Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք

Նորին Սրբութիւնը մօտիկութիւն յայտնեց Ֆիլիփինեան կղզեխումբի, Փղոսկրեայ Ափունքի եւ Ռումանիայի բնակչութիւններուն։

Սրբազան Պապը ողջունեց ապա հրապարակ ժամանած ուխտաւորները յիշելով Աղքատներու Օրը ու յիշեցնելով որ պէտք է միշտ ձեռք երկարել աղքատին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 15 նոյեմբերին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն ներկայութեամբ արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով ներկայ հաւատացեալները նշեց՝ թէ ինք մօտիկ է Ֆիլիփինեան կղզեխումբի բնակչութեան «որ կը տառապին աւերներու պատճառաւ եւ յատկապէս զօրեղ փոթորիկի պատճառած ջրհեղեղի հետեւանքով», զօրակցութիւն յայտնելով  խոցելի ընտանիքներուն ու անոնց՝ որոնք թիրախ են այդ աղէտին, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն արտայայտեց անոնց՝ որոնք կը զբաղին փրկարար աշխատանքով։

Սրբազան Պապը յիշեց նաեւ Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ այսօր յիշատակուող խաղաղութեան ազգային օրը, որ կը կայանայ «ընկերային եւ քաղաքական լարուածութեան մթնոլորտի մէջ», ըսաւ Ան, որուն հետեւանքով կան բազմաթիւ զոհեր։

«Կը միանամ աղօթքով Տիրոջմէ ընդունելու համար ազգային համերաշխութեան պարգեւը եւ այդ սիրելի երկրի բոլոր զաւակները կը խրախուսեմ համագործակցելու պատասխանատուութեամբ, ի խնդիր հաշտութեան եւ խաղաղ համակեցութեան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը յատուեն  քաջալերանքի խօսք ուղղելով քաղաքական գործիչներուն, որպէսզի վերահաստատեն երկխօսութեան եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ մը՝ արդար լուծումներու որոնումով, որոնք երաշխաւորեն եւ խթանեն հասարակաց բարիքը։

Նորին Սրբութիւն յիշեց նաեւ Ռումանիոյ մէկ հիւանդանոցի մէջ, երէկ բռնկուած աղէտալի հրդեհը, ուր  խնամքի տակ էին Քովիտ 19 համաճարակէն  վարակուած հիւանդներ, ու հրաւիրեց աղօթելու զոհերուն համար։

Սրբազան Պապը ողջունեց ապա հրապարակ ժամանած ուխտաւորները յիշելով Աղքատներու Օրը ու յիշեցնելով որ պէտք է միշտ ձեռք երկարել աղքատին։  Ան ապա հրաժեշտ առաւ ներկաներէն խեդներով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2020, 12:30