Սրբուհի Քաթրին Լապուրէի յայտնութիւններու 190 ամեակին մետալին կերպարը Սրբուհի Քաթրին Լապուրէի յայտնութիւններու 190 ամեակին մետալին կերպարը 

Սրբուհի Քաթրին Լապուրէի յայտնութիւններու 190 ամեակին առթիւ Քահանայապետը կ՛օրհնէ Տիրամօր հրաշագործ մետալի կերպարը։

«Սփոփանքի, յոյսի եւ հաւատքի նոր ժեստ մը տագնապէն տանջուած մարդկութեան համար»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ չորեքշաբթի 11 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ պիտի օրհնէ Սուրբ Կոյս Մարիամ Անարատ Յղացեալի հրաշագործ մետալի սրբազան կերպարը, Սուրբ Վէնսան Տը Փոլի գթութեան քոյրերու միաբանութեան երիտասարդ անդամ Սրբուհի Քաթրին Լապուրէի յայտնութիւններուն 190 ամեակին առիթով։

«Սփոփանքի, յոյսի եւ հաւատքի նոր ժեստ մը տագնապէն տանջուած մարդկութեան համար» ինչպէս կը նշէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը։

Արարողութեան ներկայ պիտի գտնուին Միաբանութեան Մեծաւորը եւ յոբելեանի առթիւ մարեմեան  ուխտագնացութիւնը կազմակերպող փոքր պատուիրակութիւն մը, որ ապա պիտի շրջի Իտալիոյ տարածքին գտնուող  միաբանութեան զանազան վանքերն ու հաստատութիւնները։

Վինչենցեան միաբանութիւնը կը նշէ թէ ուխտագնացութիւնը կեանքի կոչուեցաւ որպէս «Աստուծոյ ողորմած սիրոյ աւետիսի ուղեւորութիւն», աշխարհի ապրած այս դժուար կացութեան ընթացքին Քովիտ19 համաճարակին պատճառաւ ու համաշխարհային գետնի վրայ տեղի ունեցող լարուածութիւններուն հետեւանքով։

Նշենք թէ 1830-ի 18 - 19 յուլիսը լուսցնող գիշերը  Երիտասարդ Քաթրին Լապուրէն տեսիլք մը ունեցաւ հանդիպելով  Սուրբ Կոյսին որ անոր ըսաւ. Ժամանակները շատ տխուր են։ Դժբախտութիւնները պիտի հարուածեն Ֆրանսան: Համայն աշխարհը պիտի ցնցուի ամէն տեսակի աղէտներէ: Բայց դուն եկուր այս խորանի մօտ,  այստեղ շնորհները պիտի տարածուին բոլոր այն մարդոց վրայ, որոնք վստահօրէն և ջերմեռանդօրեն պիտի հայցեն զանոնք ... Ես միշտ հսկեցի ձեր վրայ».

Ապա 27 նոյեմբեր 1830-ին  Քաթրին Լապուրէն դարձեալ տեսաւ Սուրբ Կոյսը որ ձեռքը բռնած էր փոքրիկ գնդաձեւ իր մը, որ կը ներկայացնէ մարդկութիւնը. Հիացած անոր գեղեցկութեամբ որոշեց ստեղծել մետալ մը, զոր բոլոր անոնք  որ զայն պիտի կրեն պիտի ընդունին մեծ շնորհքներ։  Եւ ահա այս մետալին կերպարն է զոր Նորին Սրբութիւնը պիտի օրհնէ յառաջիկայ 11 Նոյեմբերին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2020, 10:19