«Վերջին դատաստանի օրը՝ պիտի դատուինք սիրոյ հիման վրայ». Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Հայցենք Սուրբ Կոյս Մարիամէն, որ մեզի սորվեցնէ թագաւորել ծառայելով։ Անորմէ սորվինք այժմէն իսկ մուտք գործել Աստուծոյ Արքայութիւն, վեհանձն եւ հլու ծառայութեան դուրէն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս. Այսօր կը յիշատակենք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Թագաւոր Տիեզերքի տօնը, որով կը փակուի ծիսական տարին եւ որուն առթիւ կը ներկայացուի վերջին դատաստանին առակը»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կիրակի 22 նոյեմբերի կէսօրին սկիզբ տուաւ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան  աղօթքի խորհրդածութեան։

Քրիստոս «Ալֆան եւ Օմեկան» է, ըսաւ Սրբազան Պապը,  ան պատմութեան սկիզբն ու վերջն եւ այսօրուայ ծիսակատարութիւնը կը կեդրոնանալ Օմեկային վրայ, այսինքն վերջին  նպատակին վրայ։ Այսօրուայ Աւետարանը (Մատթ. 25, 31 -46) կը յայտնէ Յիսուսը, զոր մարդոցմէ պիտի դատապարտուի, որպէս գերագոյն դատաւոր։ Ան իր մահով եւ յարութեամբ պիտի յայտնուի որպէս պատմութեան Տէրը, Տիեզերքի թագաւորը, բոլորին դատաւորը։

Բայց քրիստոնէական  ըմբռնումը այն է, որ Դատաւորը չունի վախցնող թագաւորական իրաւունք, այլ կը ներկայանայ  որպէս  հովիւ ՝ լի հեզութեամբ և ողորմութեամբ:

Յիսուս արդարեւ այս վերջին դատաստանի առակին մէջ կը ներկայանայ որպէս Բարի Հովիւը ու ինքզինք կը նոյնացնէ ոչ միայն թագաւոր հովիւի հետ այլ նաեւ կորսուած ոչխարներուն հետ, այսինքն աւելի տկար ու կարիքաւոր եղբայրներուն հետ։ Ան ապա ցոյց կու տայ դատաստանի չափանիշը. Անիկա հիմնուած է շօշափելի սիրոյ վրայ, պարգեւուած կամ ժխտուած սիրոյ վրայ, որովհետեւ նոյնինք ինքը դատաւորը ներկայ է իւրաքանչիւր մարդու մէջ։

Յիսուս կ՛ըսէ ճշմարիտ ճշմարիտ կ ըսեմ ձեզի, որովհետեւ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն չօգնեցիք, ինծի օգնած չեղաք»։ Մենք առ այդ պիտի դատուինք սիրոյ հիման վրայ։ Ոչ թէ սիրոյ զգացումին հիման վրայ ո՛չ, այլ գործերու, գթութեան հիման վրայ որ կը դառնայ մօտիկութիւն եւ հոգատար օգնութիւն։

Տէրը ուրեմն վերջին դատաստանի օրը մեզ պիտի դատէ ոչ միայն մեր հովիւներու գործունէութեան համար այլ նաեւ ոչխարներու նկատմամբ մեր գործերուն համար։ 

Յիշենք Բարի Սամարացիին առակը։ Այս խեղճ մարդը, թիրախ աւազակներուն, ճամբուն եզրին, մինակ։ Մենք ալ անտարբեր ենք ու կ՛անցնինք եւ առաջ կ՛երթանք մեր ճամբով։ Յիսուս ներկայ է կարիքաւորներուն մէջ։ Ան արդարեւ կ՛ըսէ այն բարիքները  որ կը կատարէք ուրիշներուն ինծի կը կատարէք իսկ այն բաները որոնք չէք կատարեր ուրիշներուն ինծի չ՛ըրիք, որովհետեւ ես այնտեղ ներկայ էի։ Թող Յիսուս մեզի սորվեցնէ այս տրամաբանութիւնը, այս մերձակցութեան տրամաբանութիւնը, իրեն մօտենալու սիրով, տառապողներու անձին միջոցաւ։

Հայցենք Սուրբ Կոյս Մարիամէն, որ մեզի սորվեցնէ թագաւորել ծառայելով։ Ան արդարեւ Երկինք վերափոխումով իր Զաւկէն ընդուեց թագաւորական պսակը, որովհետեւ սիրոյ ճանապարհին վրայ անոր հետեւեցաւ հաւատարմութեամբ։ Անորմէ սորվինք այժմէն իսկ մուտք գործել Աստուծոյ Արքայութիւն, վեհանձն եւ հլու ծառայութեան դուրէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2020, 12:08