Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Յիսուս աղօթքով բացաւ երկնքի դռները». Ֆրանչիսկոս Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Նոյնիսկ եթէ բոլորէն մերժուած ըլլանք, ըլլանք ամենածանր յանցանքներով մեղաւորներ, Հօր խօսքերը պիտի հնչեն մեզի համար։ Յիսուս Յորդանան գետ չ՛իջաւ իրեն համար, այլ մեզի բոլորիս համար
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 28 հոկտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առթիւ շարունակեց ներկայացնել աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւններու շարքը խօսելով Յիսուսի աղօթքի մասին՝ Յիսուս աղօթքի մարդ բնաբանով։

«Տիկին» Քովիտին պատճառաւ յարգել ընկերային հեռաւորութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը սկիզբ տալով խորհրդածութեան ըսաւ, այսօր եւս ինչպէս նախորդ ունկնդրութիւններուն առթիւ, ես այստեղ պիտի մնամ։ Շատ կը փափաքէի վար իջնել ու ձեզ ողջունել մի առ մի, սակայն պէտք է պահպանենք հեռաւորութիւնը, որովհետեւ եթէ ես ձեր մօտ գամ տեղի կ՛ունենայ հաւաքոյթ եւ այս մէկը հակառակ է նախազգուշացումներուն զոր պէտք է յարգենք այս «տիկնոջ» դիմաց, որուն անունն է Քքովիտ ու մեծապէս վնասակար է։ Ասոր համար ներեցէք ինծի։ Ձեզ կ՛ողջունեմ այստեղէն ու ձեզ բոլորդ կը կրեմ սրտիս մէջ։ Դուք ալ զիս կրեցէք ձեր սրտին մէջ եւ աղօթեցէք ինծի համար։ Շնորհակալութիւն ձեր հասկացողութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Պապը  հուսկ խորհրդածութիւնը ներկայացուց ըսելով.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, աղօթքի մասին մեր խորհրդածութիւններու ուղեւորութեան մէջ, անդրադառնալէ ետք հին կտակարանին, այժմ կը հասնինք Յիսուսին ու այդ ուղեւորութիւնը կը շարունակենք Յիսուսին մկրտութեան դրուագով։

Յիսուս ապաշխարածներու միջեւ զօրակից մեր մարդկային իրավիճակին հետ։ 

Յիսուսի առաքելութեան սկիզբը Յորդանան գետին մէջ  տեղի կ՛ունենայ անոր մկրտութիւնը։ Աւետարանիչները այդ դէպքին ակնարկելով կը պատմեն թէ ինչպէս համայն ժողովուրդը համախմբուած էր աղօթքի մէջ։

Յիսուսի առաջին հանրային արարքը ուրեմն եղաւ անոր մասնակցութիւնը ժողովուրդի խմբային աղօթքի մը, ապաշխարութեան աղօթք մը,  ուր բոլորը իրենք զիրենք կը ճանչնան որպէս մեղաւորներ։

Ասոր համար է որ Յովհաննէս Մկրտիչ կը հակառակի եւ Յիսուսին կ՛ըսէ «ես կարիքը ունիմ մկրտուելու քեզմէ եւ դուն ինծի կու գա՞ս» (Մատթէոս 3, 14)։ Բայց Յիսուս կը պնդէ, որովհետեւ իրը Աստուծոյ կամքին հնազանդութեան արարք մըն է, զօրակցութեան արարք մը, մեր մարդկային իրավիճակին հետ։

Յիսուս մեզի համար կը բանայ ճեղք մը դէպի Հայրը

Ան կ՛աղօթէ Աստուծոյ ժողովուրդի մեղաւորներուն հետ միասին։ Ան հեռու չի մնար այլ կը մխրճուի բիւրեղացումի նոյն ջուրերուն մէջ։

Յիսուս արդարեւ հեռու Աստուած մը չէ։  Իր առաքելութիւնը սկսելով ան կը կանգնի ապաշխարած ժողովուրդին գլուխը, յանձն առնելով բանալ ճեղք մը, որուն միջոցաւ բոլորս իրմէ ետք քաջութիւնը պէտք է ունենանք անցնելու անոր մէջէն։

