Կարդինալական հաւաք (2019) Կարդինալական հաւաք (2019) 

28 նոյեմբերին Կարդինալական Հաւաք հակաքովիտեան օրէնքներու յարգանքով։

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց ուղեցոյց մը յառաջիկայ շաբաթ 28 նոյեմբերի ժամը 16 կայանալիք Կարդինալական Հաւաքի մասին որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը կայանայ նաեւ առցանց կապով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ շաբաթ 28 նոյեմբերին յետմիջօրէի 4-ին նախատեսուած է Կարդինալական Սովորական Հանրային հաւաքը, որուն առթիւ պիտի ստեղծուին 13 նոր կարդինալներ, որոնց անունները հռչակուած էին անցեալ 25 Հոկտեմբերին կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ։

Կարդինալական հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ։ Նորաստեղծ կարդինալներէն ինն  80 տարեկանէն վար են ուստի Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով իսկ միւս չորսը 80 տարեկանը անց։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ նաեւ թէ 13 կարդինալներէն երկուքը այսինքն Գերապայծառ Քորնելիուս Սիմը Պրունէյի առաքելական փոխանորդ եւ գերապայծառ Խոսէ Ատվինքուլա Ֆիլիփինեան կղզեխումբի Քափիզ թեմին Արքեպիսկոպոսը պիտի չի կարողանան մասնակցիլ հաւատքին ի տես «առողջապահական ծանր իրավիճակին», թէեւ անոնք եւս պիտի ընդունին կարդինալական տիտղոսը։  Արդարեւ Քահանայապետի ներկայացուցչից մը անոնց պիտի յանձնէ Կարդինալական վեղարը, մատանին եւ հրովարտակը։

Համաճարակի կանխարգիլման միջոցառումներու բերումով տեղի պիտի չունենան նաեւ Կարդինալական տիտղոսներու յանձնումէն ետք աւանդական այցելութիւններն ու հիւրասիրութիւնը։ Իսկ արարողութեան պիտի մասնակցին շատ փոքր թիւով հաւատացեալներ, որոնք սերտ կապ ունին նորաստեղծ Կարդինալներուն հետ

Այս սահմանափակումները կ՛ընդգրկեն նաեւ Կարդինալական դասը։ Անոնցմէ շատերը պիտի չի կարենան ժամանել Հռոմ ու արարողութեան պիտի մասնակցին առցանց միացումով։

Երկրորդ օրը՝ 29 Նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատարագը պիտի մատուցէ միայն նորաստեղծ կարդինալներու մասնակցութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2020, 08:50