հանդիպիլ անոնց որոնք այսօր կը կազմաւորուին ու սկսած են ուսանիլ ու գործադրել տարբեր տնտեսութիւն մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով կազմակերպուած երիտասարդ ձեռնարկատէրերու եւ տնտեսագէտներու հետ հանդիպումը պիտի կայանայ առցանց 19 -21 նոյեմբեր 2020-ին, ի տես Քովիտ 19 համաճարակի տարածումին։  Հանդիպումին հաստատուած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին մասնակցութիւնը, մինչ յաջորդ հանդիպում մը՝ ներկայութեամբ,  նախատեսուած է 2021-ի աշնան, Ասսիզի քաղաքին մէջ,  ուր նախապէս պիտի կայանար հանդիպումը 2020-ի Մարտին։

«The Economy of Francesco 2020»  առիթ պիտի տայ բոլոր երիտասարդ տնտեսագէտներուն մասնակցելու եւ կիսելու իրենց ապրած փորձառութիւնը, աշխատանքը, առաջարկներն ու խորհրդածութիւնները։

«Economy of Francesco»ն դարձած է ահա երիտասարդական շարժում մը, որ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ կը գործէ ի նպաստ աւելի արդար, աւելի ներառող եւ կայուն տնտեսութեան մը համար, որպէսզի ապագայի տնտեսութեան տրուի նոր ոգի մը։

Աշխարհը արդարեւ կարիքը ունի հանդիպումի մասնակիցներուն ստեղծագործութեան եւ սիրոյն,  որոնք որպէս ապագայի արհեստաւորներ կը հիւսեն Ֆրանչիսկոսի տնտեսութիւնը։

Ինչպէս նշեցինք ձեռնարկը նախատեսուած էր անցեալ Մարտին սակայն առողջապահական արտակարգ դրութիւններու պատճառաւ յետաձգեցուեցաւ ու այժմ որոշուեցաւ զայն կազմակերպել առցանց։

2019- մայիսին Սրբազան Պապը նամակ մը գրած էր  երիտասարդ տնտեսագէտներուն հրաւէր ուղղելով իրենց սատարը բերելու ձեռնարկին։ Նամակին մէջ ան հաստատ էր թէ  այս մէկը «Ձեռնարկ մըն է,  որ կ՛ուզէ սատարել՝ միասին մնալու ու իրար ճանչնալու, ու մեզ մղէ որդեգրելու դաշինք մը, փոխելու համար ներկայ տնտեսութիւնը եւ հոգի պարգեւելու ապագայի տնտեսութեան»։

Նորին Սրբութիւնը բացատրախ էր նեաււ թէ ինչու որպէս հաւաքի վայր ընտտրած էր  Ասսիզի քաղաքի, զոր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ընտրած էր որպէս խաղաղութեան մշակոյթի խթանման վայր։

«Այստեղ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը մերկացաւ աշխարհիկ սեփականութիւններէն, ընտրելու համար զԱստուած՝ որպէս իր կեանքի բեւեռային աստղ, դառնալով աղքատ աղքատներուն համար ու տիեզերական եղբայր։ Անոր այդ աղքատութեան ընտրութենէն յառաջացաւ տնտեսութեան մը նոր տեսութիւն մը, որ կը մնայ այժմէական։ Ան կարող է յոյս տալ մեր վաղուան, ի նպաստ ոչ միայն աղքատներուն այլ համայն մարդկութեան։ Ան անհրաժեշտ է բոլոր մոլորակի ճակատագրին համար՝ մեր հասարակաց տան համար «մեր քոյր Մայր Հողը» ինչպէս զայն կը կոչէ Ասսիզիի սուրբը» գրած էր Ֆրանչիսկոս Պապը իր նամակին մէջ  , ակնարկելով Յիսուսին Սուրբ Ֆրանչիսկոսին ուղղած խօսքերուն «Գնա եւ վերանորոգէ իմ տունս», ու այս հրաւէրէն մեկնելով Քահանայապետը հաստատած էր  թէ «նորոգուելիք տունը կը հայի  բոլորին։ Կը վերաբերի Եկեղեցւոյ, ընկերութեան, իւրաքանչիւրի սրտին։ Ու միշտ աւելիով կը վերաբերի կենսոլորտին,  որ հրատապ կարիքը ունի առողջ մէկ տնտեսութեան ու կայուն զարգացումին, որ խնամք տանի անոր վէրքերու ու անոր ապահովէ արժանավայել ապագայ մը»։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ  բացատրած էր թէ  ինք ուզած է հրաւիրել երիտասարդները, որովհետեւ գեղեցիկ եւ ուրախ ապագայի իղձով՝ անոնք մարգարէութիւն մըն են, անհատի եւ ապրուած միջավայրին ուշադիր տնտեսութեան մը….կարող են սրտով անսալ երկրին ու օգնութիւն հայցող անոր աղքատներու  միշտ աւելիով անհանգստացնող ճիչին,  որ կը փնտռէ մէկ մը՝ որ պատասխանէ այդ աղաղակին ու հայեացքը այլուր չի սեւեռէ»։

Քահանայապետը նամակի աւարտած էր գրելով  «կ՛ուզեմ ձեզի հանդիպիլ միասին խթանելու համար, համաշխարհային փոփոխութեան գործընթաց մը, որուն շուրջ համախմբուին, ոչ միայն անոնք որոնք ունին հաւատքին շնորհքը, այլեւ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկը, կրօնի, ազգութեան տարբերութիւններէն անդէն, միացած եղբայրութեան իտէալի մը շնորհիւ, որ ուշադիր է յատկապէս աղքատներուն եւ բացառուածներուն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2020, 09:52