«Ասսիզիի հոգին» 34 տարիներ առաջ, վասն խաղաղութեան աղօթքի միջկրօնական պատմական հանդիպումը։

«Ժամն է քաջութեամբ երազելու, թէ խաղաղութիւնը կարելի է, թէ խաղաղութիւնը անհրաժեշտ է, թէ առանց պատերազմի աշխարհ մը ցնորք մը չէ։ Ասոր համար կ՛ուզենք անգամ մը եւս ըսել. «Ոչ երբեք պատերազմ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

27 հոկտեմբեր 1986-էն ահա անցած են 34 տարներ։ Պատմական թուական մը, որ կը յատկանշէ պատմական իւրայատուկ իրադարձութիւն, երբ աշխարհի բոլոր կրօններու ներկայացուցիչները Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի հրաւէրով միասնաբար համախմբուեցան Ասսիզիի մէջ աղօթելու աշխարհի խաղաղութեան համար։ Այդ օրէն սկսեալ ամէն տարուայ 27 հոկտեմբերին Ասսիզիի Հոգին կը վերանորոգուի խաղաղութեան ի նպաստ աղօթքի նոր ձեռնարկներով եւ իղձերով ու ճիշդ այդ հոգիով է որ անցեալ 20 հոկտեմբերին Հռոմի քաղաքապետարանի «Campidoglio» հրապարակին վրայ  կայացաւ կրօններու խաղաղութեան համար աղօթքի միջազգային հանդիպումը, կազմակերպուած  Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան նախաձեռնութեամբ «Ոչ մէկը կը փրկուի առանցին. Եղբայրութիւն եւ խաղաղութիւն», բնաբանով

1986-ի յիշարժան թուականին առիթով Ասսիզիի թեմէն ներս կազմակերպուած են այլ երկու ձեռնարկներ, որոնց ուղեցոյցը պիտի հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակած վերջին շրջաբերականը հայող եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան, զոր Նորին Սրբութիւնը ստորագրեց Ասսիզիի սրբավայրին մէջ, Սուրբ Ֆրանչիսկոսի դամբանին վրայ։

Ձեռնարկներէն առաջինը տեղի կ՛ունենայ առաւօտեան «Բոլորս եղբայրներ. կրօնները ի ծառայութիւն աշխարհի մէջ եղբայրութեան» բնաբանով որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աշխարհի զանազան վայրերէն առցանց կապով կապուած երիտասարդներ, իսկ յետմիջօրէին «Santa Maria degli Angeli» (Հրեշտակներու Սրբուհի Մարիամ) պազիլքիայի «Porziuncola»ի մէջ տեղի կ՛ունենայ խաղաղութեան համար միջկրօնական աղօթքը։

Անցեալ 20 հոկտեմբերին  Հռոմի մէջ տեղի ունեցած «խաղաղութեան համար միջ-կրօնական աղօթքի» հանդիպումին առթիւ իր ուղղած ճառն մէջ Սրբազան Պապը ի մէջ այլոց հաստատած էր թէ «Աշխարհը այսօր բոցավառ ծարաւն ունի խաղաղութեան»։

«Խաղաղութեան պատուիրանը դրոշմուած է կրօններու աւանդութիւններու սրտին մէջ» ըսած էր էր միշտ այդ առթիւ  Ֆրանչիսկոս Պապը եւ զգուշացուցած էր պատերազմի չարիքներուն «ընտելանալու» վտանգէն, նկատել տալով թէ «Խաղաղութիւնը պէտք է  ըլլայ որեւէ քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնը» ու  թէ «Աստուած հաշիւ պիտի պահանջէ ասոր համար, անորմէ՝ որ չի փնտռեց խաղաղութիւնը ու կամ հրահրեց հակամարտութիւն եւ լարուածութիւն»։

Ակնարկելով հուսկ Սուրբ Պօղոս Զ Պապի 1965-ին ՄԱԿ-ի մէջ արձագանգած «Այլեւս ոչ երբեք պատերազմ» բացագանչումին, Սրբազան Քահանայապետը շեշտած էր թէ «այս է նաեւ մեր  բոլորիս, բարի կամք ունեցող մարդոց ու կիներուն աղերսը։ Երազն է այս բոլոր անոնց, որոնք կը փնտռեն խաղաղութիւնը ու խաղաղութեան արհեստաւորներ են, որոնք քաջ տեղեակ են թէ «իւրաքանչիւր պատերազմ աշխարհը աւելի վատ կը թողու քան ինչպէս զայն գտած էր (FT, 261)» ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը։

20 հոկտեմբերի ձեռնարկի աւարտին, հանդիպումին մասնակցող  բոլոր կրօններու ներկայացուցիչները ստորագրեցին Խաղաղութեան Կոչը, որուն մէջ ի մէջ այլոց գրուած է «Այսօր անորոշութեան այս ժամանակահատուածին մէջ ու ցնցուած Քովիտ 19 համաճարակի հետեւանքներէն, որ կը սպառնայ խաղաղութեան, աճեցնելով անհաւասարութիւնն ու վախերը, ուժեղ կերպով կ՛ըսենք. «ոչ մէկը կարող է փրկուիլ առանցին, ոչ մէկ ազգ, ոչ մէկը»։  

«Ժամն է քաջութեամբ երազելու, թէ խաղաղութիւնը կարելի է, թէ խաղաղութիւնը անհրաժեշտ է, թէ առանց  պատերազմի աշխարհ մը ցնորք մը չէ։ Ասոր համար կ՛ուզենք անգամ մը եւս ըսել. «Ոչ երբեք պատերազմ» շեշտուած էր միշտ Խաղաղութեան կոչին մէջ, ուր նաեւ հաստատուած էր թէ «պատերազմը քաղաքականութեան եւ մարդկութեան ձախողութիւնն է»։

«Ժամանակը եկած է զէնքի արտադրութեան համար օգտագործուած միջոցները գործածել ընտրելու համար կեանքը, ու բուժել մարդկութիւնը եւ մեր հասարակաց տունը… Բոլոր հաւատացեալներուն եւ բարի կամք ունեցող մարդոց ու կիներուն կ՛ըսենք. ստեղծագործութեամբ դառնանք խաղաղութեան արհեստաւորներ, կառուցենք ընկերային բարեկամութիւն, մերը դարձնենք  երկխօսութեան մշակոյթը։ Աշխարհի եւ պատմութեան անարդարութիւնները կը բուժուին ոչ թէ ատելութեամբ ու ոխով այլ երկխօսութեամբ եւ ներումով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2020, 10:09