Յիսուս եկած է բոլորի համար։ 

Յորդանան գետին շուրջ այդ օր ներկայ էր համայն մարդկութիւնը։ Ներկայ էր յատկապէս մեղաւորներու ժողովուրդը, անոնք որոնք կը մտածէին թէ սիրուած չեն Աստուծմէ։ Յիսուս սակայն եկաւ բոլորի համար ու ահա առաքելութիւնը կը սկսի միանալով այս վերջիններուն։

Ղուկաս աւետարանիչը ի յայտ կը դնէ աղօթքի մթնոլորտը որուն մէջ տեղի ունեցաւ Յիսուսին մկրտութիւնը։ «Ամբողջ ժողովուրդը մկրտուեցաւ. Յիսուս ալ մկրտուեցաւ, ու երբ կ՚աղօթէր՝ երկինքը բացուեցաւ» (Ղուկաս 3, 21)։

Աղօթելով է որ Յիսուս բացաւ երկինքին դռները ու այնտեղէն իջաւ Սուրբ Հոգին, եւ երկնքէն ձայն մը աղաղակեց. «ահա իմ սիրելի որդին, որուն ես հաճեցայ»

Այս պարզ նախադասութիւնը իր մէջ կը պարփակէ հսկայական գանձ մը. Մեզի հասկցնել տալով թէ Յիսուս ու անոր սիրտը միշտ ուղղուած են Աստուծոյ։  Ահա այս է Յիսուսին եզակի աղօթքին մեծութիւնը. Սուրբ Հոգին կը տիրէ անոր անձին վրայ ու Հօր ձայնը կը վկայէ թէ ինք սիրուածն է, Որդին՝ որուն մէջ ան լիովին կ՛արտացոլայ։

Յիսուսին աղօթքը պարգեւ բոլոր մկրտուածներուն՝ Հօր հետ սիրոյ երկխօսութիւն։ 

Յիսուսին այս աղօթքը Պենտեկոստէի օրը շնորհքի միջոցաւ  կը դառնայ աղօթք բոլոր Քրիստոսին մէջ մկրտուածներուն համար։ Նոյնինքն Քրիստոսն է՝ որ մեզի համար ձեռք բերաւ այդ պարգեւը, ու մեզ կը հրաւիրէ աղօթել այնպէս ինչպէս ինք կ՛աղօթէր։

Այսպէսով կեանքին խաւար պահերուն պէտք է խնդրենք՝ որ Յիսուսին աղօթքը մերը դառնայ։ Այդ պահուն պիտի լսենք երկնքէն ձայն մը, որ մեզի քնքշութեամբ պիտի ըսէ «Դուն սիրուած ես Աստուծմէ, դուն հօր զաւակն են եւ անոր ուրախութիւնը»։

Նոյնիսկ եթէ բոլորէն մերժուած ըլլանք, ըլլանք ամենածանր յանցանքներով մեղաւորներ, Հօր խօսքերը պիտի հնչեն մեզի համար։ Յիսուս Յորդանան գետ չ՛իջաւ իրեն համար, այլ մեզի բոլորիս համար։ Ան բացաւ երկինքը ինչպէս Մովսէս բացաւ Կարմիր ծովուն ջուրերը, որպէսզի բոլորս կարողանանք անցնիլ Անոր ետեւէն։

Յիսուս մեզի նուիրեց իր աղօթքը, որ անոր սիրոյ երկխօսութիւնն է Հօր հետ։ Զայն մեզի պարգեւեց որպէս Երրորդութեան սերմ մը, որ կ՛ուզէ արմատ դնել մեր սրտին մէջ։ Ընկալենք զայն։ Ընկալենք այդ պարգեւը, աղօթքի պարգեւը։ Միշտ Յիսուսին հետ։ Եւ երբեք պիտի չի սխալինք։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2020, 09:22