Կարդինալական դասը կը հարստանայ 13 նոր կարդինալներով։ Կարդինալական դասը կը հարստանայ 13 նոր կարդինալներով։  

Կարդինալական դասը կը հարստանայ 13 նոր կարդինալներով։

Այս Կարդինալական հաւաքով Կարդինալական դասին թիւը կը բարձրանայ 229-ի որոնցմէ 128ն Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով Կարդինալներ մինչ մնացած 101 ոչ ընտրող։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 28 նոյեմբեր 2020-ի յետմիջօրէի 4-ին, Վատիկանի Սուրբ  Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ կայացած կարդինալական հանրային հաւաքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը Կարդինալական տիտղոս կը շնորհէ 13 նոր կարդինալներու, որոնց անուանումը հռչակած էր, անցեալ 25 հոկտեմբերի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին։

Այս Կարդինալական հաւաքով Կարդինալական դասին թիւը կը բարձրանայ 229-ի որոնցմէ 128ն Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով Կարդինալներ մինչ մնացած 101 ոչ ընտրող։

Կարդինալական դասին մաս կը կազմէ նոր կրօնական ընտանիք մը Ֆրանչիսկեաններու կրտսեր եղբայրներ միաբանութիւնը, որուն մաս կը կազմէ Եղբայր Մաուրօ Կամպեթթին՝ Ասսիզիի Վանքի պահակը։ Կարդինալական Դասին առ այժմ մաս կը կազմեն ապա 26 կրօնական ընտանիքներ, ու կարդինալներէն 51 կը պատկանին կրօնական միաբանութիւններու, որոնցմէ 29 Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ։  

Այսօրուայ հաւաքով կարդինալական դասին մաս կը կազմեն հուսկ նոր երկիրներ Պրունէյը՝ Կարդինալ Քորնելիուս Սիմով, Մալթան՝ Կարդինալ Մարիօ Կրէքով եւ Ռուանտան Կարդինալ Անթուան Քամպանտայով։ Առ այժմ կարդինալական դասին մէջ ներկայացուած են 90 երկիրներ։

Կարդինալական տիտղոսի տուչութեան արարողութիւնը սկիզբ կ՛առնէ աղօթքով,  որմէ ետք նոր կարդինալներէն մին յանուն նորանշանակ ծիրանաւորներուն  շնորհակալութեան խօսք կ՛ուղղէ Ֆրանչիսկոս Պապին ապա Նորին Սրբութիւնը  աղօթք կը մատուցէ առ Աստուած որուն կը յաջորդէ Սուրբ գրային ընթերցումները։

Քահանայապետը առ այդ յատուկ մէկ աղօթքով թեկնածուներուն կը շնորհէ  կարդինալական տիտղոսը ու աստիճանը, որ կարող է ըլլալ Եպիսկոպոսի, Քահանայի կամ սարկաւագի, որմէ ետք անոնք միասնաբար կ՛արտասանեն Հաւատոյ Դաւանանքը ապա հնազանդութիւն եւ հաւատարմութիւն կը խոստանան Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Հաւատոյ դաւանանքին ու խոստումին կը հետեւի կարդինալական մատանիի տուչութիւնը,  որուն սովորութիւնը սկիզբ առած է ԺԳ դարուն եւ կարմիր գլխարկի յանձնումը, որ կը խորհրդանշէ մարտիրոսութիւնը, ինչպէս նաեւ  Հռոմի Եկեղեցիի մը տիտղոսաւոր դառնալու իրաւունքը։ Նոր ստեղծուած ծիրանաւորներուն կը յանձնուի նաեւ Քահանայապետական հրովարտակը։

Արարողութիւնը վերջ կը գտնէ Հայր մեր աղօթքով եւ Քահանայապետին շնորհած առաքելական օրհնութեամբ։

Այս տարի Քովիտ 19 համաճարակի պատճառաւ ստեղծուած առողջապահական արտակարգ իրավիճակի բերումով Կարդինալական տիտղոսի տուչութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ մասնակցողներու սահմանափակ թիւով։ Արդարեւ չեղեալ կը նկատուին նաեւ տուչութեան արարողութենէն ետք ընդհանրապէս նախատեսուած ընդունելութիւնները։

Առողջապահական արտակարգ դրութիւններու սահմանափակումները կ՛ընդգրկեն նաեւ Կարդինալական դասը։ Անոնցմէ շատերը պիտի չի կարենան ժամանել Հռոմ ու արարողութեան պիտի մասնակցին առցանց միացումով։

Մինչ 13 կարդինալներէն երկուքը այսինքն Գերապայծառ Քորնելիուս Սիմը Պրունէյի առաքելական փոխանորդ եւ գերապայծառ Խօսէ Ատվինքուլա Ֆիլիփինեան կղզեխումբի Քափիզ թեմին Արքեպիսկոպոսը պիտի չի կարողանան մասնակցիլ հաւատքին ի տես «առողջապահական ծանր իրավիճակին», ու կարդինալական տիտղոսը պիտի ընդունին Քահանայապետի ներկայացուցիչի մը կողմէ։

Կարդինալական դասի պատմութիւնը ունի 900 տարուայ կեանք։ Առաջին դարերուն անոնց թիւը 30 էր։ Ապա 1586-ին Սիքստոս Ե Պապը այդ թիւը բարձրացուց 70-ի։ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետը կարդինալական տիտղոսի տուչութիւնը ընդլայնեց անոր տալով տիեզերական բնոյթ ու թիւը հասցուց 82-ի։ Պօղոս Զ շարունակելով իր նախորդին գործը ստեղծեց 143 նոր կարդինալներ զանոնք ընտրելով աշխարհի տարբեր վայրերէն։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետը հուսկ աւելիով շեշտեց կարդինալական դասի մաս կազմող կարդինալներու տիեզերականութիւնը ստեղծելով 231 կարդինալներ որոնցմէ 16ն տակաւին այսօր Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ են։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2020, 09:29