Որոնել

Փոթորիկներու թիրախ Քոլոմպիան Փոթորիկներու թիրախ Քոլոմպիան 

Քահանայապետին յատուկ մօտիկութիւնն ու աղօթքը փոթորիկներու թիրախ Կեդրոնական Ամերիկայի բնակիչներուն։

Սրբազան Պապը հրաւիրեց յիսնակացի շրջանը ապրիլ զգաստութեամբ, մերձաւորի նկատմամբ ուշադրութեամբ եւ աղօթքով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 29 նոյեմբեր 2020-ի կէսօրին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով աղօթքին մասնակցող Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն,  նախ ուզեց յատուկէն յիշել ու մօտիկութիւն յայտնել Կեդրոնական Ամերիկայի բնակիչներուն, որոնք թիրախ են ահաւոր մրրիկի եւ փոթորիկներու։ Ասոնց շարքին Ֆրանչիսկոս Պապը յատուկէն յիշեց Սան Անտրէս, Փրովիտենցիա եւ Սանթա Քաթալինա կղզիները ինչպէս նաեւ  Քոլոմպիայի հիւսիսային շրջանի խաղաղական ծովափը։

Կեդրոնական Ամերիկան հարուածող Էթա եւ Եօթա փոթորիկները մինչեւ օրս պատճառած են 200 մեռեալ մինչ անյայտ կորածներուն թիւը տակաւին յստակ չէ ու կան հարիւր միլիոնաւոր տոլարի  արժողութեամբ աւերներ։

Փոթորիկները իրարու յաջորդեցին երկու շաբթուայ հեռաւորութեամբ իրենց ետին թողելով աղէտալի ջրհեղեղներ։ Էթա փոթորիկի հարուածը տեղի ունեցաւ 3 նոյեմբերին մինչ Եօթան անոր յաջորդեց 16 նոյեմբերին

Հոնտուրասը ամենէ շատ վնասներ կրող երկիրն է, այնտեղ կան 94 մեռեալ եւ ութը անյայտ կորածներ։ 3.9 միլիոն անձինք կրած են ծանր վնասներ, ու անոնցմէ 154 հազարը թողած ու հեռացած են իրենց տուներէն։ 70 հազար տուներ քանդուած են, 300 ճանապարհներ վնասուած, 48 կամուրջներ կործանուած եւ 32 աւերուած։

Կուաթեմալան եւս կրած է ծանր վնասներ ուր կան 60 մեռեալ ու հարիւրաւոր անյայտ ճակատագրով անձինք։ Մինչ Նիքարակուայի մէջ մեռեալներու թիւը հասած է  21ի եւ վնասներու ծախսը գնահատուած է 742 միլոն տոլար։

Փանամայի մէջ կան 20 մեռեալ. Ու ծանր վնասներ կրած են նաեւ Քոլոմպիայի  Սան Անտրէս, Փրովիտենցիա եւ Սանթա Քաթալինա կղզիները

«Կ՛աղօթեմ բոլոր այն երկիրներուն համար, որոնք կը տառապին սոյն աղէտներու բերումով» ըսաւ Սրբազան Պապը հուսկ ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորները յատուկէն ողջունելով նաեւ անոնք որոնք մասնակցեցան  Նոր Կարդինալներու տուչութեան արարողութեան ու հրաւէր ուղղեց աղօթելու Կարդինալական դասին մաս կազմող 13 նոր կարդինալներուն համար։ 

Նախ քան Մարեմեան աղօթքը աւարտելը Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն մաղթեց յիսնակացի բարի շրջան, հրաւէր ուղղելով հաւատացեալներուն, բարիք քաղել նաեւ այս դժուար իրավիճակին մէջ զոր համաճարակը մեզ կը ստիպէ ապրիլ։

«Աւելի մեծ զգաստութիւն, զուսպ ուշադրութիւն մերձաւորի նկատմամբ որ կարող է օգնութեան կարիքը ունենալ, և ընտանիքի մէջ պարզութեամբ կատարուած  աղօթքի պահեր» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ «այս երեք բաները մեզ պիտի օգնեն մեծապէս, աւելի մեծ զգաստութիւն, զուսպ ուշադրութիւն մերձաւորի նկատմամբ որ կարող է օգնութեան կարիքը ունենալ, և շատ կարեւոր՝ ընտանիքի մէջ պարզութեամբ կատարուած  աղօթքի պահեր» շեշտեց Սրբազան Պապը ու հրաժեշտ առաւ ներկաներէն խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2020, 12:40