Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ճօ Պայտըն (Ապրիլ 2016) Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ճօ Պայտըն (Ապրիլ 2016) 

Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ճօ Պայտընի միջեւ հեռաձայնային զրոյց

Լուրը հաստատեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի տնօրէնը։ Զրոյցը կը յաջորդէ Միացեալ Նահանգներու Եպիսկոպոսներուն Պայտընին ուղղած բարեմաղթական պատգամին։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Հինգշաբթի 12 Նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ճօ Պայտընի հետ։ Լուրը կը հաստատէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունին։

Քահանայապետին այս զրոյցը կը յաջորդէ Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսներուն բարեմաղթական պատգամին, ուղղուած՝ Ժոն Քենետիէն ետք  երկրին նշանակեալ երկրորդ կաթողիկէ նախագահին։

 Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ,  օրհնեալ ազատութեան համար, հաստատեց եպիսկոպոսեան համահաւաք դասի նախագահ Լոս Անճելըսի առաջնորդ  գերապայծառ Խոսէ Կոմէս,  մաղթանք յայտնելով որ Ամերիկացի ժողովուրդին կատարած ընտրութենէն ետք երկրին ղեկավարները միանան ազգային միասնութեան հոգիով ու տրամադիր ըլլան երկխօսութեան եւ յանձնառումին ի սպաս հասարակաց բարիքին։

«Որպէս Կաթողիկէներ եւ Ամերիկացիներ մեր առաջնահերթութիւնն ու առաքելութիւնը յստակ են։ Մենք այստեղ ենք հետեւելու համար Յիսուս Քրիստոսին, վկայելու Անոր սէրը մեր կեանքէն ներս եւ կառուցելու Անոր թագաւորութիւնը երկրի վրայ» նշեց  գերապայծառ Կոմէսը ընդգծելով թէ կաթողիկէներու պարտականութիւնն է ըլլալ  խաղաղութեան գործիչներ, եղբայրութեան եւ փոխադարձ վստահութեան խթանողներ։

Գերապայծառ Կոմէսի ստորագրութիւնը կրող Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսներուն պատգամը կ՛աւարտէր Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը հայցող աղերսով մը. Թող Սուրբ  Կոյսը մեզ օգնէ աշխատելու միացած՝ իրականացնելու համար Միացեալ Նահանգներու հիմնադիրներուն եւ առաքեալներուն տեսլականը. Աստուծոյ ներքոյ ազգ մը  ուր կը պաշտպանուի ամէն մէկ կեանքի սրբութիւնը եւ կ՛երաշխաւորուի մտքի եւ կրօնի ազատութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2020, 08:11